Ոստիկաններու նոր թիրախը՝ «Պելկէ» հրատարակչատուն

Միջո­ցէ մը ի վեր Թուրքիոյ մէջ որոշ մամ­լոյ գոր­ծա­կալու­թիւննե­րուն ուղղուած ոս­­տի­­­կանա­­կան բռնութեան վեր­­ջին զո­­հը եղաւ ծա­­նօթ մտա­­ւորա­­կան Ռա­­կըպ Զա­­րաքօ­­լուի վա­­րած «Պել­­կէ» հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նը։

6 Մա­­յիս Շա­­բաթ օր մեծ թի­­ւով ոս­­տի­­­կան­­ներ խու­­ժե­­­ցին հրա­­տարակ­­չա­­­տան Ճա­­ղալօղ­­լուի կեդ­­րո­­­նը եւ գրա­­ւեցին աւե­­լի քան 2,000 գիր­­քեր։

Ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րը կը յայտնէին, թէ իրենց բո­­ղոք յայտնուած է հրա­­տարակ­­չա­­­տան մէջ անհրա­­ժեշտ թոյլտուու­­թիւննե­­րը չու­­նե­­­ցող գիր­­քե­­­րու գո­­յու­­թեան մա­­սին։ Նաեւ նշած են թէ կան եր­­կու գիր­­քեր՝ «Քիւրտե­­րը Առանց Պե­­տու­­թեան» եւ «Մա­­հէն Աւե­­լի Դժուար Որո­­շումներ»։ Ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րը յայտնե­­ցին թէ այս գիր­­քե­­­րուն հա­­մար դա­­տախա­­զու­­թիւնը հա­­ւաք­­ման որո­­շում տուած է եւ իրենք այդ որո­­շումն է որ կը գոր­­ծադրեն։ Ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րը հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նէն ել­­լե­­­լու ժա­­մանակ բեր­­ման են­­թարկած են նաեւ աշ­­խա­­­տող­­նե­­­րէն մէ­­կը՝ Մեհ­­մէտ Ալի Վա­­րըշը։

Հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նը այս զար­­գա­­­ցու­­մը հրա­­պարա­­կած է «Թուիթըր»ի մի­­ջով։

Հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նը եղա­­ծը կը մեկ­­նա­­­բանէ ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րուն ձեռ­­նունայն դառ­­նա­­­լէ խու­­սա­­­փելու հա­­մար դի­­մած մէկ անօ­­րինա­­կանու­­թիւնը ըլ­­լա­­­լով։

Հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նը իր կա­­տարած յայ­­տա­­­րարու­­թեան մէջ կը նշէ, թէ գրանցման պի­­տակի գոր­­ծադրու­­թիւնը սկսած է 2000-ական տա­­րեթի­­ւերու սկիզբնե­­րուն։ «Սա­­կայն հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նե­­­րու մօտ կա­­յին մեծ քա­­նակու­­թեամբ գիր­­քեր, որոնք նա­­խապէս տպուած են եւ այդ տե­­սակ պի­­տակ մը չու­­նէին։ Այդ տե­­սակ գիր­­քե­­­րու հա­­մար աշ­­խա­­­տու­­թիւններ տա­­րուե­­ցան նոր պի­­տակա­­ւորում մը ապա­­հովե­­լու մի­­տու­­մով։ Այժմ մեր այդ տե­­սակի գիր­­քե­­­րուն հա­­մար է, որ եկած են։ 15-20 տա­­րի առաջ տպուած գիր­­քե­­­րուն հա­­շիւը կը հարցնեն»։

Այս մա­­սին Հրա­­տարա­­կիչ­­նե­­­րու Միու­­թիւնն ալ յայ­­տա­­­րարու­­թիւն մը կա­­տարած եւ մե­­ղադ­­րած է կա­­տարուածը։ Հոն եւս կը նշուի թէ 15-20 տա­­րի առաջ հրա­­տարակուած գիր­­քե­­­րու դէմ այս վե­­րաբե­­րու­­մը ոչ մէկ տրա­­մաբա­­նական բա­­ցատ­­րութիւն ու­­նի։ «Նոյ­­նիսկ իրենց ներ­­կա­­­յացու­­ցած պատ­­ճա­­­ռաբա­­նու­­թիւնը բո­­լորո­­վին անի­­մաստ է։ -Ար­­գի­­­լուած- գիր­­քե­­­րը միայն 31 օրի­­նակ են, որոնք ար­­խի­­­ւային նշա­­նակու­­թիւն ու­­նին։ Մնա­­ցած աւե­­լի քան 2,000 գիր­­քե­­­րը, բո­­լորո­­վին ապօ­­րէն կեր­­պով գրա­­ւուած են կ՚ըսուի Հրա­­տարակ­­չատնե­­րու Միու­­թեան յայ­­տա­­­րարու­­թեան մէջ»։

Գրող­­նե­­­րու Հա­­մաշ­­խարհա­­յին Pen ըն­­կե­­­րու­­թեան Թուրքիոյ մաս­­նա­­­ճիւ­­ղը եւս քննա­­դատած է կա­­տարուածը, ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րու այս գրա­­ւու­­մը վան­տա­լիզմ կո­չելով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ