Պունտեսթակի որդեգրած բանաձեւը եւ անոր Թուրքիոյ մէջ տեղի տուած արձագանգները կը շարունակեն Թուրքիոյ հայ հասարակութիւնը յուզել։ Նախորդ շաբաթ հայկական բոլոր լրատուամիջոցները եւ համացանցի էջերը Պատրիարքական Փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեանին ուղղուած մեղադրանքներով եւ պաշտպանութեան փորձերով լեցուն էին։ Արդարեւ 13 Յունիս Երկուշաբթի երեկոյ պատրիարքարանի շէնքին մէջ Կրօնական ժողովի նիստին հետ նոյն ժամերուն կողքի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ ալ համայնքային հաստատութիւններու վարիչները կը քննարկէին այս խնդիրը։
Նիւթը յստակօրէն երկու երեսակ ունի՝ հայկական եւ թրքական։ Հայաստան եւ սփիւռք կ՚ողջունեն Գերմանիոյ խորհրդարանի որոշումը, իսկ Թուրքիոյ պետական մարմինները եւ անոնց ցուցմունքներով գործող իշխանամէտ մամուլը, հասարակական կազմակերպութիւնները, քաղաքական կուսակցութիւնները, կ՚ատեն նոյն որոշումը։ Այստեղ Արամ Արք. Թուրքիոյ նախագահին ուղղեալ նամակով անտեսած եղաւ իր հայ ինքնութիւնը եւ ամենաթշուառ թուրք ազգայնականի մը ոճով եկաւ իր ձայնը միացնելու պետական փողին։ Երեւոյթ մը՝ որ կարելի չէ պատշաճեցնել հայ հոգեւորականի։
Միւս կողմէ համայնքային հաստատութիւններու վարիչներուն մեծամասնութիւնն ալ այս դժբախտ ելոյթի առթիւ զօրակցեցաւ փոխանորդ սրբազանին, պարզապէս երկրի իշխանաւորներուն հաճելի երեւելու ցանկութիւնով։ ՎԱՏԻՓ իր թշուառ կեցուածքը կը բացատրէ ապրած երկրին հաւատարմութեամբ։ Այստեղ մեր վարիչները կը շփոթին երկրի հաւատարմութիւնը իշխանութեան հաւատարմութեան հետ։ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ այս երկուքը շատ անգամ տարբեր նշանակութիւններ ունեցած են եւ իսթանպուլահայերը այդ երկուքի տարբերութեան չգիտակցելով անցեալին լուրջ բարդութիւններու ենթարկուած են։ Այսօր Արամ Արք.ի նախագահ Էրտողանին նկատմամբ հաւատարմութիւնը կրկնօրինակն է անցեալին Գարեգին Խաչատուրեան պատրիարքի այդ ժամանակուայ վարչապետ Ատնան Մենտերէսի նկատմամբ տածած համակրանքին։ Վարչապետի կախաղան ելած օրերուն ամբողջ պոլսահայութիւնը սարսափի մէջ էր որ հալածանքի հոսանքը մի գուցէ հասնի մեր եկեղեցւոյն ալ։
Ուրեմն ներկայացուցիչի դիրքին մէջ եղողը պարտի բոլոր հաւանականութիւնները նկատի ունենալ եւ առօրեայ քաղաքական հաշիւներէն խուսափելով միայն ու միայն իր ժողովուրդին սիրելի ըլլալով գոհանալ։