13Մայիս Շաբաթ օրը դարձեալ բաւական ծանրաբեռնուած էր մշակութային կամ գեղարուեստական միջոցառումները։ Յետ միջօրէին առաջին միջոցառումը կայացաւ Մխիթարեան Վարժարանի սրահին մէջ։ Այդ օր վեցերորդ անգամ բաժնուեցաւ այլեւս մեր դպրոցներէն ներս աւանդութիւն դարձած Քրիստին Սալերիի անուան նկարչական մրցանակները։ Ինչպէս ծանօթ է Պոլսահայ անուանի նկարչուհիի մահէն ետք իր դրստեր եւ որդիներու նախաձեռնութեան կեանքի կոչուած էր «Քրիստին Սալերի Հիմնադրամ»ը, որ զանազան գետիններու վրայ անուանի արուեստագէտի վաստակը ծանօթացնելու կողքին որդեգրած է նաեւ նոր սերունդներու գեղարուեստական աշխատանքներու մղուիլը խրախուսելու։
Նոյն օր այս անգամ Գարակէօզեան Վարժարանի նորակառոյց սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Զահրատի գծագրութիւններու ցուցահանդէսը։ Պոլսահայ ժամանակակից գրականութեան հսկան անցեալին նկարած էր կատուներ, որոնք հաւաքաբար ցուցադրուեցան Գալֆայեան Որբանոցի ի նպաստ վաճառուելու ակնկալութեամբ։
«Արաս» հրատարակչատան կողմէ կազմակերպուած այս միջոցառման երկրորդ նպատակը Զահրատի կատուներու ձօնուած բանաստեղծութիւնները ընդգրկող գիրքին ծանօթացումն էր։
Իսկ Շաբաթ օրուայ երրորդ միջոցառումը, որ տեղի ունեցաւ «Քենթեր» թատրոնի սրահին մէջ կը կրէր «Հայ Դպրոցը» խորագիրը եւ պատրաստուած էր Կեդրոնականի հայերէնի ուսուցիչներու նախաձեռնութեամբ։ Այստեղ նշենք որ բազմաբնոյթ միջոցառում մըն էր ներկայացուածը։ Պատմավաւերագրական տեսանիւթերու ընկերակցութեամբ ներկայացուեցաւ հայ դպրոցի պատմութիւնը, սկսելով դպրատուներէն, շարունակելով ԺԹ. դարու առաջին քառորդէն սկսեալ տիրող զարթօնքի շրջանի եւ հասնելով մինչեւ մեր օրերուն։ Կը շեշտադրուէր թէ այսօր գոյութիւնը շարունակած 16 վարժարանները ժառանգութիւնն են աւելի քան երկու հազար վարժարաններու, որոնք պատմութիւն դարձան իրենց աշակերտներով կամ ուսուցիչներով միասին։ Բացի այդ ներկայացուեցաւ թատերական դրուագ մը, որ նիւթ կ՚առնէր մերօրեայ քաղքենիացած հասարակութեան հայ դպրոցի հանդէպ որդեգրած ապերախտ ու սնոպ մերձեցումը։
Կ՚արժէ յիշել թէ երեք միջոցառումներն ալ կատարուեցան մեծ բազմութիւններու ներկայութեամբ։
Քրիստին Սալերիի նկարչութեան մրցումի մրցանակաբաշխութեան ներկայ գտնուողները առհասարակ ծնողներ էին։ Իսկ յաջորդ երկու միջոցառումներուն ալ իրենց ներկայութիւնը բերին մեծ թիւով արուեստասէր-մշակութասէրեր, որոնք ապացոյցը կազմեցին կատարուած աշխատութեան արժէքին։
Կարելի է ըսել թէ յոյսի նշոյլն մըն է այս եռուզեռը, որ կը խոստանայ թօթափել քաղաքական լարուածութեան բերումով ամայացած Պոլսահայ ընկերական կեանքի մէջ։