Արտակարգ Իրավիճակի պայմաններուն մէջ յայտարարուած օրէնքի համազօր որոշմնագիրով մը գործազրկուած Նուրիյէ Կիւլմէն եւ Սեմիհ Էօզաքչայի գործադրած հացադուլը լրացուցած է 65 օրը եւ հասած խիստ վտանգաւոր փուլի։
Նուրիյէ Կիւլմէն եւ Սեմիհ Էօզաքչա ուսուցիչներ են եւ կառավարութեան որոշումով կորսնցուցած են իրենց աշխատանքները։ Կիւլմէն 9 Նոյեմբերէն, իսկ Էօզաքչա 23 Նոյեմբերէն սկսեալ բողոքի ցոյց կազմակերպեցին Անգարա Գըզըլայ թաղի Եիւքսել փողոցի վրայ գտնուող մարդու իրաւունքներու յուշարձանին առջեւ։ Անոնք բերման ենթարկուեցան 9 Մարտին եւ այդ թուականէն ի վեր կը դիմեն հացադուլի։ Միջոց մը ետք Իսթանպուլ Գատըգիւղի եւ Տէրսիմի մէջ ալ զօրակցութեան համար հացադուլներ կազմակերպուեցան։
Հանրածանօթ երգչուհի Սեզէն Աքսու ալ հացադուլներու առթիւ պատգամ մը հրապարակեց եւ կոչ ուղղեց օր ըստ օրէ հիւծող երկու ուսուցիչներու աղաղակին ձայնակցելու համար։