Թերթիս հիմնադիր եւ հրատարակութեան ընդհանուր տնօրէն Հրանդ Տինք, սպանութեան 18-րդ տարելիցին առթիւ, ոգեկոչուեցաւ իր նահատակութեան վայրին՝ «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան առջեւ։ Այս տարի եւս կայացած ոգեկոչման հանդէսին մասնակցեցաւ ստուար բազմութիւն մը։ Տարուան յիշատակութեան խօսքը արտասանեց Հրանդ Տինքի բարեկամներէն Թագուհի Թովմասեան։ Թովմասեան. «Ի՞նչ էր Հրանդ Տինքի մեղքը։ Կասկածի տեղ չկայ։ Մարդասիրութիւնը ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու, խօսքի ազատութեան հանդէպ հաւատքը եւ աւելին՝ երկու ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան հաստատումը եւ Հայաստան-Թուրքիա սահմանին բացումը ցանկանալը։ Այդ բոլորին վրայ մէյմնալ իբրեւ Աստուածատուր շնորհք, խօսակիցները համոզելու կարողութիւնը» ըսաւ։
Բացի Թագուհի Թովմասեանի ելոյթէն, «Ակօս» թերթի նախկին խմբագրատան պատշգամբէն հաղորդուեցաւ երկու շատ արժէքաւոր քաղբանտարկեալներու՝ Օսման Քաւալայի եւ Չիղտեմ Մաթէրի այս միջոցառման համար գրի առած պատգամները։ Այս ընթերցումները եւս մեծ ոգեւորութամբ դիմաւորուեցան խմբագրատան առջեւ մէկտեղուած բազմահազար ժողովուրդի կողմէ։
Թերթիս նախորդ համարով ալ նշած էինք թէ այս տարի եւս զանազան կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած է բազում միջոցառումներ, երկրի տարբեր քաղաքներու եւ աշխարհի զանազան վայրերու մէջ։
Անոնք երբեմն շատ համեստ մասնակցութեամբ, հազիւ քանի մը տասնեակ մարդկանց ներկայութիւնով կայացան, երբեմն ալ քաղաքներու հրապարակներու վրայ մէկտեղեցին զանգուածային մասնակցութիւն։ Կարեւորն այն էր որ ոչ մէկ քաղաք անմասն չէր մնացած Հրանդ Տինքը յիշատակելու, անոր անձին մէջ անարդարութեան ենթարկուածներու հետ զօրակցելու արշաւէն։
Օրինակի համար թերթիս աշխատակից Վարդան Էսդուգեան Գերմանիոյ Լայփցիկ քաղաքի սրճարաններէն մէկուն մէջ հազիւ թէ 50 հոգիի հասնող լսարանին կը պատմէր Հրանդ Տինքի հետ աշխատած օրերու յիշատակները։
Միւս կողմէ Բագրատ Էսդուգեան Տաթչա գաւառի մէջ շատ աւելի բազմամարդ լսարանին կը փոխանցէր Հրանդ Տինքի մարդասիրական յատկանիշները։ «Ազգասէրութիւնը վտանգաւոր գաղափար է։ Ազգասէրը իր ազգը վեր առնելու համար կարիք կը զգայ մի ուրիշը նուազդացնելու։ Իսկ հայրենասէրը կը սիրէ իր հայրենիքը, այդ հայրենիքի վրայ բնակուող բոլոր մարդկանց հետ միասին»։
Բագրատ Էսդուգեան իր ելոյթը եզրափակեց նշելով թէ ոչ մէկ ազգի դէմ ատելութիւն ունի, միայն կ՚ատէ թշնամութիւն եւ ոխ սնուցող գաղափարները։
Հրանդ Տինքի յիշատակին ձօնուած միջոցառումներու միայն մէկ մասն է, որ կը հասնի «Ակօս»ի լրահոսի։ Այսպէս տեղեակ ենք իր ծննդավայր քաղաքի՝ Մալաթիոյ մէջ վերջին երկրաշարժի ընթացքին փլած տան առջեւ կայացած մէկտեղումէն։ Դարձեալ բարեկամներ տեղեակ պահած են Անգարայի մէջ կատարուած հանրահաւաքները։ Զմիւռնիա եւս անմասն չէ մնացած միջոցառումներու շարքէն։
Պարտինք նշել թէ բացի փողոցային յիշատակման հանդէսներէն, զանազան հեռուստակայաններ կամ առցանց հաղորդումներ յատուկ ծրագիրներ մշակած են Հրանդ Տինքի յիշատակման համար։
Ինչպէս վերեւ ալ նշած ենք, երկրի քաղաքական միջավայրը չի թողուր որ մարդիկ տարիներու հոլովոյթով յոգնին եւ պարզապէս ձանձրանան նահատակուած լրագրողի մը յիշատակումէն։ Հրանդ Տինքի սպանութեան տանող միջավայրը ընդմիշտ առկայ է եւ ժողովուրդը Հրանդ Տինքի անձին մէջ այդ միջավայրի դէմ է որ իր առարկութիւնը կը ներկայացնէ նշաբան ունենալով Տինքը։