ԱՌՕՐԵԱՅ

ԱՌՕՐԵԱՅ Զինուորական հարուածը բեւեռացումի հետեւանք է

Թուրքիոյ հանրապետութեան պաշտօնական լրատու գործակալութիւնը «Անատոլու աժանս» հրապարակեց 15 Յուլիսի ձախողած յեղաշրջումի փորձէն ետք ձերբակալուածներու ցուցակը։ 27 Յուլիս թուակիր այս ցանկին համաձայն գնդապետ եւ աւելի ցած աստիճանակարգով սպաներուն թիւը հասած է 3 հազար 168-ի։ 143 զօրավարներէն դուրս 736 ռազմական վարժարանի ուսանողներ եւ 1181 շարքային զինուորներ եւս ձերբակալուած են։ Նոյն լրատուութեան մէջ կը նշուի 737 դատախազներու, 1348 դատաւորներու, 918 ոստիկաններու, 825 պետական վարչայիններու եւ ծառայողներու ձերբակալութիւնը։ Պետական հաստատութիւններուն մէջ պաշտօնավարող 47 հազար 188 պաշտօնեաներ հեռացուած են իրենց աշխատանքէն։ Անոնցմէ 42 հազար 767 կը գործէին կրթութեան նախարարութեան շարքերուն։ Կրօնից տեսչութեան անձնակազմէն ալ 1112 աշխատող պաշտօնազրկուած է։ «Անատոլու» գործակալութեան լրատուութիւնը կը փոխանցէ այս թուանշաններու համեմատական իմաստը։ Այսպէս յայտնի կը դառնայ, որ Թուրքիոյ բանակի զօրավարներուն մէկ երրորդը ձերբակալուած է։ Իսկ ամբողջ բանակայիններուն 1,5 տոկոսը արդէն բերման ենթարկուած։