Արեւմտահայերէնին հայրենիքը ո՞ւր է

ՆԱՐԵԿ ՍԷՖԷՐԵԱՆ

Արդէն երեք շա­բաթ ան­ցած է, որ Հրանդ Տինք Հիմ­նարկին ամառ­նա­յին լե­զուի եւ մշա­կու­թա­յին դա­սըն­թացքը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ։ Թէեւ ես արեւմտա­հայե­րէնի լե­զուա­կիր եմ, խոս­տո­վանիմ որ կրթու­թեանս պատ­ճա­ռով այդքան ալ ինքնավստա­հու­թեամբ չմօ­տեցայ լե­զու դա­սաւան­դե­լու մար­տահրա­ւէրին։ Սա­կայն չա­փազանց ոգե­ւորիչ ժա­մանակ կ՚անցընենք։ Դա­սըն­թացքին յա­ջողու­թեան պատ­ճառնե­րէն գլխա­ւորը, ես կ՚ըսէի, մաս­նակցող­նե­րուն՝ աշա­կերտնե­րուն եռանդն է, նաեւ՝ կազ­մա­կեր­պիչնե­րուն ար­հեստա­վարժ մօ­տեցու­մը։

Անոնցմէ մէ­կը՝ հայ գիր ու գրա­կանու­թեան մաս­նա­գէտ, ըն­կերս Սե­ւանը քա­նի մը օր առաջ ին­ծի հա­մար հե­տաքրքրա­կան նկա­տառու­թիւն մը ըրաւ։ Ան ըսաւ, որ արեւմտա­հայե­րէնին ու­սուցա­նու­մը Թուրքիոյ մէջ ոչ միայն գի­տական կամ պատ­մա­կան նշա­նակու­թիւն ու­նի, այլ ան պէտք է ներ­կա­յացուի որ­պէս Թուրքիոյ տե­ղական լե­զու­նե­րէն մէ­կուն պահ­պա­նու­մը եւ զար­գա­ցու­մը։ Արեւմտա­հայե­րէնին հայ­րե­նիքը Թուրքիան է, ըսաւ։

Վայրկեան մը պէտք է մտա­ծէի այս գա­ղափա­րին շուրջ. արեւմտա­հայե­րէնին հայ­րե­նիքը... Թուրքիա՞ն։ Եթէ ոչ Թուրքիա, ու­րեմն ո՞ւր։ Ի՞նչ ըսել է «լե­զուի մը հայ­րե­նիքը», յա­մենայնդէպս։

Արեւմտա­հայե­րէնին ակունքը, հիմ­քը ան­պայման Պո­լիսն է, սա­կայն այն Պո­լիսը, որ Օս­մա­նեան կայսրու­թեան մայ­րա­քաղաքն էր՝ ի տար­բե­րու­թիւն Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան մայ­րա­քաղաք Իս­թանպու­լի։ Վեր­ջին հա­րիւր եւ աւե­լի տա­րինե­րու ըն­թացքին, պատ­մութիւնն ա՛լ, լե­զուն ա՛լ իր հո­լովոյ­թը ու­նե­ցած է։ Իմ արեւմտա­հայե­րէն լե­զուակ­րութիւնս Պո­լիսէն չի գար։ Նախ­նի­ներուս քա­ղաք Մա­րաշէն ալ չի գար (ընդհա­կառա­կը. ան­մի­ջական նախ­նի­ներս թրքա­խօս էին)։ Թե­րեւս աւե­լի ճշգրտօ­րէն ան կու գայ ծնող­քիս քա­ղաք­նե­րէն՝ Հա­լէպէն եւ Պէյ­րութէն։ Անձնա­պէս իմ պարագայիս կրնամ ըսել որ կու գայ ծնող­քէս, մեր տու­նէն՝ քա­ղաքի մը մէջ, ուր չկար հայ­կա­կան գա­ղութ, դպրոց, եկե­ղեցի։

Ին­ծի հա­մար, այ­սինքն, արեւմտա­հայե­րէնին հայ­րե­նիքը մեր տունն է։

Եւ հի­մա որ եկած եմ Պո­լիս եւ շփում ու­նիմ հոս­տե­ղի արեւմտա­հայա­խօսու­թեան հետ, յստակ տար­բե­րու­թիւններ կը նկա­տեմ։ Մար­դիկ որոնց հետ կը ծա­նօթա­նամ «գոհ կը մնան» ինծմէ, յե­տոյ ալ կը մաղ­թեն որ «դիւ­րին գայ»։ Աւե­լի յա­ճախ կը լսեմ «հար­կաւ»նե­րը եւ «կը տես­նուինք»նե­րը հոս, քան կը սպա­սէի։ «Ըն­տոր»ը, «ախ­բա­րիկ»ը նոյնպէս։

Կը նկա­տեմ թրքա­բանու­թիւններ, որոնք Սփիւռք չեն հա­սած։ Խօ­սակ­ցա­կան հար­ցա­կան «մը՞»էն բա­ցի «մի՞» ալ կայ հոս։ Ան­ցեալ կա­տարեալ ժա­մանա­կաձե­ւը տեղ կու տայ պարզ ան­ցեալ ձե­ւին («Եր­բեք չկար­դա­ցի այդ գիր­քը»՝ ի տար­բե­րու­թիւն «չեմ կար­դա­ցած»ի)։ Մար­դիկ իրար հե­ռաձայ­նով կը «փնտռեն», ինչպէս թրքե­րէն բա­յը կը զու­գակցնէ։ «Սոր­վիլ»ը յա­ճախ «իմա­նալ»ուն տե­ղը կ՚առ­նէ, «իմա­նալ»ն ալ «լսել»ուն պէս կը գոր­ծա­ծուի։ («Հա­կառակ թրքա­բանու­թիւն» ալ կայ, փաս­տօ­րէն. սփիւռքա­հայեր երբ Հա­յաս­տան ճա­շի մը եր­թան, պէտք է բա­ցատ­րեն տե­ղացի­ներուն «տոլ­մա»ի եւ «սար­մա»ի մի­ջեւ տար­բե­րու­թիւնը, որ մէ­կը լցո­նուած է, միւ­սը՝ փաթ­թուած։ Պատ­կե­րացու­ցէք զար­մանքս երբ ես հոս՝ թրքա­խօս հա­յերու հետ նոյն խօ­սակ­ցութիւ­նը ու­նե­նալու պէտ­քը ու­նե­ցայ։)

Այս ամէնն ին­ծի հա­մար հե­տաքրքրա­կան նկա­տառումներ են։ Ան­շուշտ թէ լե­­զուն իր տար­­բե­­­րակ­­նե­­­րը կ՚ու­­նե­­­նայ, իր տե­­ղական առո­­գանու­­թիւնը։ Ան­­ձէ անձ ալ կը տար­­բե­­­րի։ Արեւմտա­­հայա­­խօս ական­­ջին իմ Երե­­ւան տա­­րիներ ապ­­րածս կը զգա­­ցուի, օրի­­նակ, երբ շատ բնա­­կան ձե­­ւով կ՚ըսեմ. «Ի հար­­կէ իրա­­կանում այդպի­­սի բան չկայ»։

Արեւմտա­­հայե­­րէնին Թուրքիոյ հետ կա­­պին վե­­րաբե­­րեալ ամե­­նաան­­մի­­­ջական տպա­­ւորու­­թիւնս, սա­­կայն, թրքե­­րէնի հետ ներ­­դաշնակ եղա­­նակ ու­­նե­­­նալն է։ Եր­­կու լե­­զու­­նե­­­րը նոյն ելե­­ւէջ­­ներն ու­­նին։ Շատ յա­­ճախ կը պա­­տահի հետս, որ փո­­ղոցը յան­­կարծ կը կար­­ծեմ որ մէ­­կը հա­­յերէն կը խօ­­սի։ Լե­­զու­­նե­­­րուն հոս­­քը, կար­­ծես, նոյն հու­­նով կ՚ըն­­թա­­­նայ։ Թրքե­­րէնն ալ հա­­ւանա­­բար որոշ չա­­փով ազ­­դուած է, իր կար­­գին, հա­­յերէ­­նէն։ Այդ ձե­­ւով իս­­կա­­­պէս որ Պո­­լիսը, Թուրքիան արեւմտա­­հայե­­րէնին հայ­­րե­­­նիքն է։ Առա­­ւել եւս դրդա­­պատ­­ճառ որ այսքան շատ թուրքիացի­­ներ կը մաս­­նակցին արեւմտա­­հայե­­րէնի դա­­սըն­­թացքի մը։

Բայց այս պա­­րագա­­յին պար­­զա­­­պէս ան­­մի­­­ջական լե­­զու-հայ­­րե­­­նիք փոխ­­կա­­­պակ­­ցուածու­­թիւնը չեմ ու­­զեր տես­­նել տա­­կաւին, ինչ, օրի­­նակ, կա­­րելի է աւե­­լի ինքնավստա­­հօրէն մատ­­նանշել շատ այլ լե­­զու­­նե­­­րու պա­­րագա­­յին՝ Լե­­հաս­­տան-լե­­հերէն, Ճա­­բոն-ճա­­բոնե­­րէն։ Բայց ալ ոչ Անգլիա-անգլե­­րէն, Սպա­­նիա-սպա­­ներէն, չէ՞։

Գա­­ղափա­­րակա­­նօրէն կ՚ու­­զենք պնդել, որ հա­­յերէ­­նին հայ­­րե­­­նիքը Հա­­յաս­­տանն է։ Սա­­կայն աւե­­լի խո­­րը վեր­­լուծու­­թեամբ պէտք է ըն­­դունինք եւ ան­­պայման գնա­­հատենք – ին­­չո՞ւ չէ նաեւ հպար­­տա­­­կանք – որոշ ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րով, իրա­­կանու­­թիւննե­­րով։ Ես կ՚ու­­զեմ յա­­ռաջ քա­­շել այն գա­­ղափա­­րը, որ հա­­յերէ­­նը ընդհան­­րա­­­պէս հա­­մաշ­­խարհայ­­նացուած լե­­զու մըն է։ Աշ­­խարհի ամե­­նատա­­րածուած լե­­զու­­նե­­­րէն մէկն է աշ­­խարհագ­­րա­­­կանօ­­րէն, նոյնիսկ եթէ աւե­­լի ու աւե­­լի քիչ կը գոր­­ծած­­­ուի Հա­­յաս­­տա­­­նէն դուրս։ Գու­­ցէ Պոլ­­սոյ կամ Թուրքիոյ մէջ անոր գոր­­ծա­­­ծու­­մը զար­­գացնե­­լու թի­­րախա­­ւորու­­մը գա­­ղափա­­րապէս աւե­­լի ըն­­դունե­­լի է կամ ու­­րիշ հան­­գա­­­մանքնե­­րով աւե­­լի նպա­­տակա­­յար­­մար է, քան այ­­լուր։

Վեր­­ջին նկա­­տառում մը։ Ամա­­ռնային դա­­սըն­­թացքին մշա­­կու­­թա­­­յին բաժ­­նով կ՚այ­­ցե­­­լենք Պոլ­­սոյ թա­­ղամա­­սերը, կը ծա­­նօթա­­նանք քա­­ղաքին հայ­­կա­­­կան ժա­­ռան­­գութեան հետ։ Գումգա­­բու (եւ ոչ միայն հոն) ական­­ջիս կը լսեմ լե­­զու մը, որ նո­­րէն սրտիս շատ մօտ է, բայց այդ նոյն եղա­­նակը չու­­նի, նոյն ելե­­ւէջ­­նե­­­րով չի շար­­ժիր։ Այս ան­­գամ Հա­­յաս­­տա­­­նի մեր հայ­­րե­­­նակից­­նե­­­րուն ներ­­կա­­­յու­­թիւնը կը զգամ, եւ կը մտա­­ծեմ՝ իրե՞նց յա­­րաբե­­րու­­թիւնը հայ­­րե­­­նիքի, լե­­զուի, արեւմտա­­հայե­­րէնի հետ ինչ է ար­­դեօք։ Իսկ իրենց զա­ւակ­նե՞րը ինչ կապ պի­տի հաս­տա­տեն այդ ամենին հետ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ