«Հալք ԹՎ»ի լրագրողները բերման ենթարկուեցան

Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան դաշ­տը հետզհե­տէ կը լա­րուի անսպա­սելի ձեր­բա­կալու­թիւննե­րով կամ պաշ­տօ­նան­կութեան լու­րե­րով։

Այս թո­ւի վեր­ջին զար­գա­ցումներ տե­ղի ու­նե­ցան 28 Յու­նո­ւարին, երբ «Հալք ԹՎ» հե­ռուստա­կայա­նի երեք լրագ­րողներ յան­կարծա­կիօրէն բեր­ման են­թարկո­ւեցան։

Պաշ­տօ­նական յայ­տա­րարու­թեան հա­մաձայն անոնք ոչ թէ բեր­ման են­թարկուած, այլ յայտ ներ­կա­յաց­նե­լու հրա­ւիրո­ւած էին։ Պաշ­տօ­նական բա­ցատ­րութիւ­նը որ­քան ալ այսպէս նկա­րագ­րո­ւի, կա­տարո­ւածը պար­զա­պէս բեր­ման են­թարկել էր, քա­նի որ երեք լրագ­րողնե­րը իրենց աշ­խա­տած վայ­րե­րէն կամ բնա­կարան­նե­րէն ոս­տի­կան­նե­րու հսկո­ղու­թեամբ փո­խադ­րո­ւեցան Անվտան­գութեան Ծա­ռայու­թեան շէն­քը։

Ամ­բողջ գի­շերը այնտեղ անցնե­լէ ետք յա­ջորդ օր երեքն ալ ու­ղարկո­ւեցան դա­տախա­զու­թեան։ Երբ անոնք ոս­տի­կանակ խցի­կի մը մէջ կը սպա­սէին, դուրսը ար­դէն գո­յացած էր բո­ղոքող­նե­րու բազ­մութիւն մը, որ կ՚առար­կէր կա­տարո­ւած անի­րաւու­թեան։ Գի­տենք թէ յայտ ներ­կա­յաց­նե­լու կա­նոնին հա­մաձայն են­թա­կան հրա­ւէր կը ստա­նայ Դա­տախա­զու­թեան ան­ձամբ ներ­կա­յանա­լու հա­մար։

Նոյն օր յայտնի դար­ձաւ թէ պաշ­տօ­նանկ եղած է Սղեր­տի քա­ղաքա­պետը եւ իր պաշ­տօ­նը պի­տի փո­խան­ցո­ւի նշա­նակո­ւած տե­ղապա­հի մը։

Տա­կաւին յի­շողու­թիւննե­րու մէջ թարմ է Այ­շէ Պա­րըմի դէպ­քը։ Վեր­ջինս մե­ղադ­րո­ւած էր սե­րիալ ֆիլ­մե­րու բնա­գաւա­ռին մէջ մե­նաշ­նորհեալ դիրք կազ­մե­լու պատ­ճա­ռաւ։ Երբ յայտնի եղաւ որ այդ մե­ղադ­րանքով կա­տարո­ւած ամ­բաստա­նու­թիւնը օրի­նական հիմք չու­նի իս­կոյն ձե­ւաւո­րուե­ցաւ նոր մե­ղադ­րանք մը։ Ան այս ան­գամ կը հար­ցաքննո­ւէր մօտ 12 տա­րիներ առաջ «Կե­զի»ի ապստամ­բութեան մաս­նակցե­լու եւ իշ­խող կա­ռավա­րու­թիւնը կոր­ծա­նելու յան­ցանքով։ Վեր­ջա­պէս Այ­շէ Պա­րըմ շա­տերուն հա­մար ծի­ծաղե­լի թո­ւացող այս մե­ղադ­րանքնե­րով ձեր­բա­կալո­ւեցաւ եւ դրո­ւեցաւ կա­լան­քի տակ։

Շա­տեր հա­մաձայն են թէ Այ­շէ Պա­րըմի ձեր­բա­կալու­թիւնը կան­խաւ որո­շուած է եւ կը կա­րօտէր միայն ձե­ւական գոր­ծե­րու։ Նոյ­նիսկ այդ ձե­ւակա­նը չի­րակա­նացաւ, քա­նի որ Պա­րըմի վե­րագ­րո­ւած յան­ցա­գոր­ծութիւ­նը հաս­տա­տող վկայ մը չէ գտնո­ւած։ Բո­լոր դե­րասան­նե­րը՝ որոնք հրա­ւիրո­ւած էին վկա­յու­թիւն բե­րելու յստա­կօրէն նշե­ցին թէ իրենց կամ­քով մաս­նակցած են «Կե­զի»ի ապստամ­բութեան եւ Պա­րըմ եր­բեք չէր թե­լադ­րած նման բան։

Հա­սարա­կու­թիւնը կը դժո­ւարա­նայ կա­ռավա­րու­թեան այս վար­գը մեկ­նա­բանե­լու, քա­նի որ նոյն օրե­րուն կը շա­րու­նա­կուի նաեւ Իմ­րա­լը կղզիի բան­տարկեալ Էօճա­նալա­նի հետ բա­նակ­ցութիւննե­րը։

Իշ­խա­նու­թիւնը կը պա­հան­ջէ որ Էօճա­լան յայ­տա­րարէ իր հիմ­նած Քիւրտիս­տա­նի Բա­նուո­րական Կու­սակցու­թեան լու­ծարկու­մը։

Իս­կա­պէս դժո­ւար ըն­կա­լելի շրջան մը կ՚ապ­րինք, ուր քա­ղաքա­կան եւ ըն­կե­րային նիւ­թե­րով զբա­ղող իւ­րա­քան­չիւր անձ մտա­հոգո­ւած է թէ ար­դեօք իր գլխուն ալ նման փոր­ձանք մը կը փաթ­թո­ւի՞։ Եթէ նկա­տի ու­նե­նանք վեր­ջին զար­գա­ցումնե­րը, ոչ ոք պի­տի յանդգնի ըսե­լու թէ այս մտա­վախու­թիւնը բո­լորո­վին ան­տե­ղի է։ Ու­րեմն շատ բնա­կան է որ մար­դիկ ան­պա­տաս­խան մնա­ցած այս հար­ցումնե­րու դի­մաց մատ­նո­ւին՝ «Տես­նենք թէ ինչ պի­տի ըլ­լայ»ի հո­գեբա­նու­թեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ