Յարութիւն Պէզճեան Ամիրան

oksana.karapetian@gmail.com

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksana.karapetian@gmail.com

Պատառիկներ պոլսահայոց բանահիւսութենէն

Յարու­թիւն Պէզ­ճեանը (Ստան­պուլ, 1771- Ստան­պուլ, 1834) Սուլթան Մահ­­մուտ Բ.-ի տա­­րինե­­րուն կ՚ապ­­րէր։ Ար­­քունի­­քի մէ­­ջը նրան Գա­­զազ Ար­­թին կ՚ըսէին, քա­­նի որ մինչ պաշ­­տօ­­­նին անցնի­­լը մե­­տաք­­սի գործ ըրած էր։

Յա­­րու­­թիւնը ենի­­գաբու­­ցի հա­­մեստ ըն­­տա­­­նիքից էր՝ Պէզ­­ճի Պօ­­ղոս Աղա­­յի զա­­ւակը։ Յով­­հաննէս Չէ­­լէպի Տիւ­­զեանի կող­­մէ կը նշա­­նակուի Տիւ­­զեան­­նե­­­րու վար­­ձած մե­­տաք­­սի մենա­­­տիրու­­թեան վե­­րակա­­ցու։

Տիւ­­զեան­­նե­­­րը, ինչպէս յայտնի է, պոլ­­սա­­­հայ պատ­­կա­­­ռելի ամի­­րայա­­կան ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րէն էին։ Սե­­րունդէ սե­­րունդ իրենց էր վստա­­հուած Օս­­մա­­­նեան կայսրու­­թեան ար­­քունի փո­­ղերա­­նոցը։ Սա­­կայն ի հե­­տեւանս 1819 թուի ար­­քունի փո­­ղերա­­նոցի վե­­րատես­­չութեան կեղծ մե­­ղադ­­րանքի, սուլթա­­նի հրա­­մանով Տիւ­­զեան­­նե­­­րու գեր­­դաստա­­նի արա­­կան սե­­ռի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րը կ՚աք­­սո­­­րուին Կե­­սարիա։

Տիւ­­զեան­­նե­­­րու պաշ­­տօ­­­նանկ ըլ­­լա­­­լէն ետք՝ 1819-ին Սուլթան Մահ­­մուտ Բ. իրեն կը վստա­­հի Թօփ­­գա­­­բուի ար­­քունի փո­­ղերա­­նոցին տես­­չութիւ­­նը, զինք կը պար­­գե­­­ւատ­­րէ «Մու­­րա­­­սա»ով եւ «Թաս­­վի­­­րի Հու­­մա­­­յուն» բարձրա­­գոյն շքան­­շա­­­նով։

Ահա­­ւասիկ թէ ինչպէս կը յի­­շուի այս դրուագը պոլ­­սա­­­հայոց բա­­նահիւ­­սութեան մէջ։

Օր մը Գա­­զազ Ար­­թի­­­նին մե­­տաք­­սի գոր­­ծով սուլթա­­նին պա­­լատը կը կան­­չեն՝ բամ­­պակ գզե­­լու։ Սուլթա­­նը կը տես­­նէ անոր ճար­­պիկ շար­­ժուձե­­ւերը, կը մօ­­տենայ եւ կը սկսի հե­­տը խօ­­սիլ։ Գա­­զազ Ար­­թի­­­նը այնչափ խե­­լացի պա­­տաս­­խաններ կու տայ սուլթա­­նի հար­­ցե­­­րուն, որ Մահ­­մուտ Բ. Սուլթա­­նը որո­­շում կ՚առ­­նէ Գա­­զազ Ար­­թի­­­նը իր քո­­վը աշ­­խա­­­տան­­քի առ­­նել։ Վեր­­ջը անոր խել­­քի ու շնորհքի հա­­մար ամի­­րայի կո­­չում կու տայ եւ իր ամե­­նասի­­րելի խորհրդա­­կանը կ՚ընէ։

Յե­­տայ­­դու Յա­­րու­­թիւն Ամի­­րա Պէզ­­ճեանը շատ բա­­րեգոր­­ծութիւններ ըրած է, նրա օժան­­դա­­­կու­­թեամբ եւ նիւ­­թա­­­կան մի­­ջոց­­նե­­­րով կա­­ռու­­ցուած են Պոլ­­սոյ Հա­­յոց Պատ­­րիար­­քութեան շէն­­քը (1829), Մայր եկե­­ղեցին (1833), կը բա­­ցուին Բե­­րայի Օրիոր­­դաց վար­­ժա­­­րանը (1828), Գումգա­­բուի Մայր վար­­ժա­­­րանը (1828), Ս. Առա­­քելոց Ազ­­գա­­­յին (1830), Պօ­­ղոսեան տղա­­յոց եւ Վար­­վա­­­ռեան Օրիոր­­դաց (1832), Թօփ­­գա­­­բուի Պէզ­­ճեան (1832), չորսդա­­սեայ երկսեռ Էյիւ­­պեան վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րը (1832), կը հրա­­տարա­­կուին Գէորգ դպիր Պա­­լատե­­ցիի «Բա­­ռարան»ը, «Հայ­­կա­­­զեան բա­­ռարան»ը եւ կը կա­­տարուին բազ­­մա­­­թիւ այլ բա­­րեգոր­­ծութիւններ։

Պէզ­­ճեանի ջան­­քե­­­րով 1833 թուին կը կա­­ռու­­ցուի նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազ­­գա­­­յին հի­­ւան­­դա­­­նոցը։ Ժո­­ղովուրդը այսպէս յի­­շած է այդ գոր­­ծը.

Օր մը Մահ­­մուտ Բ. Սուլթա­­նը մտած­­մունքի մէջ ին­­կած է։ Աս բա­­նը նկա­­տած է Գա­­զազ Ար­­թի­­­նը եւ մօ­­տեցած է սուլթա­­նին։ Սուլթանն այնքան մտա­­մոլոր էր, որ չէր տե­­սած, թէ ով կը մօ­­տենայ իրեն եւ առանց հա­­յեաց­­քը վեր առ­­նե­­­լու՝ պա­­տուի­­րած է.

-Գա­­ւաթ մը ջուր տո՛ւր ին­­ծի։

Յա­­րու­­թիւն Պէզ­­ճեանն ալ առանց յա­­պաղե­­լու գա­­ւաթ մը ջուր կը լեց­­նէ ու կը մօ­­տեց­­նէ սուլթա­­նին, թէ.

-Շէֆ­­քէթլի՜մ, պու­­յուրու­­նը՛զ (Տէ՜ր իմ, հրամ­­մե­­­ցէ՛ք)։

Այդժամ սուլթա­­նը գլու­­խը վեր կը բարձրաց­­նէ, կը տես­­նէ, որ Գա­­զազ Ար­­թինն է.

-Վա՜յ, նե­­րողու­­թի՛ւն, -կ՚ըսէ, -ես կար­­ծե­­­ցի, թէ աղա­­խինն էր։

-Հո՛գ չէ, Շէֆ­­քէթլի՜մ, մենք իրա­­րու պէտք է ծա­­ռայենք, անո՜ւշ ըլ­­լայ, -կ՚ըսէ ու գա­­ւաթով ջու­­րը կը հրամցնէ սուլթա­­նին։

Երբ սուլթա­­նը ջու­­րը կը խմէ, Գա­­զազ Ար­­թին գա­­ւաթը կ՚առ­­նէ, կ՚ըսէ.

-Շէֆ­­քէթլի՜մ, այ­­սօր դուն շա՜տ խոր մտած­­մունքի մէջ ես, ըսէ՛ ին­­ծի քու տէրտդ։

-Մի՛ հարցներ, Գա­­զա՜զ Ար­­թին, վա­­թանը վտան­­գի տակ է, պատ­­ճառն ալ Մոս­­կօֆն է,- կը պա­­տաս­­խա­­­նէ սուլթանը։

-Ռու­­սե­­­րուն նա­­ւատոր­­մը Պո­­ղազի­­չի հա­­սած է. պա­­տերազ­­մէն վեր­­ջը վնա­­սուց հա­­տու­­ցում կը պա­­հան­­ջէ։ Մենք այդքան ոս­­կի չու­­նինք մեր քա­­սային մէջ, որ տանք, ազա­­տինք։

Խօս­­քը, ան­­շուշտ, 1828-1829 թուական­­նե­­­րու Ռուս-թրքա­­կան պա­­տերազ­­մին կը վե­­րաբե­­րի։

Գա­­զազ Ար­­թին կը հանգստաց­­նէ սուլթա­­նը՝ հոգ մի ըներ, սուլթանս, -կ՚ըսէ։ «Հա­­պա ի՞նչ ընեմ, հոգ չը­­նեմ», -կը զար­­մա­­­նայ սուլթա­­նը։

-Դուն քու թա­­գաւո­­րու­­թիւնդ երեք օրուան հա­­մար ին­­ծի տուր, ես գի­­տեմ իմ ընե­­լիքս, –կ՚ըսէ Գա­­զազ Ար­­թի­­­նը։

Սուլթա­­նը զար­­մա­­­ցած կ՚ըսէ.

-Տուի՛։ Տես­­նեմ ի՞նչ պի­­տի ընես, -վի­­զէն կա­­խուած պա­­նակէն կը հա­­նէ, Գա­­զազ Ար­­թի­­­նին վի­­զը կ՚անցընէ։

Գա­­զազ Ար­­թի­­­նը երեք օրուան մէջ կ՚եր­­թայ մար­­դոց տու­­նե­­­րը, ինչքան պա­­խըր թէն­­ճի­­­րէ-թա­­վա կայ կը ժող­­վէ, հա­­լեց­­նել կու տայ, պղին­­ձէ մե­­տաղադ­­րամ կտրել կու տայ։ Կ՚եր­­թայ շու­­կայ, ձեռ­­քի վրայ որ­­քան ոս­­կեդրամ կայ կը ժող­­վէ, կը փո­­խարի­­նէ պղին­­ձէ դրամ­­նե­­­րով։ Ժո­­ղված ոս­­կի­­­ներն ալ կը հա­­լեց­­նէ, կը պատ­­րաստէ հու­­տուտը, վա­­կոն­­նե­­­րով ոս­­կին կը տա­­նի ռու­­սի նա­­ւատոր­­մի­­­ղին նա­­ւապե­­տին կու տայ որ­­պէս վնա­­սուց հա­­տու­­ցում։ Ռու­­սա­­­կան նա­­ւերը ետ կը քա­­շուին, կ՚եր­­թան դէ­­պի Սեւ ծով։

Ատկէ ետք Գա­­զազ Ար­­թի­­­նը կը դառ­­նայ Սուլթա­­նին քո­­վը, վի­­զէն կը հա­­նէ անոր տուած պա­­նակէն, կ՚ըսէ.

-Սուլթա՜նս, ե՛տ առ քու թա­­գաւո­­րու­­թիւնդ։

Սուլթա­­նը կ՚ըսէ.

-Սէօյ­­լէ (ըսէ՛), Ար­­թի՜նս, աս քու ըրած աղէ­­կու­­թեանդ դի­­մաց ի՞նչ կ՚ու­­զես որ քե­­զի տամ։

Ան ալ կ՚ըսէ.

-Սուլթա՜նս, քեզ­­մէ հո­­ղակ­­տոր մը պի­­տի ու­­զեմ, վրան շի­­նել պի­­տի տամ հի­­ւան­­դա­­­նոց մը։ Մեռ­­նե­­­լէս ետ­­քը ին­­ծի պա­­խարա­­կելու փո­­խարէն ողոր­­մի կու տան։

-Շա՜տ խե­­լացի ես, Գա­­զազ Ար­­թին, -կ՚ըսէ սուլթա­­նը եւ կը համ­­բուրէ անոր ճա­­կատը։

Սա­­կայն հի­­ւան­­դա­­­նոցը շի­­նուած ատե­­նը Գա­­զազ Ար­­թին կը հի­­ւան­­դա­­­նայ, լեար­­դի բոր­­բո­­­քում կ՚ու­­նե­­­նայ, ան­­կո­­­ղին կ՚իյ­­նայ եւ չի կրնար անձնա­­պէս հե­­տեւիլ շի­­նարա­­րական աշ­­խա­­­տանքնե­­րուն։ Ատոր հա­­մար իր օգ­­նա­­­կանը ամէն օր կու գայ տե­­ղեկու­­թիւն տա­­լու, քա­­նի որ ամի­­րան ան­­համբեր կը սպա­­սէր շէն­­քին կա­­ռու­­ցուելուն։

Երբ շուրջին­­նե­­­րը կը տես­­նեն, որ ամի­­րային առող­­ջա­­­կան վի­­ճակը եր­­թա­­­լէն կը ծան­­րա­­­նայ, իսկ հի­­ւան­­դա­­­նոցին վրայ դեռ շատ աշ­­խա­­­տանքներ կան անա­­ւարտ, կ՚որո­­շեն ըսել, որ հի­­ւան­­դա­­­նոցը շի­­նուած է։ Կու գան իրեն կ՚ըսեն.

-Ահա­­ւասիկ հի­­ւան­­դա­­­նոցին դուռն ալ դրուեցաւ, բա­­նալին ալ ա՛ս է։

Որ­­քա՜ն կ՚ու­­րա­­­խանայ Պէզ­­ճեան ամի­­րան, զի ամ­­բողջ ակնկա­­լածը այդ հի­­ւան­­դա­­­նոցն էր, ատ ալ եղաւ։ Եւ ան հան­­գիստ աչ­­քե­­­րը կը գո­­ցէ...

Երբ իր մա­­հուան լու­­րը կը հաս­­նի սուլթա­­նին, թէ ազ­­գա­­­յին յու­­ղարկա­­ւորու­­թիւն պի­­տի ըլ­­լայ եւ ամի­­րային դա­­գաղը շո­­գեմա­­կոյ­­կով պի­­տի տա­­րուի Մայր եկե­­ղեցիին գա­­ւիթը թա­­ղելու, սուլթա­­նը կը հրա­­մայէ իր պա­­լատին առ­­ջե­­­ւէն ան­­ցը­­­նել եւ ինք ալ կու գայ ծո­­վեզերք՝ անոր վեր­­ջին հրա­­ժեշ­­տը տա­­լու, կ՚ըսէ.

-Պէ­­նիմ սաղ քօ­­լում կի­­տիյօ՜ր (Իմ աջ բա­­զուկս կ՚եր­­թա՜յ)։

«Ան Սուլթա­­նը, որ ի՜նչ մա­­հեր տե­­սած էր, բայց եր­­բեք ցաւ ու տխրու­­թիւն տե­սած չէր իր դէմ­քին վրայ, այլ միայն յաղ­թա­նակ­ներ էր վա­յելած, - թաշ­կի­նակը կը հա­նէ պզտիկ տղու մը պէս ար­ցունքնե­րը կը սրբէ... Այնքան որ սի­րուած ու յար­գուած էր Յա­րու­թիւն Պէզ­ճեան սմի­րան ոչ միայն հա­յերու, այլ Թուրքիոյ կա­ռավա­րութեան կող­մէ...»

Յա­րու­թիւն Ամի­րա Պէզ­ճեանի աճիւ­նը ամ­փո­փուած է Գումգաբուի հայոց Մայր եկեղեցւոյ կից Սուրբ Յարութիւն մատրան մէջ։ Իր բեղումնաւոր գործունէութեան շրջանը կը յիշատակուի որպէս «Պէզճեանի դար»։

Յա­րու­թիւն Ամի­րա Պէզ­ճեան

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ