Նախորդ շաբաթավերջին կայացան երկու կարեւոր բանախօսութիւններ։ Անոնցմէ առաջինը կը կրէր «Ցեղասպանութեան լոյսին տակ մահ եւ կեանք» խորագիրը։ Գերմանական vhs հիմնարկի նախաձեռնութեամբ կը շարունակուի «Միասին գործել» անուն ծրագիր մը, որ կը միտի Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն երիտասարդներու միատեղ աշխատութեամբ երկու ժողովուրդներու անցեալը ուսումնասիրել։ Բանախօսութիւնն ալ կազմակերպուած էր այս ծիրէն ներս որուն առաջին նիստը ունէր ֆորումի ոճ եւ սկսաւ Բագրատ Էսդուգեանի բացման խօսքով։ Ապա ներկաները, որոնք մեծաւ մասամբ վերապրողներու շառաւիղներ էին, ներկայացուցին իրենց ընտանիքներու պատմութիւնները։ Իսկ երկրորդ նիստը վերապահուած էր անուանի պատմաբան Թանէր Աքչամի բանախօսութեան, որ կը կրէր «Ցեղասպանութեան հետ ապրիլ» խորագիրը։ 4 Յունիս Շաբաթ Թաքսիմի «Հիլլ» հիւրանոցի սրահին մէջ կայացած այս բանախօսութեան նմանը նոյն օրը կազմակերպուած էր Գարագիւղի յունաց նախկին նախակրթարանի շէնքին մէջ, ուր այս օրերուս կը կայանայ ծանօթ գեղանկարիչ Արէտ Կըճըրի զգայացունց պաստառներուն ցուցադրութիւնը։
Կըճըրի «Օրէ օր» անուն ցուցահանդէսի ծիրէն ներս այս անգամ Նորա Թաթարեան, Եդուարդ Թովմասեան, Սեւան Տէյիրմենճեան եւ Ռոպէր Քոփթաշ զրուցեցին ցուցահանդէսի նիւթ դարձող Մեսրոպ Բ. պատրիարքի անբուժելի հիւանդութեան գեղարուեստական մերձեցումով մեկնաբանութեան շուրջ։ Նիւթը յաճախ դուրս եկաւ իր արուեստափիլիսոփայական հունէն եւ ծաւալեցաւ դէպի ընկերային ապրումներ։
«Ցեղասպանութեան լոյսին տակ մահ եւ կեանք» խորագրեալ բանախօսութենէն