ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Երաժշտութիւնը իր կարգին դժուարագոյն արհեստն է, քանի որ ան կը խօսի մարդկանց ամենանուրբ զգացումներուն։ Միայն ձեւապաշտ մերձեցումն է որ երաժշտական սեռերուն մէջ պիտի յանդգնի աժաններու կամ դիւրիններու մասին խօսելու։ Նախորդ Չորեքշաբթի երեկոյ իր համեստութեան մէջ այս էր որ կը հաստատէր հանրածանօթ կատարող Գուրգէն Տապաղեան։ Արդարեւ իր համերգը կատարեալ խնջոյք մըն էր բոլոր այն ականջներուն համար, որոնք ձեւական չափանիշներէ դուրս ելլելով կը յաջողին երաժշտութեան էութեան թափանցել։ Չէ որ ժողովրդական երգը բոլոր երաժշտութիւններու արմատն է եւ այդ արմատէն զրկուած գործը ի սկզբանէ կ՚արժեզրկուի։ Եթէ նիւթը պիտի հասնի երաժշտական կատարումի դժուարութեան, նշենք որ ամենադժուարը ժողովրդական երաժշտութիւնն է, որը կը յաջողին միայն ու միայն տաղանդ ունեցողները։ Եւ ուրախութեամբ նշենք որ նման տաղանդի առումով բաւական բախտաւոր է Գուրգէն Տապաղեան։
Տապաղեանի համերգը երկու ժամ շարունակ իր ունկնդիրը յագեցուց նախ եւ առաջ հայրենի երկրի հանդէպ պապակին առումով։ Ուշագրաւօրէն բազմութիւն էին Հայաստանէն գալով Թուրքիոյ մէջ պանդուխտի դժուար կեանք տանող հայաստանցիներ։
Տապաղեանի երգն ու երաժշտութիւնը իրենց համար բառին բուն իմաստով սփոփանք էր։ Ան յաջողեցաւ իր երգերով ոգեւորել ամբողջութեամբ լեցուն դահլիճը։ Երաժշտական գնահատանքի կարեւոր չափանիշներէն մէկն է այս՝ «ի՞նչ տուած ես ունկնդրին»։ Այս է հիմնական հարցումը եւ ուրախութեամբ նշենք որ Հայկական ժողովրդական երաժշտութիւնը արդէն հսկայ շտեմարան մը ունի բոլոր այն զարգացած ականջներուն համար, որոնք պատրաստ են այդ հարազատութեան հետ հաղորդուելու։ Ինչ լաւ է որ կայ Գուրգէն Տապաղեանը եւ իր տաղանդաւոր նուագածուներու հետ մերթ ընդ մերթ կ՚այցելէ նաեւ մեր քաղաքը, միշտ ուրախութիւն պատճառելով յատուկ ընտրանիի մը, որուն սիրտը բաց է անկաշկանդ կերպով հայ երգը ըմբոշխնելու համար։
Ուրբաթ օր եւս շարունակուեցաւ երաժշտական խնջոյքը։ Այս անգամ Վարդանանց Երգչախումբը բեմ կը բարձրանար նշելու համար խումբի հիմնարկութեան 85-ամեակը։ Առհասարակ երգչախումբի նախկին կատարումներէն բաղկացող երգացանկին մէջ տեղ կը գտնէին Կոմիտասեան ստեղծագործութիւններ եւ արեւմտեան երաժշտութենէ ընտրուած խմբերգեր։
Օրուայ մեծարեալն էր անուանի խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեան։ Մեծ վարպետը քաղաքս կը գտնուէր Պատրիարքարանի հրաւէրով։ Մեր հոգեւոր կեդրոնը ամիսներ առաջ կատարած որոշումով մը զինք պարգեւատրած էր «Մաղաքիա Օրմանեան» շքանշանով։ Շքանշանի տուչութիւնը կատարուեցաւ 14 Մայիս Կիրակի Ֆերիգիւղի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։
Խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեան նախկին Պոլսահայ մըն է, որ երաժշտական ուսումը ստացած է նախ քաղաքիս ապա Փարիզի երաժշտանոցներուն մէջ։ 1961-ին ընդառաջելով Վազգէն Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի հրաւէրին ան հաստատուեցաւ Հայաստան, ուր շատ կարեւոր յաջողութիւններու արժանացաւ։ Կը շարունակէ դասաւանդել Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի մէջ եւ կը վարէ Հայաստանի ակադեմիկ աքափելլա երգչախումբը։ Այս խումբի հետ իր սարքած համերգները բազում անգամներ պարգեւատրուեցաւ ոսկեայ մետալներով։ Խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեանի շնորհիւ այս երգչախումբը համաշխարհային երաժշտական հրապարակի վրայ կը վայելէ եզակի հեղինակութիւն։