ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
estukyan@gmail.com
Պունտէսթակ 2 Յունիսի նիստին հայոց ցեղասպանութեան մէջ իր պատասխանատուութիւնը պաշտօնապէս ընդունելէ ետք նման բնոյթով որոշում մը եւս կայացուց 1904-1908 թուականներուն Նամիպիոյ մէջ գործադրած կոտորածներուն համար։ Գերմանական խորհրդարանը տեղացի Հերերօ եւ Նամա ժողովուրդներու դէմ կատարուած զանգըւածային մարդասպանութիւնը բնութագրեց որպէս ցեղասպանութիւն։
Դաշնակցային խորհրդարանի Ձախակողմեան կուսակցութեան պատգամաւոր Նիէմա Մովասատ կառավարութենէն տեղեկութիւն պահանջեց Գերմանիոյ եւ Նամիպիոյ ներկայացուցիչներուն վարած անպաշտօն բանակցութիւններուն համար։ Կառավարութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ռուպրէխթ Փոլէնզ պարզեց թէ կ՚աշխատին անցեալի մասին հասարակաց համոզում մը գոյացնելու։ Ներկայացուցիչը այս մասին «Ֆրանքֆուրթէր Ալկեմայնէ Ցայթունկ» թերթին կատարած յայտարարութեան մէջ պատմեց հատուցման եղանակներու մասին։ «Սակարկութիւն ընելէ հեռու կը մնանք եւ կ՚աշխատինք Նամիպիոյ կենսային խնդիրներուն, օրինակի համար ջրամատակարարման ցանցի վերակառուցման կամ երիտասարդ ուսանողներու փոխանակման ծրագիրներուն շուրջ»։
Նամիպիոյ մէջ պատահածներուն մասին հարցումներ ուղղեցինք Համպուրկի համալսարանի պատմաբան Փրոֆ. Եուրկէն Ցիմմերէրին։ Ան հետեւեալ կերպով ներկայացուց այսօրուայ խնդրին անցեալը։
«Գերմանական կայսրութիւնը 1844-էն այս կողմ գաղութներ ունեցած է Ափրիկէի մէջ։ Անոնց կարեւորագոյներն են Քամերուն, Թոկօ, Գերմանական Արեւելեան Ափրիկէ եւ Գերմանական Հարաւ-Արեւմտեան Ափրիկէ։ Այդ տարածքի այսօրուան անունը Նամիպիա է։ 1904-ին տեղացի Հերերօ եւ ապա Նամա ժողովուրդները հետզհետէ ծաւալող զրկանքներու բերմամբ դիմադրութեան դիմեցին Գերմանիոյ դէմ։ Գերմանացիները անխուսափելի մատնութենէն փրկուեցան շնորհիւ վատահամբաւ զօրավարի՝ Լոթհար Ֆոն Թրոթհայի ղեկավարած օժանդակ զօրքերուն։ Զօրավարը կը հաւատար, թէ պատմութիւնը սպիտակամորթ եւ սեւամորթ ցեղերու միջեւ պատերազմի մը միջոցաւ պիտի գրուի։ Այս հասկացողութեան համապատասխան վերաբերումով բնաջնջեց տեղացի ժողովուրդը։ Ուոթրպուրկի բախումներէն ետք պարտուած տեղացի ժողովուրդը աքսորեց դէպի Օմահեքէի անապատը։ Այստեղ արգիլեց անոց ջրհորներու կամ այլ ջուրի աղբիւրներու հասնիլը։ Երկու ամսուայ այս ռազմավարութեան հետեւանքով Հերերօներու 70 տոկոսը, իսկ Նամաներու 50 տոկոսը սովամահ եղան»։
Գերմանական խորհրդարանի պատմութեան այս հատուածի դէպքերը ցեղասպանութիւն ըլլալով ճանաչելը ի՞նչ նշանակութիւն կ՚ունենայ հարցումին Փրոֆ. Եուրկէն Ցիմմերէր կը պատասխանէ ըսելով, թէ ներկայ Դաշնակցային Գերմանիա զինք օրինական եւ ազգային ժառանգորդը կը համարէ Գերմանիոյ կայսրութեան։ «Այսպէսով գերմանացիները ընդունած կ՚ըլլան պատմական պատասխանատուութիւնը։ Հայոց ցեղասպանութեան մէջ իրենց նախնեաց ունեցած դերակատարութիւնը խոստովանելէ ետք պարտաւոր էին այս քայլին ալ դիմելու»։
Նշենք որ Գերմանիա երկար ատենէ ի վեր կը պատրաստէ նման առերեսման մը ենթահողը։ Նացիներու կառավարութիւնը 1933-ին Միւնիխի պողոտաներէն մէկը կոչած էր զօրավար Լոթհար Ֆոն Թրոթհայի անունով։ 2006-ին Միւնիխի քաղաքային խորհուրդի որոշումով այդ անունը փոխուեցաւ եւ պատերազմի զոհերուն ի յիշատակ վերանուանուեցաւ «Հերերօ պողոտայ»։ Այս դէպքէն տարի մը ետք զօրավար Թրոթհայի ընտանիքը ընդառաջելով Հերերօներու ղեկավարներու հրաւէրին, այցելեց Օմարուրու։ Այստեղ զօրավարի թոռը Ուոլֆ-Թիլօ Ֆոն Թրոթհա ելոյթ ունենալով յայտնեց թէ ընտանեօք մեծ ամօթ կը զգան 100 տարի առաջ պատահած ահռելի դէպքերուն պատճառաւ։
Պատմաբանին ուղղած վերջին հարցումս կ՚ըլլայ այս մերձեցումին եւրոպական այլ երկիրներու մէջ գոյացնելիք արձագանգը։ Ցիմմերէր կ՚ըսէ թէ Հերերօներու եւ Նամաներու մատնուած ցեղասպանութեան դէմ միջազգային հետաքրքրութեան բուն պատճառն ալ այս է արդէն։ Նախկին գաղութատիրական երկիրները նման ռազմավարութեան մը համար ծանր ճնշումի տակ են։ Բացի բազմաթիւ եւրոպական երկիրներէ, ԱՄՆ, Քանատա, Նոր Զէլանտիա եւ Աւստրալիոյ մէջ ալ իրենց գաղութատիրական անցեալին հետ առերեսուելու մասին բանավէճերը բաւական սրուած են։ Այս բոլորին մէջ Գերմանիա իր մեղքերը խոստովանելու առընչութեամբ ամենաքաջ երկիրը եղաւ։ Մնաց որ խնդիրը մինակ ցեղասպանութիւններով սահմանափակուած ալ չէ։ Հարցումը կը վերաբերի գաղութատիրութեան արդի աշխարհը ինչպէս ձեւաւորելուն շուրջ։ Օրինակի համար Համպուրկ 2014-ին շատ կարեւոր քայլ մը առաւ մշակելով «Համպուրկի գաղութատիրական յիշողութիւնը» նախագիծը։ Ան այս առումով եւրոպական քաղաքներու մէջ առաջնորդ եղաւ։