Օհան Օձնեցին, Պաղտատի խալիֆան եւ Յունաց պատրիարքը

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Սբ. Յովհաննէս Գ. Օձնեցի Կաթողիկոսը Տաշրաց սեպ­հա­կանու­թեան մէջ մտնող Օձուն գիւ­ղից էր։ Նա հո­­վուա­­պետեց 11 տա­­րի՝ մեծ հռչակ բե­­րելով Հա­­յոց Եկե­­ղեցուն եւ իր վաս­­տա­­­կի հա­­մեմատ կո­­չուե­­լով Իմաս­­տա­­­սէր։ Ասո­­ղիկը Օձ­­նե­­­ցուն կը ներ­­կա­­­յաց­­ներ որ­­պէս տես­­քով յոյժ գե­­ղեցիկ, Կի­­րակոս Գան­­ձա­­­կեցին՝ վա­­յելուչ հա­­սակով, Յով­­հաննէս Դրաս­­խա­­­նակերտցին՝ թիկ­­նա­­­ւէտ, գու­­նեան, աւար­­տա­­­հասակ դի­­տակ ու­­նե­­­ցող, ով կը սի­­րէր շքեղ հագ­­նուել, ան­­գամ եկե­­ղեցու քա­­րերը գե­­ղեցիկ զար­­դե­­­րով պճնազ­­գեստել, սա­­կայն կեան­­քը անցկաց­­նէր աղօթքնե­­րով եւ պահ­­քով։

Հա­­յոց բա­­նահիւ­­սութեանը յայտնի են նրա կեան­­քի դրուագ­­նե­­­րի ժո­­ղովրդա­­կանա­­ցուած տար­­բե­­­րակ­­նե­­­րը։ Այս պատ­­մութիւննե­­րում Օձ­­նե­­­ցուն կը վե­­րագ­­րուեն զա­­նազան հրա­­շագոր­­ծութիւններ, որոնք եր­­բեմն մեզ կը յի­­շեց­­նեն աւե­­լի հին բա­­նահիւ­­սութեան մա­­սին։

Յայտնի է որ Օձ­­նե­­­ցին իր կեան­­քի ըն­­թացքին եղել էր խա­­լիֆա­­յի մօտ։ Իր հո­­վուա­­պետու­­թեան տա­­րինե­­րուն՝ 717-728 թթ, արաբ խա­­լիֆա­­ներն էին Օմար Բ, Եզիդ Բ, Հի­­շամ, Բիւ­­զանդիոյ վե­­րայ կ՚իշ­­խէր Լե­­ւոն Գ. Իսավ­­րա­­­ցին, իսկ Հա­­յաս­­տա­­­նում հա­­յոց պատ­­րիկ էր Վա­­սակի որ­­դի Աշոտ Բագ­­րա­­­տու­­նին։ Օձ­­նե­­­ցին հիւ­­րընկա­­լուել էր Օմար Բ-ին, առի­­թը խա­­լիֆա­­յի մօտ Հա­­յաս­­տա­­­նում արաբ ոս­­տի­­­կանա­­պետի կող­­մից Օձ­­նե­­­ցու մա­­սին հիացա­­կան կար­­ծիքն էր։

Այս պատ­­մութիւ­­նը ժո­­ղովուրդն այսպէս կը յի­­շէ:

Օհան Օձ­­նե­­­ցու ժա­­մանակ յոյ­­նե­­­րը հա­­յերին շատ կը նե­­ղէին։ Անոնք տախ­­տա­­­կը կ՚անցնէին հա­­յերու վի­­զը եւ գլխին ըն­­կոյզ կոտ­­րե­­­լով ման կու գա­­յին ու կը զուար­­ճա­­­նային։

Օր մը աղ­­քատ կնոջ հի­­ւանդ երա­­խան ցո­­րենի հաց կ՚ու­­զէ։ Սա­­կայն յոյ­­նե­­­րը ցո­­րենի հա­­ցը հա­­յերի հա­­մար «պաս էին դարձրել», միայն գա­­րու հա­­ցը կար։ Կի­­նը յոյն ջա­­ղաց­­պա­­­նի մը կը դի­­մէ, սա էլ ցո­­րենի հա­­ցի փո­­խարէն իւր հետ «գլուխ մէկ անել» կ՚առա­­ջար­­կէ։ Յու­­սա­­­հատուած կի­­նը Օձ­­նե­­­ցուն կը դի­­մէ վեր­­ջինս ալ իւր խօս­­քի զօ­­րու­­թեամբ կը պա­­տուի­­րէ, որ ցո­­րենի հաց լի­­նի հրաշ­­քով կը յայտնուի ցո­­րենա­­հացը։

Աս­­կէ ետ­­քը Օհան Օձ­­նե­­­ցին ճամ­­բայ կ՚ընկնէ խա­­լիֆա­­յի մօտ։ Պաղ­­տա­­­տի խա­­լիֆան երբ կը տես­­նայ նրա հան­­դերձան­­քը, մեծ զար­­մանք կ՚ապ­­րէ՝ այդ ինչպէս է որ զուսպ քրիս­­տո­­­նեան այսքան ճոխ հան­­դերձանք կը կրէ։ Օձ­­նե­­­ցին կը բա­­ցէ իւր կուրծքը եւ խա­­լիֆան կը տես­­նայ խա­­րազա­­նը, որի վրայ մանր մե­­խեր կա­­յին, որ­­պէսզի շա­­րու­­նակ ծա­­կոտեն մար­­մի­­­նը։

Օձ­­նե­­­ցու մարմնից արիւն կը կա­­թայ խա­­լիֆա­­յի աչ­­քե­­­րու վրայ, եւ նրա կոյր աչ­­քը կը բա­­նայ, ապա կա­­թողի­­կոսը իւր ծո­­ցը կը տա­­նէ խա­­լիֆա­­յի բո­­րոտ ձեռ­­քե­­­րը, եւ դրանք ան­­մի­­­ջապէս կ՚ապա­­քինեն։ Խա­­լիֆան Օձ­­նե­­­ցուն կ՚առա­­ջար­­կէ վար­­ձատրու­­թիւն խնդրել, միայն՝ ոչ թէ զօրք, այլ՝ դրամ, որ դրա­­նով զօրք հա­­ւաքէ։ Օձ­­նե­­­ցին թղթի վրայ բան կը գրէ եւ կու տայ խա­­լիֆա­­յին՝ խնդրե­­լով այնքան ոս­­կի, որ­­քան այս թուղթը կը կշռէ։ Բայց խա­­լիֆան որ­­քան ալ ոս­­կի կը դնէ նժա­­րի միւս կող­­մը, միեւ­­նոյն է՝ թուղթն աւե­­լի ծանր կու գայ։ Վեր­­ջը խա­­լիֆան կը հա­­մաձայ­­նէ 500 զի­­նուոր տալ։

Երբ նրանք անցնե­­լիս կը լի­­նեն կա­­մուրջի վրա­­յով, Օձ­­նե­­­ցին կը նա­­յէ գե­­տի մէջ եւ որի պատ­­կե­­­րը անգլուխ կ՚երե­­ւայ, ետ կ՚ու­­ղարկէ տուն։ Երբ հայ­­կա­­­կան ու արա­­բական զօր­­քե­­­րը կը շա­­րուին, Օձ­­նե­­­ցին մէ­­կիկ-մէ­­կիկ կը համ­­բուրէ նրանց գա­­գաթի մա­­զէ փնջի­­կը, եւ համ­­բոյրի տե­­ղում ոս­­կի դուրս կու գայ, որից եւ ծա­­գած է կը­­զըլ­­բաշ անու­­նը։ Ու երբ հի­­նէն հա­­յերը այդ մա­­զափունջը կը սափ­­րէին, Օձ­­նե­­­ցու շրթունքնե­­րով դրոշ­­մած ոս­­կին կը յի­­շէին (ան­­շուշտ՝ այստեղ տար­­բեր իրո­­ղու­­թիւննե­­րու խտա­­ցու­­մը կը տես­­նենք)։

Այդ պա­­հին երկնքէն խա­­չանիշ թուր մը կ՚ընկնէ, Օհան Օձ­­նե­­­ցին ան կը վերցնէ եւ 300 զի­­նուո­­րով կու գայ Հայք եւ կ՚ար­­տաքսէ յոյ­­նե­­­րին՝ գե­­րի վերցնե­­լով յու­­նաց պատ­­րիար­­քին։ Սա սպառ­­նա­­­ցել էր եռաց­­րած ջրի մէջ նե­­տել Օձ­­նե­­­ցուն։ Օձ­­նե­­­ցին ալ կ՚ըսէ թէ ես քեզ դա չեմ անի, միայն այս խա­­չը ձգէ այդ եռաց­­րած ջրի մէջ եւ հա­­նէ, ինչպէս ես դա կ՚անեմ։ Երբ Օձ­­նե­­­ցին կ՚անէ իւր ասա­­ծը, նրան բան չէր լի­­ներ, բայց երբ յու­­նաց պատ­­րիար­­քը կ՚անէ, կ՚այ­­րուի անոր ձեռ­­քը։

Այս հրաշ­­քը տես­­նե­­­լով՝ յոյն վար­­դա­­­պետ մը կը թող­­նէ իւր պատ­­րիար­­քին եւ կու գայ Օձ­նե­ցու հետ ճգնե­լու։ Մինչ օրս էլ Օձնեցու վանքի հարաւային կողմը յունական տապանագրով գերեզման ցոյց կու տան՝ պնդելով թէ սա այն յոյն վարդապետի տապանն է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ