Փոքրիկ ձրի գրադարան Երեւանի մէջ

22 Յուլիսին Երեւան, Արամի փողոցի 80 համարի մօտ գործել սկսաւ «փոքրիկ ձրի գրադարան»ի առաջին օրինակը։ Նախագիծը Լոռի Ալվանդեանի եւ Նինա Ռոմա Աղուանեանի մտայղացումն է։ Ծրագրի մեկնակէտն է գիրքի, հետեւաբար գիտելիքի անվճար հասնիլ։ Յառաջիկայ օրերուն եւս 14 փոքրիկ գրադարաններ պիտի տեղադրուին քաղաքի զանազան վայրերը։ Քաղաքացիներ այդ տեղէն իրենց ցանկացած գիրքը անվճար ստանալու կարողութեան կողքին հոն նոր գիրքեր դնելու առիթն ալ պիտի ունենան։ Լոռի Ալվանդեան ամերիկացի է եւ 2014-ի Փետրուարին կամաւոր աշխատանքի համար եկած է Հայաստան։ «Ութը ամիս կամաւոր աշխատելէ ետք վերջնականապէս Հայաստան ապրելու որոշում տուի։ Երկու ու կէս տարի է որ հոս եմ»։ Նինա Ռոմա Աղուանեանն ալ սպանական եւ հայկական արմատներով խառնածին մըն է։ «Հիմնականօրէն սպաներէն խօսելով եւ սպանական մշակոյթի ազդեցութեան տակ մեծցած եմ։ Ուզեցի իմ հայ ինքնութիւնն ալ գուշակել։ Ես ալ Լոռիի նման կամաւոր աշխատանքով եկած եմ Հայաստան։ Ութը ամիս ետք ես ալ որոշեցի այստեղ բնակիլ, քանի որ իբրեւ խորհրդատու կ՚աշխատիմ Կիներու օժանդակող կեդրոնի կնոջ ուղղեալ բռնութիւնները կանխելու յանձնախումբին մէջ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ