Կոմիտասի ոգեկոչում Ս. Էսփրիի մէջ

ԱՆՆԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

12 Յու­նի­սին, Իս­թանպու­լի Ս. Էսփրի լա­տին կա­թողի­կէ եկե­ղեց­ւոյ մէջ կա­յացաւ Վար­դա­նանց երգչա­խումբի «Կո­միտաս» խո­րագ­րով հա­մեր­գը՝ նուիրուած Կո­միտասի վախ­ճանման 80-րդ տա­րելի­ցին։

Վար­դա­նանց երգչա­խումբը բազ­միցս, տար­բեր յայ­տա­գիր­նե­րով ներ­կա­յացել է հան­րութեան, սա­կայն այս հա­մերգն ար­տա­ռոց էր մե­ծամա­սամբ Կո­միտա­սի ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րը ներ­կա­յաց­նե­լու առու­մով։ Դպրաց դա­սու նա­խագահ Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Անու­շեանի գնա­հատան­քի, երախ­տի­քի եւ հպար­տութեան խօս­քե­րով սկսաւ հա­մեր­գը։

Յայ­տագրի առա­ջին մա­սը կը բաղ­կա­նար Կո­միտա­սի ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րէն՝ ազ­գա­յին օրհներ­գէն մինչեւ «Գու­թա­ներգ», «Կա­լի երգ», «Ե՛լ, ե՛լ», «Սան­դի եր­գ»ի նման աշ­խա­տան­քա­յին եր­գեր՝ «Սո­նա եար», ապա «Անձրեւն եկաւ»ի նման սի­րերգեր եւ «Ով մե­ծաս­քանչ դու լե­զու» ծա­նօթ եր­գէն։

Վար­դա­նանց երգչա­խումբը մեծ պա­տաս­խա­նատուու­թիւն պա­հան­ջող յայ­տա­գիրով մը ներ­կա­յացաւ հան­դի­սատե­սին։ Յայ­տագրի առա­ջին մա­սը հա­մեր­գի հո­գին էր, հիմ­նա­քարը. ունկնդրին ներ­կա­յաց­նել հայ­կա­կան հմա­յիչ եւ ինքնա­տիպ եր­գե­րը։ Եր­գեր, որոնք Կո­միտա­սի շնոր­հիւ ու­նե­ցան նոր եւ ինքնա­տիպ եր­գե­ցողու­թիւն, զուտ հայ­կա­կան։ Կո­միտա­սը խո­րապէս հմուտ լի­նելով եւ­րո­պական երաժշտութեան կա­ռու­ցո­ղական եւ ար­տա­յայտչա­կան պա­հանջնե­րուն, կա­նոն­նե­րուն, հո­գատար եւ բա­րեխիղճ կեր­պով մշա­կեց հայ գեղ­ջուկի ան­բիծ ու պարզ եր­գե­րը։

Հա­մեր­գի առա­ջին մա­սին նե­րառուած էին նաեւ մե­ներգներ. «Կա­լի եր­գը»՝ Յով­սէփ Գու­յումճուօղ­լուի, «Սո­նա Եարը»՝ Անէթ Մեհ­թէ­րեանի եւ Յով­սէփ Գու­յումճուօղ­լուի, Ա. Տիգ­րանեա­նի «Անուշ» օփէ­րայէն Սա­րոյի արիան՝ Գրի­գոր Թեր­զեանի, եւ Փուճճի­նիի «Ճան­նի Սկիկ­կի» օփէ­րայէն «O mio babbino caro» արիան՝ Ալիս Շա­հինօղ­լու կա­տարումնե­րով։

Հա­մեր­գի երկրորդ մա­սին ընդգրկուած ստեղ­ծագոր­ծութիւններն ունկնդի­րը քիչ մը շե­ղեցին գո­յացած ընդհա­նուր տրա­մադ­րութե­նէն։ Ճ. Վէր­տիի, Ժ. Պի­զէի, Ճ. Ֆ. Հէն­տէլի, Ճ. Փուճճի­նիի, Արա Պար­թե­ւեանի, Ա.Պա­պաճա­նեանի, Է. Յով­հաննէ­սեանի յօրինումնե­րը ար­ժա­նացան ունկնդրի չդադրող ծա­փող­ջոյններուն։ Երկրորդ մա­սի մէջ Ժ. Պի­զէի «Գար­մէն» օփէ­րայէն «Հա­բանե­րան» մե­ներ­գեց երգչա­խումբի կոն­ցերտմայստեր՝ Լու­սի Գահ­վէ­ճիօղ­լուն։ Յով­սէփ Գու­յումճուօղ­լուի կա­տարու­մով հնչեց «Նէս­սուն Տօր­մա» արիան, Ճ. Փուճճի­նիի «Թու­րանտօ» օփէ­րայէն։

Շնոր­հա­կալու­թիւն Վար­դա­նանց երգչա­խումբին, յան­ձին խմբա­վար Ատ­րուշան Սրկ. Հա­լաճեանի, նման պա­տաս­խա­նատու եւ ընդգրկուն ծրա­գիրով հան­դէս գա­լու եւ յատ­կա­պէս Կո­միտա­սի ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րուն անդրա­դառ­նա­լու հա­մար։ Անակնկալ վրի­պումնե­րը, տեխ­նի­կական խո­չըն­դոտնե­րը ըն­դունե­լի են, քա­նի դեռ նպա­տակը ամե­նալա­ւին ձգտելն է։

Կո­միտա­սի շնոր­հիւ հայ հո­գեւոր եւ աշ­խարհիկ երաժշտու­թիւնը յե­ղաշրջում կրեց եւ իր ինքնա­տիպ, լու­սե­ղէն, ջինջ եւ զու­լալ ար­տա­յայտչա­կանու­թեամբ մի­ջազ­գա­յին ար­ժէ­քի եւ գնա­հատան­քի բարձրա­ցաւ։ Ժո­ղովուրդի ստեղ­ծա­գոր­ծութիւ­նը չմնաց լոկ առար­կա­յական գանձ։ Կո­միտա­սի ջան­քե­րով այն հո­գի եւ շունչ առաւ, յու­զա­կան ջեր­մութեամբ լեցուած կենդանացաւ եւ դարձաւ սերունդներ տոգորող խանդավառութեան աղբիւր։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ