Էսդուգեան պարգեւատրուած Հայաստանի Պետական շքանշանով

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի անունով ամէն տարի Մայիս ամսուայ մէջ շնորհուած պետական շքանշանը այս տարի Թուրքիայէն կը տրուի թերթիս հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեանին։ Այս առթիւ Հայաստանէն կատարուած հրաւէրի համաձայն շքանշանի տուչութիւնը պիտի կայանայ 26 Մայիս Ուրբաթ օր, Նախագահի նստավայրին մէջ։ Դարձեալ կատարուած հրաւէրէն յայտնի կը դառնայ որ շքանշանը շնորհուած է Էսդուգեանին Հայոց արդարութեան պահանջի համար մղած ջանքերուն իբր գնահատութիւն։ Սոյն շրջագծով Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը մրցանակներ կը յանձնէ գիտութեան, արուեստի, գրականութեան, դասական երաժշտութեան բնագաւառներու մէջ նշանակալի աւանդ ներդրած անձերուն։ Սերժ Սարգսեանի ձեռամբ կատարուելիք մրցանակաբաշխութեան ներկայ կը գտնուի ՀՀ կառավարութեան անդամները, «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի» հոգաբարձու անդամները, հիմնադրամի սփիւռքի տեղական մարմիններու ներկայացուցիչները եւ հրաւիրեալներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ