Արտակարգ դրութեան պայմաններուն թացն ալ կ՚այրի չորին քով

ՊԱՐՈՅՐ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

baruyr@agos.com.tr

Արտակարգ դրութեան կիրարկումէն ետք ազգային անվտանգութեան սպառնալու մեղադրանքով երեք համալսարաններ, 149 դպրոցներ, 150 միութիւններ, 15 հիմնադրամներ եւ չորս առողջապահական կեդրոններ փակուեցան։ Այս վերջիններուն կարգին է վիրաբոյժ բժիշկ Արէտ Գամառի հիմնադրած արհեստական բեղմնաւորման կեդրոնը։ Առողջապահական տնօրէնութենէ, գաւառապետութենէ եւ ելմտական նախարարութենէ պաշտօնեաներու քննարկումէն ետք հաստատութիւնը փակուեցաւ զուգահեռ կառոյցի օժանդակելու պատճառաբանութեամբ։ Բժիշկ Արէտ Գամառ կը յայտնէ թէ ինք հայ եւ քրիստոնեայ է եւ ոչ մէկ կապ ունի իսլամական ֆէթհուլլահ Կիւլէնի աղանդին հետ։ Իր իսկ փոխանցած տեղեկութիւնով 11 տարի առաջ հիմնուած կեդրոնի 61,5 տոկոսը կը պատկանի իրեն։ «Հաստատութիւնը փակեցին։ Այսպէս բանի մը համար պէտք է այս հաստատութեան տուեալ աղանդին հետ գործակցութիւնը փաստել։ Հաշիւները ես կը քննեմ։ Շատ լաւ գիտեմ որ մեր հաստատութենէն որեւէ միութեան կամ հիմնադրամի փոխանցում մը չէ եղած։ Ընկերութեան մէջ բացի ինձմէ Ֆարուք Պենէր 25 տոկոսի, Նահիթ Քարապէյօղլու ալ 13,5 տոկոսի տէր են։ Երեքս ալ բժիշկ ենք եւ ժամանակ իսկ չունինք նման գործունէութեան մը մասնակցելու։ Անշուշտ իրենց ազատ ժամերուն ինչեր ընելուն մասին չեմ կրնար երաշխաւորել։ Բայց հաստատութիւնը եթէ այսպիսի կապի մը մէջ չէ, անհատներու կեցուածքով չի կրնար մեղադրուիլ։ Միայն փակելով չգոհացան, մեր բժշկական սարքերն ալ տարին։ 40 հազար հիւանդներու գաղտնապահութիւն պահանջող տուեալները իրենց ձեռքն է։ Տարին նաեւ բեղմնաւորուած սերմերը։ Կատարուածը օրէնքի ոտնահարում է, բայց սրբագրելու միջոցներէն զուրկ ենք»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ