ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
narekian2000@yahoo.com
Անկարելի է իսկոյն ժպիտ մը չգոյանալը ձեր դէմքին՝ լսելէ ետք Վահէ Պէրպէրեանին անունը։ Անուշ բնաւորութեամբ այս բարի հոգին երջանկութիւն կը հաղորդէ իր դպած բոլոր անձերուն։ Պարտաւոր չէք հայ կոչուելու, կամ իր բեմադրութիւնները, կատակները, թատրերգութիւնները ծայրէ ծայր դիտած ըլլալու։ Չեմ չափազանցեր, հաւատացէ՛ք. անցեալ շաբաթ Փորթուկալի մէկ գիւղը փակուած երբ արեւմտահայերէնի վերաբերեալ նիւթերու շուրջ կը խորհրդածէինք, Վահէ Պէրպէրեան մեր ազատ ժամերը արժեւորելով մտերմացած էր աւստրիացի աստուածաբաններէ կազմըւած խումբի անդամներուն հետ ու նուաճած նաեւ զանոնք։ Ժպիտի կամ երգիծանքի աղբիւր մը չէ ան միայն, նաեւ ամենաբացասական պահերուն իսկ կեանքը դրական աչքերով կարենալ դիտելու միջոց մը. մէկը, որ շատ անգամ կը պակսի մեզի, բայց երբ ունենաս՝ գիտես որ տխրիս իսկ, լաս իսկ՝ իրմով դարձեալ պիտի խայտաս։
«Եւ այլն»ով սկսած երգիծական մենակատարումներու շարքը ան շարունակեց «Նաեւ»ով, «Տակաւին»ով ու «Եթէ»ով, որու շրջագայութիւնը դեռ կը շարունակուի սփիւռքի տարբեր գաղութներուն մէջ։ Այժմէն իսկ տանք աւետիսը։ Յառաջիկայ ամիսներուն, Վահէ Պէրպէրեան պիտի այցելէ նաեւ Պոլիս՝ բեմադրելու համար «Եթէ»ն։ Ան պիտի ըլլայ Ս. Խաչ Դպրեվանքի սանուց միութեան հիւրը։
Գեղանկարչութեան, վիպագրութեան, թատրերգութեան ոլորտներէն ներս բեղուն գործունէութիւն մը ունենալէ ետք, Պէրպէրեան մուտք կը գործէ նաեւ շարժարուեստի բնագաւառը։ Օգոստոս 4-ին Երեւանի մէջ պիտի կայանայ «Երեք շաբաթ Երեւանի մէջ» ժապաւէնին առաջին ցուցադրութիւնը։ Փորթուկալի հանդիպումը վերածելով առիթի՝ Վահէին հետ զրուցեցինք այս եւ այլ ծրագիրներուն շուրջ։
-Ես եւ Երեւանէն Հրանտ Թոխատեան, որ տարիներու ընկերս է, երկար ժամանակէ ի վեր միասնաբար թատրոն մը ընելու մասին կը խօսէինք։ Այս ծրագիրին յետոյ ձեւով մը միացաւ Լոս Անճելըսէն Վահիկ Փիրհամզէին։ Մտածեցինք, որ լաւագոյնը պիտի ըլլայ ֆիլմ մը ընել, որպէսզի ամիսներ յանձնառութեան տակ չդրուին, մանաւանդ որ ամէն մէկս այլ երկիրներ կը բնակինք։ Այնպէս որ ֆիլմը ամենէն յարմար ծրագիրը թուեցաւ։ Բաւական մտածելէ ետք, թէ ինչ կարելի է ընել, նիւթը ինչպէս կարելի է մշակել... Տարիներ առաջ ընկերոջս՝ Նարպէյ Նազարեանին հետ գրած էինք բեմագրութիւն մը։ Իր գաղափարն էր եւ միասին աշխատած էինք։ Ուրեմն այդ բեմագրութիւնը հանեցի եւ որոշեցինք որ ատիկա հիմա բեմ հանելու լաւագոյն առիթն է։ Նստայ, ծայրէ ծայր նոր գրեցի։ Անգլերէնով էր եւ անգլերէնով ալ վերստին գրեցի։ Աւարտին արդէն ընդգրութիւնը անգլերէնի պիտի թարգմանուէր։ Այն ինչ որ կարելի չէ անգլերէնի թարգմանել՝ դուրս մնայ սկիզբէն, որպէսզի համաշխարհային չափանիշը պահենք, միայն հայերուն հասկնալիք ներքին կատակներ չըլլան։ Հետաքրքրական է նաեւ հետեւեալը՝ Հրանտը Հայաստանէն է, ես լիբանանահայ, իսկ Վահիկը պարսկահայ։ Այստեղ կան երեք տարբեր բարբառներ եւ ըսենք կը ներկայացնենք երեք ենթապաստառներ, ուրեմն լեզուի հետ կապուած կատակները բոլորովին պիտի չըլլան։ Որովհետեւ աժան բաներ են։ Մենք բոլորս ալ զիրար կը հասկնանք եւ բառերուն վրայ զիրար չհասկնալու կատակները ա՛լ իմաստ չունին։ Այդպէս ալ եղաւ։ Ֆիլմին մէջ նիւթ չկայ, թէ ով ուրկէ է, սակայն ամէն մարդ իր բարբառը կը խօսի։
Կարեւոր դեր խաղաց Ժնեւէն ընկերս՝ Վիգէն Պայրամեան, որովհետեւ ինքը յանձն առաւ արտադրութեան բաժինը եւ պէտք է ըսել նաեւ Լոս Անճելըսէն Շահէ Պօյաճեանը, որ դրաւ հունտը։
Ֆիլմը ամբողջութեամբ նկարահանուած է Հայաստանի մէջ։ Բախտաւոր էինք, որովհետեւ դերասանական ցանկին վրայ ով որ ուզեցինք՝ այո՛ ըսին։ Մասնակցեցան սիրայօժար կերպով։ Ֆիլմին մէջ դեր կը ստանձնեն Նարեկ Դուրեանը, Աշոտ Ղազարեանը, Խորէն Լեւոնեանը, Լեւոն Յարութիւնեանը, նոյնիսկ պզտիկ դերերով Թաթան, Ինգա-Անուշը, Նունէ Եսայեանը, Արամօն, Քրիստինէ Պեպելեանը... Ամբողջ աշխատանքը բացառիկ հաճելի փորձառութիւն մըն էր, հակառակ օրական 16 ժամ լարուած աշխատանքի։
Յետարտադրական աշխատանքը կատարուեցաւ Լիբանանի ու Լոս Անճելըսի մէջ։
Ս.Տ.- Վստահաբար կը ծրագրէք ցուցադրել այլ երկիրներու մէջ եւս, մասնակցիլ փառատօններու...
Վ.Պ.- Փառատօններու վերաբերեալ՝ կարծեմ ժամանակը անցաւ, որովհետեւ մեծ փառատօնները, ինչպէս «Օսքար»ը, Քաննը, միշտ կ՚ուզեն, որ առաջին ցուցադրութիւնը ըլլայ իրենց քով։ Հիմա որ անցած է, իմաստ չունի տարի մը սպասել փառատօններու համար։ Բայց անշուշտ կան ուրիշ փառատօններ ալ, որ կ՚ընդունին։ Բայց ցրւումի իմաստով յոյս ունինք որ պիտի կարենանք, ունինք հնարաւորութիւնը զայն տարածելու։ Կ՚ուզենք միջազգային ցրւումի լաւ ընկերութիւն մը գտնել։ Կ՚ուզենք որ ֆիլմը երթայ ամէն տեղ։
Ս.Տ.- Վահէ, սփիւռքի հասարակութեան աւելի ծանօթ ես քու երգիծական մենակատարումներովդ։ Կա՞ն այս իմաստով նոր ծրագիրներ։
Վ.Պ.- Հիմակուհիմա տակաւին «Եթէ»ի շրջապտոյտի մէջն եմ։ Բայց արդէն իսկ կ՚աշխատիմ նորին վրայ։ Եւ այն գաղութները, ուր «Եթէ»ն չեմ ներկայացուցած, ինչպէս օրինակ Պոլիս, Ֆրանսայէ եւ Լոնտոնէ դուրս Եւրոպա ալ չեմ ներկայացուցած։ Նոր պիտի սկսիմ։ Երբ որ այս շրջագայութիւնը աւարտեմ՝ պատրաստ կ՚ըլլայ յաջորդս։
Ս.Տ.- Պոլիս ալ պիտի այցելես, ինչպէս քիչ առաջ անդրադարձար։ Անգամ մը արդէն եկած էիր։ Ինչպէ՞ս կ՚ընթանան պատրաստութիւնները։ Ի՞նչ զգացմունքներ կը յառաջացնէ քու մէջ վերստին Պոլիս գալու հեռանկարը։
Վ.Պ.- Ես Պոլսոյ գաղութը այնքան կը սիրեմ ու այնքան հարազատ կը զգամ որ անհամբեր եմ։ Շատ կարեւոր բանի մը անդրադարձայ։ Վերջին շրջանին, մանաւանդ վերջին հինգ տարուան ընթացքին, Պոլիսը մեր իրականութեան մէջ կարեւոր ներկայութիւն դարձաւ սփիւռքի տարածքին։ Ասկէ մինչեւ հինգ տարի առաջ տակաւին Պոլիսը ձեւով մը կտրուած, մէկ կողմ դրուած էր, մեկուսացած էր։ Ատիկա կու գայ երկու բանէ. թէ՛ սփիւռքէն, որ կարծես թէ, այս անգամ զոհը, ոճիրին վայրը ետ վերադառնալ չ՚ուզեր, իսկ միւս կողմէ պոլսահայութիւնը, որ իրենք ալ հեռաւորութիւն մը ստեղծած էին հաւանաբար այն վախով որ սփիւռքը պիտի չընդունի զիրենք։ Այնպէս որ երկու կողմէն բան մը կար։ Հիմա վերջին այս հինգ տարուան ընթացքին հետաքրքրական է որ ոչ միայն սփիւռքը ձեռնբաց ընդունած է Պոլիսը, այլ Պոլիսը ինքզինք կ՚արժեւորէ, եւ յանդուգն ներկայութիւն մը դարձած է։ Եւ ատոր համար մեծ յարգանք ունիմ ես անոր՝ պոլսահայութեան հանդէպ։