ԱՌՕՐԵԱՅ

ԱՌՕՐԵԱՅ Իբրանոսեաններուն ժառանգորդը կը փնտռուի

Երբ Թուրքիայ իր պաշ­տօ­նական բո­լոր մի­ջոց­նե­րով յա­մառօ­րէն կը շա­րու­նա­կէ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նութեան փաս­տա­ցի իրո­ղու­թիւնը ու­րա­նալ, բազ­մա­թիւ զար­տուղի գոր­ծօններ կրկին ու կրկին նիւ­թը կը պա­հեն օրա­կար­գի վրայ։ Ար­դա­րեւ վեր­ջին 10 տա­րինե­րու ըն­թացքին ամե­րիկեան եւ եւ­րո­պական բազ­մա­թիւ ապա­հովագ­րութեան ըն­կե­րու­թիւններ Թուրքիայէն հա­շիւ պա­հան­ջե­ցին իրենց կող­մէ ապա­հովագը­րո­ւած Օս­մա­նեան Կայսրու­թեան քա­ղաքա­ցի հա­յերու հա­մար։ Այժմ բո­լորո­վին տար­բեր բնոյ­թով զար­գա­ցում մը կը ստեղ­ծէ նման շփոթ։ Զո­ւիցե­րիոյ դրա­մատու­նե­րը ծա­նօթ են իրենց գաղտնա­պահու­թեամբ։ Սա­կայն միւս կող­մէն կը գոր­ծէ օրի­նակա­նու­թեան եւ թա­փան­ցի­կու­թեան սկզբունքնե­րը։ Այդ սկզբունքնե­րէն մեկ­նե­լով դրա­մատու­նը կոչ կ՚ընէ բո­լոր անոնց, որոնց հա­շիւ­նե­րուն մէջ գու­մար կայ բայց եր­կար տա­րինե­րէ ի վեր ոչ մէկ գոր­ծո­ղու­թիւն։ Այս երե­ւոյ­թը պատ­ճառ եղաւ որ թեր­թիս աշ­խա­տակից­նե­րէն Վար­դան Էս­դուգեան հե­տապնդէ այդ ցան­կե­րուն մէջ յայտնը­ւած հայ անուննե­րը, որոնցմով գո­յացաւ ներ­քե­ւի հար­ցազրոյ­ցը։ Հար­ցազրոյ­ցը ու­շ