ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Հացադուլ բեւեռացուած երկրի մէջ

Հացա­դու­լը անի­րաւուած մարդկանց ճա­րահատ աղա­ղակն է։ Ան որ անի­րաւու­թեան զոհ գա­ցած է եւ փակ են իր մատ­նուած անար­դա­րու­թեան դէմ բո­ղոքե­լու բո­լոր մի­ջոց­նե­րը ճա­րահա­տօրէն կը դի­մէ ինքնա­պատ­ժութեան։ Մարդ ինքզինք կը պատ­ժէ ո՛չ թէ հա­մոզուելով թէ յան­ցա­գործ է, այլ ընդ հա­կառա­կը հա­մոզուելով որ ինք ան­մեղ է, բայց հնա­րաւո­րու­թիւն չու­նի այդ ան­մե­ղու­թիւնը պար­զե­լու։

Այս շա­բաթ թեր­թի սիւ­նակնե­րուն մէջ կը հան­դի­պիք այս բնոյ­թով եր­կու ու­սուցիչ­նե­րու դի­մած հա­ցադու­լի լու­րին։ Այդ լու­րը բնա­կանա­բար տեղ չի գտներ իշ­խա­նու­թեան փո­ղը դար­ձած լրա­տուա­միջոց­նե­րու մէջ։ Իսկ եթէ յան­կարծ ձե­ւով մը սպրդի ու որ­պէս լուր տեղ գտնէ այդ տե­սակի թեր­թե­րէն մէ­կուն մէջ կը ստեղ­ծէ ակնկա­լուա­ծէն ընդ հա­կառակ ազ­դե­ցու­թիւն մը։ Հա­մացան­ցի վրայ կը շռայ­լուին ատե­լու­թեան ինչ-ինչ նա­խադա­սու­թիւններ։ Նշենք որ այս երե­ւոյ­թը սահ­մա­նուած չէ միայն մեր երկրով։ Ոխով ու ատե­լու­թեամբ լե­ցուն բո­լոր սրտե­րու մէջ հա­կառա­կոր­դիք այդ ճա­րահատ դի­մադ­րութիւ­նը կը բա­խի նոյն ատե­լու­թեան։ Բազ­մա­թիւ մեկ­նա­բանու­թիւններ մի առ մի լոյս կը տես­նեն ամե­նայն չա­րիք մաղ­թե­լով անի­րաւուածին։ Տա­կաւին մօտ ան­ցեալին էր, երբ Իս­րա­յէլի բան­տե­րուն մէջ հա­ցադու­լի դի­մող­նե­րուն իբ­րեւ թշնա­մու­թիւն խումբ մը մո­լեռանդ հրեաներ խո­րովա­ծի խրախ­ճանք սար­քե­ցին բան­տարկեալ­նե­րու խցիկ­նե­րուն մօտ։ Իսկ այդ բան­տե­րու անվտան­գութիւ­նը ապա­հովե­լու պաշ­տօ­նակո­չուած զի­նուոր­նե­րը փո­խանակ կան­խա­միջոց­նե­րու դի­մելու սի­րով մաս­նակցե­ցան մո­լեռանդնե­րու հիւ­րա­սիրու­թեան։ Բո­լորո­վին տխուր է այս նիւ­­թի մօտ պատ­­մութեան ան­­ցուդար­­ձե­­­րը։ Յի­­շենք որ նա­­խապէս Թուրքիոյ բան­­տե­­­րուն մէջ ծա­­ւալող եւ բան­­տարկեալ­­նե­­­րու կեն­­ցա­­­ղային պայ­­մաննե­­րուն բա­­րելա­­ւու­­մը պա­­հան­­ջող հա­­ցադու­­լե­­­րուն դէմ այդ օրուայ կա­­ռավա­­րու­­թիւնը դի­­մած էր շատ ծանր հա­­կազ­­դե­­­ցու­­թեան։ Զի­­նուոր­­նե­­­րով գրա­­ւած էին ար­­գե­­­լանոց­­նե­­­րը եւ տաս­­նեակ­­նե­­­րով մարդկանց մա­­հուան պատ­­ճառ դար­­ձած եւ ծի­­ծաղե­­լու նման այդ վայ­­րագ գոր­­ծո­­­ղու­­թիւնը կո­­չած էին «վե­­րադարձ դէ­­պի կեանք»։ Այ­­սօր եթէ հիմ­­նա­­­կանա­­պէս կը խօ­­սինք եր­­կու ու­­սուցիչ­­նե­­­րու դի­­մած հա­­ցադու­­լին շուրջ, պէտք չէ մոռ­­նալ որ այս նոյն ժա­­մերուն Թուրքիոյ տար­­բեր բան­­տե­­­րուն մէջ տա­­կաւին տաս­­նեակ­­ներ կը գտնուին նոյն դա­­ժան պայ­­մաննե­­րուն տակ։ Մար­­դուն մար­­դու դէմ գոր­­ծադրած չա­­րիքը ան­­սահման է։ Այդ ժա­­մանակ ալ գտնուած էին մար­­դիկ, որոնք յա­­մառօ­­րէն կը պնդէին թէ բան­­տարկեալ­­նե­­­րը գաղտնա­­գողի կը սնա­­նին։ Մարդկա­­յին զար­­գա­­­ցած միտքն է որ կա­­րեւո­­րու­­թիւն կ՚ըն­­ծա­­­յէ մար­­դու կեան­­քին։ Իսկ տգի­­տու­­թիւնը միշտ ոխե­­րիմ է։ Ան նոյ­­նիսկ պատ­­ճա­­­ռաբա­­նու­­թիւն ալ ու­­նի մար­­դու կեան­­քը ար­­ժեզրկե­­լու հա­­մար։ Վեր­­ջերս մա­­հապա­­տիժը վե­­րահաս­­տա­­­տելու մի­­տու­­մով կա­­տարուած ջան­­քե­­­րը պէտք է դի­­տել այդ տրա­­մադ­­րութեան մէջ։ Չէ՛ որ իս­­լա­­­մական իրա­­ւաբա­­նու­­թիւնը կը քա­­րոզէ փո­­խադար­­ձութեան սկզբունքով։ Մինչդեռ տա­­կաւին շա­­բաթ մը առաջ նշե­­ցինք այ­­սօ­­­րուայ հա­­մար ամ­­բողջո­­վին վի­­ճելի քա­­ղաքա­­կան նա­­խասի­­րու­­թեան մը հե­­տեւան­­քով կա­­խաղան ելած երկրի երեք ար­­ժէ­­­քաւոր զա­­ւակ­­նե­­­րու մա­­հուան տա­­րելի­­ցը։

Ետ դարձ չու­­նե­­­ցող, սրբագ­­րե­­­լու հնա­­րաւո­­րու­­թիւն չըն­­ծա­­­յող վճիռ մըն է մա­­հապա­­տիժը, որ­­մէ կը հրա­­ժարի ամ­­բողջ քա­­ղաքա­­կիրթ աշ­­խարհը։ Խնդրեմ ոեւէ մէ­­կը չփոր­­ձէ «բայց Ամե­­րիկա­­յի մէջ կը գոր­­ծադրուի» ըսե­­լու։ Մենք կը խօ­­սինք քա­­ղաքա­­կիրթ աշ­­խարհի մա­­սին։ Իսկ այն որ թղթադ­­րա­­­մին վրայ գրած է «մենք Աս­տուծոյ կը հա­ւատանք» դուրս է մեր ընդգծած սահ­մա­նու­մէն։

Նա­խապէս ալ բազ­միցս ըսած ենք Թուրքիա եւ Միացեալ Նա­հանգներ իրա­րու նմա­նող շատ երե­ւոյթներ ու­նին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ