Զինուորական հարուածը բեւեռացումի հետեւանք է

Թուրքիոյ հանրապետութեան պաշտօնական լրատու գործակալութիւնը «Անատոլու աժանս» հրապարակեց 15 Յուլիսի ձախողած յեղաշրջումի փորձէն ետք ձերբակալուածներու ցուցակը։ 27 Յուլիս թուակիր այս ցանկին համաձայն գնդապետ եւ աւելի ցած աստիճանակարգով սպաներուն թիւը հասած է 3 հազար 168-ի։ 143 զօրավարներէն դուրս 736 ռազմական վարժարանի ուսանողներ եւ 1181 շարքային զինուորներ եւս ձերբակալուած են։ Նոյն լրատուութեան մէջ կը նշուի 737 դատախազներու, 1348 դատաւորներու, 918 ոստիկաններու, 825 պետական վարչայիններու եւ ծառայողներու ձերբակալութիւնը։ Պետական հաստատութիւններուն մէջ պաշտօնավարող 47 հազար 188 պաշտօնեաներ հեռացուած են իրենց աշխատանքէն։ Անոնցմէ 42 հազար 767 կը գործէին կրթութեան նախարարութեան շարքերուն։ Կրօնից տեսչութեան անձնակազմէն ալ 1112 աշխատող պաշտօնազրկուած է։ «Անատոլու» գործակալութեան լրատուութիւնը կը փոխանցէ այս թուանշաններու համեմատական իմաստը։ Այսպէս յայտնի կը դառնայ, որ Թուրքիոյ բանակի զօրավարներուն մէկ երրորդը ձերբակալուած է։ Իսկ ամբողջ բանակայիններուն 1,5 տոկոսը արդէն բերման ենթարկուած։

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈԳԵԱՆ

estukyan@gmail.com

15 Յու­լի­սի զի­նուո­րական ան­յա­ջող յե­ղաշրջման փորձէն ետք նա­խագահ Էր­տո­ղան եւ ԱՔՓ-ի կա­ռավա­րու­թիւնը կ՚ամ­րապնդեն իրենց դիր­քե­րը, շա­հագոր­ծե­լով ար­տա­կարգ դրու­թիւնը։

Իրա­ւացի մեր­ձե­ցու­մով մը զի­նեալ ապստամ­բութեան դէմ շատ բուռն հա­կազ­դե­ցու­թիւն ցու­ցա­բերե­ցին ընդդի­մադիր կու­սակցու­թիւննե­րը։ Իշ­խա­նու­թիւնը հի­մա կ՚ու­զէ այդ հա­կազ­դե­ցու­թիւնը իր հետ զօ­րակ­ցութեան մը վե­րածել։ Եր­կար ժա­մանա­կէ ի վեր առա­ջին ան­գամ Հան­րա­պետու­թեան նա­խագա­հը դրուատա­լից խօս­քեր ուղղեց ընդդի­մադիր կու­սակցա­պետե­րու հաս­ցէին։ Աւե­լին՝ իր հա­մակ­րանքը յայտնե­լու հա­մար զի­րենք հրա­ւիրեց նա­խագա­հական նստա­վայ­րը՝ Պեշ­թե­փէի պա­լատը։ Վար­չա­պետ եւ ԱՔՓ կու­սակցու­թեան նա­խագահ Պի­նալի Եըլ­տը­րըմ, ՃՀՓ-ի պետ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու եւ ՄՀՓ-ի պետ Պահ­չէ­լի եր­կու ժամ 40 վայր­կեան տե­ւողու­թեամբ զրու­ցե­ցին նա­խագա­հին հետ։ Այս այ­ցե­լու­թիւնով ընդդի­մադիր կու­սակցու­թիւննե­րու պե­տերը առա­ջին ան­գամ ոտք դրած եղան իրենց իսկ ար­տա­յայ­տութեամբ «ապօ­րինի պա­լատ»։

Միւս կող­մէ նա­խագա­հը կը շա­րու­նա­կէ խորհրդա­րանէ ներս երրորդ կու­սակցու­թիւն հա­մարուող ՀՏՓ-ի հետ որե­ւէ շփում ու­նե­նալէ խու­սա­փելու իր աւան­դա­կան քա­ղաքա­կանու­թիւնը։ Նա­խագա­հի պա­լատին մէջ կա­յացած հան­դիպման ըն­թացքին քննար­կուող նիւ­թե­րու մէջ առաջ­նա­հեր­թութիւ­նը տրուած էր նոր սահ­մա­նադ­րութեան պատ­րաստման եղա­նակ­նե­րուն։

ՀՏՓ-ի այս հան­դի­պու­մէն դուրս պա­հուե­լուն մա­սին կու­սակցու­թեան Իս­թանպու­լի պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լան «Ակօս»ին տուաւ հե­տեւեալ բա­ցատ­րութիւնը։

«Կու­սակցու­թիւննե­րու նա­խագահ­նե­րու գա­գաթ­նա­յին ժո­ղովի մը մա­սին առա­ջին առա­ջար­կը եկաւ Սե­լահատ­տին Տէ­միր­թա­շէն։ Սա­կայն ժո­ղովը կա­յացաւ մեր բա­ցակա­յու­թեամբ։ Այս երե­ւոյ­թը կ՚ապա­ցու­ցէ թէ անոնք ոչ մէկ դաս քա­ղած են վեր­ջին զար­գա­ցումնե­րէն։ Սա պա­հուն իբ­րեւ թէ բա­նակը կը մաք­րուի Կիւ­լէ­նական զի­նուոր­նե­րէն։ Բայց անոնք միեւ­նոյն ժա­մանակ քրտաբ­նակ քա­ղաք­նե­րը ռմբա­կոծող հրա­մանա­տար­ներն են։ Միւս կող­մէ «Պալ­յո­զ»ի եւ «Էր­կէ­նոքո­ն»ի թղթած­րարնե­րով դա­տապար­տուած սպա­ներուն աս­տի­ճան­նե­րը կը բարձրա­ցուին։ Այս պայ­մաննե­րուն տակ յոյս չու­նիմ որ դրա­կան զար­գա­ցումներ պատահին։ ՀՏՓ քրտաբ­նակ քա­ղաք­նե­րուն մէջ մին­չեւ 80 կամ 90 տո­կոսի հաս­նող ձայ­ներ հա­ւաքեց։ Եթէ այս իրո­ղու­թիւնով հան­դերձ դուք այդ կու­սակցու­թիւնը մե­կու­սացնել փոր­ձէք, բե­ւեռա­ցում կը յա­ռաջաց­նէք ժո­ղովուրդի մէջ։ Իրա­կան ան­ջա­տողա­կանու­թիւնը այս է։ Զի­նուո­րական հա­րուա­ծի դէմ պայ­քա­րելու միակ մի­ջոցը ժո­ղովրդա­վարու­թիւնն է։ Ճիշդ է որ խորհրդա­րանը չէ­զոքա­ցուց բա­նակի հա­րուա­ծը։ Բայց պա­լատի հա­րուա­ծը դեռ կը շա­րու­նա­կուի եւ ատակ է նո­րանոր հա­րուած­նե­րու»։

Ան­վա­րան կա­րելի է ըսել որ զի­նուո­րական հա­րուա­ծի մը հա­ւանա­կանու­թիւնը դուրս շպրտուած է ժո­ղովուրդի դի­մադ­րութեամբ։ Սա­կայն նոյնքան յստակ իրո­ղու­թիւն է որ եր­կի­րը ար­դէն կը գտնուէր ո՛չ թէ բա­նակա­յին կամ զի­նեալ, բայց քա­ղաքա­կան եւ մե­նատի­րական հա­րուա­ծի մը պայ­մաննե­րուն տակ։ Մա­նաւանդ դի­տելով յա­ջոր­դող օրե­րուն ԱՄՆ-ի եւ եւ­րո­պական պե­տու­թիւննե­րու դէմ ար­ձա­կուած սպառ­նա­լիք­նե­րը, կա­րելի է են­թադրել որ աւե­լի խա­ւար օրեր կը սպա­սեն Թուրքիոյ հա­սարա­կու­թիւնը։ Ահա այս կան­խա­տեսու­մով է որ Դաշ­նակցա­յին Գեր­մա­նիոյ խորհրդա­րանի պատ­գա­մաւոր Ճէմ Էօզ­տէ­միր կը զգու­շացնէր իր երկրի քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րը, Թուրքիայէն քա­ղաքա­կան պայ­մաննե­րու բեր­մամբ դէ­պի Գերմանիա կատարուելիք գաղթի հոսանքի մը դիմաց։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ