Բոլոր պատերազմներու անխուսափելի իրողութիւն է լրատուամիջոցները իրենց բոլոր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ ճակատէն եկած լուրերու վրայ, իսկ անդին քաղաքներու մէջ ժողովուրդը յաղթահարելով ամենադաժան պայմանները կը շարունակէ իր առօրեան։ Ահա այս տեսակ լրատուութիւն մըն է որ կը հասնի Հալէպի հայ կեանքէն։ Հայաթափ եղած այս կարեւորագոյն կեդրոնէն հասած հակիրճ տեղեկութիւնը կը փոխանցենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան։
ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Հալէպի մէջ սկիզբ առաւ հայկական դպրոցներու աւարտական հանդէսներու եղանակը։ Այսօր տեղի ունեցան երկու հանդիսութիւններ՝ Բեթէլ վարժարանի եւ Կիլիկեան վարժարանի մանկապարտէզներունը։
Ներկայ էի Կիլիկեան վարժարանի հանդիսութեան ՝ «Աղաճանեան» սրահին մէջ։ Փոքրիկները մէկ ժամէ աւելի մնացին բեմին վրայ, երգեցին, պարեցին, արտասանեցին, հաւանաբար ճիշդ այնպէս ինչպէս ըրած էին իրենց դպրոցակիցները՝ Քաղաքի կիլիկեանցիներն ու Նոր գիւղի կիլիկեանցիները ՝ 1921 թուականէն ի վեր։ 100 տարի դիմացած է այս կրթական օճախը, այսօր ալ կը դիմանայ, թէեւ քանդուած են իր դպրոցական շէնքերը եւ ինք ապաստան գտած է հայկական միութենական փոքրիկ շէնքերու մէջ։
Ի՞նչ էր տարբերութիւնը անցեալի հանդէսներուն եւ այսօրուան հանդէսին։ Նոյն՝ հայկական ոգին էր թեւածողը բեմին վրայ։
Չեմ գիտեր ինչպէ՞ս ըսեմ. Մեր ուրախութեան տխրութիւն խառնուած էր, թէ՞ մեր տխրութեան՝ ուրախութիւն։ երկուքն ալ՝ առաջինը ի տես աշակերտներու քանակի չափազանց նուազումին, երկրորդը՝ ի տես Հայկական այս կրթօճախի դիմացկունութեան։
Այսօր Կիլիկեան վարժարանի մանկապարտէզի 15 աշակերտներէն ութը դարձան շրջանաւարտներ...
-Յետո՞յ,- կ՚ըսեմ բարձրաձայն.- Գալ տարի նոր աշակերտներ պիտի ունենայ այս վարժարանը։
-Ահա մէկը,- գիրկի մանուկը ցոյց տալով կ՚ըսէ շրջանաւարտներէն մէկուն հայրը։
Կը նայիմ անոր ժպտացող աչքերուն եւ կը հասկնամ .- միայն մէկ աշակերտ ալ ունենայ հայ դպրոց մը կ՚արժէ պահել, պահպանել զայն, գուրգուրալ անոր վրայ։