ԱՌՕՐԵԱՅ

ԱՌՕՐԵԱՅ Նուիրումի հէքեաթ մը

Նուիրեալ կրթական մշակ մըն էր վաստակաւոր ուսուցչուհի Էլիզ Կոկանեան, որուն յուղարկաւորութիւնը կայացաւ անցեալ շաբաթ եւ իր երբեմնի աշակերտներուն համար դարձաւ սիրելի յիշատակ մը։ Մօտ տարի մը առաջ իր հետ զրուցած, մանկութենէն սկսեալ բազմաթիւ յուշեր լսած էինք իրմէ։ Վարանած էր այդ յուշերուն թերթին մէջ հրատարակութենէն։ Կը խուսափէր իր խօսքերով ուրիշները վիրաւորելէ։ Այս խորհուրդով դիմեցինք հարազատներուն եւ անոնց ալ հաւանութեամբ կը հրատարակենք Էլիզ Կոկանեանի յուշերը։
ԱՌՕՐԵԱՅ Կը մահանայ վերջին Մազլումեանը

Մազ­լումեան­նե­րը Կե­սարիայէն գաղ­թե­լով հաս­­տա­­­տուած են Հա­­լէպ տա­­կաւին 19-րդ դա­­րու առա­­ջին կի­­սուն։ Գրի­­գոր Մազ­­լումեան հիմ­­նած է ըն­­տա­­­նիքին առա­­ջին պան­­դո­­­կը «Արա­­րատ» անու­­նով։ Անոր զա­­ւակ­­նե­­­րը Ար­­մե­­­նակ եւ Օն­­նիկ Մազ­­լումեան­­ներ հիմ­­նած են Օթել Պա­­րոնը, 1911-ին, զոր մին­­չեւ այ­­սօր կան­­գուն կը մնայ։ Ար­­մե­­­նակ Մազ­­լումեանի թո­­ռը՝ Ար­­մէն Մազ­­լումեան, մին­­չեւ օրս կը տնօ­­րինէր Օթել Պա­­րոնը։ Ան մա­­հացաւ ան­­ցեալ շա­­բաթ օր։