ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
narekian2000@yahoo.com
Հայ եկեղեցին իր հեղինակութիւնը պահպանելու լուրջ փորձութեան մը առջեւ կանգնած է այսօր։ Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը ընտրութեան խոստումով աւելի քան ինը տարիներէ ի վեր ապօրինաբար գրաւած, սակայն վերջին շրջանին ա՛լ դիմակազերծուած Արամ Աթէշեան ո՛չ միայն փորձաքար մըն է Հայ եկեղեցւոյ առջեւ, այլ նաեւ գայթակղութեան աղբիւր մը միաժամանակ՝ բոլոր հաւատացեալներուն համար։
«Արդարութեան արեգակ»ը, որ Հայաստան աշխարհի վրայ ծագած է ասկէ աւելի քան 1700 տարիներ առաջ, պայծառացուցած է նաեւ եկեղեցին սուրբերու արիւնով, սակայն այդ նոյն եկեղեցւոյ այսօրուան իշխանները երկու չափ-երկու կշիռի արդարութիւն մը ի գործ դնելու հակամէտ են աւելի, քան իսկական արդարութեան գործադրումը։
Արամ Աթէշեան, որու եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը 1999-ին կատարուած էր կանոնական տրամադրութիւններու անտեսումով, իր վերջին շրջանի գործունէութեամբ ու վարուելակերպով հասած է կէտի մը, ուր հասարակութիւնը զայն ձեռնադրող կաթողիկոսէն կը պահանջէ իր կարգազրկումը, գոնէ պատիժի մը տնօրինումը։ Այստեղ հարկ կը համարինք կաթողիկոսին ու հանրութեան յիշեցնելու մօտաւոր անցեալին պատահած կարգազրկումի դէպք մը, որ զուգահեռներ ունի, նման է Աթէշեանի պարագային։
1999-ի Նոյեմբերին կաթողիկոսական գահ բարձրացած Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հազիւ տարի մը անց պաշտօնէ կը հեռացնէր Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսաստանի երկարամեայ թեմակալ առաջնորդ Տիրան Արք. Կիւրեղեանը՝ վերջինիս փոխարէն առաջնորդ նշանակելով իր եղբայրը՝ Եզրաս Եպսկ. Ներսիսեանը։ Կաթողիկոսը Կիւրեղեանին առաջարկեց այլ պաշտօններ եւ միջոց մը ետք, Մայիս 2001-ին, հայրապետական տնօրինութեամբ կարգազրկեց զինքը՝ «ամենայն հայոց հայրապետական իշխանութեանը անհնազանդ, հայ եկեղեցականի ուխտին անյարիր եւ Հայ եկեղեցւոյ կանոններին դէմ դատապարտելի գործողութիւնների համար», ինչպէս նշուած է Մայր Աթոռի պաշտօնաթերթ «Էջմիածին» հանդէսի համապատասխան թիւին մէջ։ Այդ շրջանին կային նաեւ պնդումներ, թէ թեմակալ առաջնորդը մեծ գումարներ իւրացուցած է. կաթողիկոսին տուած կարգազրկումի որոշումին մէջ էական նշանակութիւն ունեցած ըլլալու էր նաեւ բարձրաստիճան եկեղեցականի հասցէին հնչած այս եւ այլ բամբասանքները։
Կ՚ուզեմ յստակ կերպով նշել, թէ պիտի չքննեմ Կիւրեղեանը կարգազրկելու ուղղութեամբ կաթողիկոսին կողմէ տրուած վճիռին օրինականութիւնը, որովհետեւ, ինչպէս հետագային իր տուած հարցազրոյցներուն մէջ նշած է Կիւրեղեան, այդ վճիռը արձակուած էր քմահաճօրէն, առանց քննիչ ատեանի մը քննութեան արդիւնքին, առանց Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի կամ Եպիսկոպոսական Ժողովի քննութեան։
Մայիս 2001-ին այսպէս կամ այնպէս կաթողիկոսին կողմէ առնուած որոշումին լոյսին տակ կ՚իյնայ նաեւ Արամ Աթէշեանի պարագան։
Հարկաւո՞ր է կրկնել վերջին շրջանին պատահած իրադարձութիւնները։ Թերեւս այո՛, նկատի ունենալով ամէն ինչ շուտ մը մոռցող մեր կարճ յիշողութիւնը։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեան Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, քանի մը այլ բարձրաստիճան եկեղեցականներու ներկայութեամբ, խոստացաւ նիստի հրաւիրել Պոլսոյ եկեղեցականաց համագումար ժողովը, կազմակերպել տեղապահի ընտրութիւնը եւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը յանձնել ընտրուելիք տեղապահին։
Արամ Աթէշեան թէեւ եկեղեցականաց ժողովը հրաւիրեց, տեղապահի ընտրութիւնն ալ կազմակերպեց, սակայն երբ գիտցաւ, թէ ո՛չ թէ ինք, այլ ուրիշ մը ընտրուած է այդ պաշտօնին՝ դրժեց իր խոստումը։
Ահա՛ւասիկ՝ անհնազանդութիւն ամենայն հայոց կաթողիկոսին։
Արամ Արք. Աթէշեան, որ տեղապահի ընտրութենէն ետք ո՛չ մէկ պաշտօն կամ իրաւասութիւն ունէր այլեւս պատրիարքարանէն ներս, օրինաւորապէս ընտրուած տեղապահին ու Կրօնական Ժողովի ատենապետին առջեւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ դռները չուանով մը փակել տուա՞ւ։
-Այո՛…
-Վկա՞յ։ Ինչքա՜ն ուզէք…
Արամ Արք. Աթէշեան, որ որեւէ պաշտօն չունենալուն, իրաւունք չունի զբաղեցնելու պատրիարք սրբազանին յատկացեալ աշխատասենեակը պատրիարքարանին մէջ, աշխատասենեակ կը տրամադրէ՞ եկեղեցականներու քուէով օրինաւորապէս ընտրուած տեղապահին։
-Աթէշեան չ՚ազատեր սենեակը, որպէսզի գայ ու այնտեղ աշխատի օրինաւորապէս ընտրուած տեղապահը։
Կը շրջին բամբասանքներ, թէ Աթէշեան ճնշում կը բանեցնէ վեղարաւոր հոգեւորականներուն ու քահանայ հայրերուն վրայ, «կ՚աքսորէ», իրենց պաշտօնավարած եկեղեցիները կը փոխէ, կը սպառնայ այլ եւ այլ պատիժներով…
Ո՛չ թէ բամբասանք, այլ իրականութիւն է, որ Աթէշեան հոգեւորականի մը անյարիր ընթացքով մը՝ միջնորդութիւն կատարած է կալուածի մը առուվաճառքի ժամանակ եւ միջնորդչէք ստացած։ Մամոնային բարեխղճօրէն ծառայելու իր ջանասիրութեան մասին նոյնպէս բամբասանքներ կը շրջին հասարակութեան մէջ։ Բամբասա՞նք են այդ բոլորը թէ բանն ասանկ՝ չենք գիտեր հարկաւ։ Սակայն մենք եւ եկեղեցասէր հանրութիւնը պիտի ուզէր ճշմարտութիւնը գիտնալ։ Ո՞վ է նման քննութիւն իրականացնելու իրաւասու։
Կարծեմ Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ իրագործուած եւ իրագործուող այս եւ այլ արարքները «հայ եկեղեցականի ուխտին անյարիր եւ Հայ եկեղեցւոյ կանոններին դէմ դատապարտելի գործողութիւններ» ըլլալու են։ Պոլսոյ պատրիարքութենէն շատ աւելի զօրաւոր վիճակ մը հանդիսացող Նոր Նախիջեւանի ու Ռուսաստանի թեմին առաջնորդը հեշտութեամբ կարգազրկող եկեղեցական բարձրագոյն իշխանութիւնը տեսնենք, թէ ինչ տնօրինում պիտի կատարէ Պոլսոյ պատրիարքութեան ճակատագիրը իր քմահաճ կարգադրութիւններուն ենթարկող եւ հաւատացեալներուն համար գայթակղութեան անսպառ աղբիւր մը հանդիսացող Արամ Արք. Աթէշեանին համար։