ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
narekian2000@yahoo.com
Սովետական Միութեան փլուզումէն երկու տարի անց երբ ոտք կը դնէի հազիւ անկախացած Հայաստան, զիս զարմացնող ամենահետաքրքրական իրը կը դառնար իւրաքանչիւր յարկաբաժինի պատին ամրացուած ձայնասփիւռը։ Հաղորդումները կը սկսէին առտուան ժամը 6-ին, նորանկախ երկրի փայլփլող քայլերգով ու Յովհաննէս Թումանեանի «Հայրենիքիս հետ»էն հատուածի մը ընթերցումով, ու կը շարունակուէին մինչեւ գիշերուան 12-ը, փակուելու համար դարձեալ քայլերգով։
«Երեւանն է խօսում»։
Կային տարբեր ծրագիրներ, որոնցմէ առաւել կը նախընտրէի լսել «Ազատութիւն» կայանի հաղորդումները՝ Փրակէն եւ «Ամերիկայի ձայնը»՝ Ուաշինկթընէն։ Պատին ամրացուած գործիքը Երեւանի ձայնասփիւռին քաղաքային հաղորդումները միայն կը փոխանցէր քաղաքացիներուն։ Անոնք, ովքեր պիտի ուզէին այլ ալիքներու հաղորդումներուն հետեւիլ՝ պարտէին նախ այլ գործիք մը գնել ու ապա ելեկտրականութեամբ ապահովել զայն։ Այդ տարիներուն (խօսքը 1990-ականներու սկիզբի մասին է) գնել բայը արտաքսուած էր երեւանցիներու բառապաշարէն։ Եւ այս գործիքը, հեռաձայնի մը պէս, կը բանէր բաւական տկար հոսանքով եւ չէր ազդուեր ելեկտրականութեան խզումներէն (ինչպէս, օրինակ, հեռատեսիլը)։ Ուրեմն, այս ձայնասփիւռը երեւանցիներուն մտերիմ բարեկամն էր մութ ու ցուրտ, անլոյս տարիներուն։
Ցարդ ոչինչ կար զարմանալի։ Զարմանալին այն է, որ այս ձայնասփիւռը չէիք կրնար անջատել... Պահ մը անձայնութեա՞ն կարիք ունիք։ Կ՚ուզէք հանգչի՞լ։ Գլխացա՞ւ ունիք։ Կրնաք միայն ձայնասփիւռին ձայնը ցածցնել։ Կամ… այլ սենեակ մը անցնիլ։ Այս գործիքը միայն մէկ կոճակ ունի, որ կը ծառայէ ձայնը բարձրացնելու ու ցածցնելու։ Անջատե՞լ։ «Չի՛ կարելի»։
Անկախ Հայաստանի մէջ ատոնք խորհրդանշական ներկայութիւն մը կամ ծերերու ընկերակից մըն էին այլեւս, որոնք հետզհետէ պիտի քակուէին պատերէն ու մոռցուէին, լաւագոյն պարագային՝ կարօտախտ պիտի յագեցնէին, սակայն ձայնասփիւռի այս գործիքները այդքան ալ անմեղ առաքելութիւն մը չունէին Սովետական Միութեան տարիներուն։
Սովետական վարչակարգը հանրային տարածքի վրայ բանեցուցած ճնշումը բաւարար նկատած չէր հաւանաբար, որ դիմած էր նման միջոցի մը, մտնել տուներէ ներս ալ, քաղաքացիներու անձնական միջավայրն ալ վերածել հանրայինի շարունակութեան։ Քարոզչութիւն ամենուրեք։ Կարելի ու անկարելի բոլոր միջոցներով։ Ըսել, խօսիլ, բարբառիլ տարբեր մարդոց բերնով, սակայն մէկ ալիքի վրայ, ամէն պահ, տունէն ներս իսկ չթողուլ ազատ տարածք մը, շունչ քաշելու, փախուստի միջոց չտալ։ Քաղաքացին պահել ենթակայութեան տակ։ Ազատութեան պատրանք մը միայն տալ լուրերու տարափով, տեղեկութիւն մատակարարելով, սակայն քաղաքացին անզգալաբար դնել հետզհետէ ծանրացող աքցանի մը ճնշումին տակ։
Սովետական մշտախօս ձայնասփիւռը յիշելու բռնի փորձ մը չէ որ կ՚ընեմ։
Օրուան յոգնութենէ ետք, գիշերուան յառաջացեալ ժամու մը, կը բազմիմ հեռատեսիլին առջեւ։ Ոչ այնքան բաներ մը դիտելու, որքան պաղպաղակս լզելու միջոցին բանով մը զբաղած ըլլալու համար։ Բոլոր ալիքները անխտիր, առանց բացառութեան, կարմիր պաստառի մը առջեւ կը հիւրընկալեն, մեծ մասամբ մօրուքաւոր, տիտղոսակիր մասնագէտներ, փորձագէտներ, քաղաքագէտներ, լրագրողներ եւ դեռ չեմ-գիտեր-ինչագէտներ, որոնք կը խօսին նոյն բանը, կը ձեւացնեն քննարկել, սակայն արդիւնքը նոյնն է, կը յարձակին երեւակայական ուրիշներու, որոնք հոն չեն բնականաբար եւ կարծեմ չի գիտցուիր թէ ուր են, ցոյց կը տրուին հրապարակներ տարբեր քաղաքներու մէջ, ուր իշխող է նոյն գոյնը, նորէն տարբեր մարդեր, ձեռքերնին բարձրախօս, նոյն բաները կը հոլովեն, երգերը նոյնը, հրապարակը լեցնող քաղաքացիները նոյնը։ Խելագարութեան վիճակ մը ամենուր։ Այդ պահուն դուրսէն ինքնաշարժ մը թէ բեռնակառք մը կ՚անցնի, լեցուն մարդիկ մէջը, պոռչտուք, վայնասուն մէկ կողմէն կ՚ուղեկցի իրենց… Վիճակը տարբեր չէ նաեւ համացանցի վրայ։ Քանի մը ամիս առաջ մինչեւ տարբեր կայքէջերէ կրնայի տարբեր տեսակէտներ կարդալ եւ այսօր այդ էջերը անհասանելի են։ Խելագարութեան մրցարշաւին կը միանան պատրիարքա-վատիփականները (որոնք բացարձակապէս զիս չեն ներկայացներ), թերթերը նոյն, լուրերը նոյն։ Ո՛չ մէկ ճաթռտուք ու ճեղք այս անասելիօրէն տափակ ու ճեփ-ճերմակ մակերեսին վրայ։ Ձանձրալի միակերպութիւն մը, ուրուն յօժարակամ յանձնուած են մարդիկ։
Ու կը յիշեմ սովետական ձայնասփիւռը, որ այնքա՜ն անմեղ կը թուի աչքիս՝ հեռատեսիլի այսքան բազմազան ալիքներուն, հազար ու մի թերթերուն, հասարակական անթիւ կազմակերպութիւններուն, զիրար հարուածող, յանուն ժողովրդավարութեան զիրար կախաղանով սպառնացող մարդերուն դիմաց։
Կա՞յ արդեօք տարբեր ձայն մը։ Մէկը, մէկերը, որոնք ժողովրդավար անձը չեն շփոթեր բռնապետի մը համար կատարուած կոյր զկուրայն թիկնապահութեան հետ։ Անձեր, որոնք խորունկ կասկածով մը կը քննեն հարուածին աղբիւրը, կը զգուշացնեն քաղաքացիները հակահարուածէն, չեն տարուիր սին լոզունգներով, երկիրը չեն առաջնորդեր խորունկ վիհ մը, կը զանազանեն պատճառն ու հետեւանքը, յանցաւորն ու զոհը կրնան ջոկել իրարմէ։ Կա՞ն։ Վստահաբար կան, ինչպէս որ կային Սովետական Միութեան մէջ, նացիական Գերմանիոյ մէջ եւ դժբախտաբար անոնց ձայնը լսելի չէր այսքան աղմուկին մէջ, միալար ձայնասփիւռներէն կամ բազմալիք, սակայն միաձայն հեռատեսիլի պաստառներուն վրայ։
Պէտք է գիտնալ, որ այդ ձայներն ալ լսող մը կը փնտռեն։ «Ասողին լսող է պէտք», ինչպէս կ՚ըսէ հայկական առածը։ Վհատելու չէ, առանձին զգալու չէ, վախնալու չէ սեփական տեսակէտը արտայայտելէ, ընդդիմանալէ՝ ի պահանջել հարկին, չմասնակցելէ խելագարութեան... Չդադրելէ հաւատալու նաեւ, թէ օր մը չէ օր մը ըսողներն ու լսողները պիտի գտնեն զիրար։