Դատ՝ «Ակօս»ին սեւ ծաղկեպսակ բերողներուն դէմ

24 Ապ­րիլ 2015-ի վաղ առա­ւօտեան ժա­մերուն «Ակօս»ի խմբագ­րա­տան առ­ջեւ սեւ ծաղ­կեպսակ մը բե­րող եւ իրենք իրենց մամ­լոյ յայ­տա­րարու­թիւն մը կա­տարող եր­կու խմբակ­նե­րու դէմ յա­րուցուած դա­տը սկսաւ։

Մե­ղադ­րեալ­նե­րը՝ «Ազ­գայնա­կան Թուրքիա» կու­սակցու­թեան Իս­թանպու­լի պետ Պի­լալ Կէօք­չէեուրթ եւ Թու­րան օճախ­նե­րու նա­խագահ Էր­ճան Ու­չար մեր­ժե­ցին իրենց վե­րագ­րուած յան­ցանքը։ Կէօք­չէեուրթ ըսաւ որ այս բո­ղոքի ցոյ­ցով դա­տապար­տած են պե­տու­թեան կող­մէ մեր­ժուած ցե­ղաս­պա­նու­թեան պնդումնե­րը հրա­տարա­կող թեր­թը։ «Սահ­մա­նադ­րութեան 34-րդ յօ­դուա­ծին մէջ նշուած մեր հա­կազ­դե­լու իրա­ւունքը գոր­ծածեցինք» ըսաւ Կէօք­չէեուրթ։

«Ակօս»ի փաս­տա­բան­նե­րէն Ֆէթ­հի­յէ Չէ­թին որ­պէս վկայ ելոյթ ու­նե­ցաւ եւ ըսաւ որ Հրանդ Տինքն ալ նոյն նա­խադա­սու­թիւննե­րով թի­րախ ցոյց տրուեցաւ եւ հե­տեւան­քը բո­լորդ գի­տէք։

Իս­թանպու­լի Դա­տախազ Ապ­պաս Թէ­միզի կող­մէ պատ­րաստուած ամ­բաստա­նագ­րին մէջ կը նշուի թէ խնդրոյ առար­կայ յայ­տա­րարու­թիւնով Ղա­րապա­ղեան դէպ­քե­րու պա­տաս­խա­նատուու­թիւնն ալ կը բեռ­ցուի «Ակօս»ին։ Դա­տախա­զը մամ­լոյ յայ­տա­րարու­թեան բո­վան­դա­կու­թիւնը յան­ցանք հա­մարե­լով պա­տիժ կը պա­հան­ջէ։ Դա­տակազ­մը կող­մե­րու պաշտպա­նու­թիւնը ըն­դունե­լէ ետք յա­ջորդ նիստի համար ճշդեց 17 Նոյեմբեր 2016 թուականը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ