Վտարումի պատմութիւն մը

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Անհամբեր կը սպասեմ թղթատարին, որ պիտի բերէ Մխիթարեան վարժարանէն ինծի ուղղեալ վեցգիրը։ Հասկնալիքնիդ, շուտով կը միանամ թրքահայ վտարեալ ուսուցչաց միութեան խիտ շարքերուն։

Մինչդեռ որքան սիրով սկսած էր մեր գործակցութիւնը։ Կը յիշեմ առաջին օրուան պէս։ Առաջարկած էին հայոց լեզուի ու գրականութեան ուսուցչութեան պաշտօն մը Մխիթարեան վարժարանի դարաւոր յարկէն ներս։ Ընդուներ էի առանց մտածելու, առանց տատամսելու։

Տարիներէ ի վեր թէեւ կ՚ուսուցչագործէի, սակայն առաջին անգամ դասարան պիտի մտնէի՝ շփուելու պատանիներուն հետ, փորձելու զիրենք հաղորդ դարձնել մեր մայրենիին, մշակոյթին ու գրականութեան։ Խանդավառ էի։

Ճիշդ այդ օրերուն կը ստանայի այլ առաջարկ մը եւս. Իսթանպուլի կրթութեան տնօրէնի միջնորդութեամբ, Էտիրնէի Թրակիոյ համալսարանը դասախօսութեան պաշտօն կ՚առաջարկէր։ Նախընտրած էի անշուշտ Մխիթարեանը. պատճառներս բազմաթիւ էին՝ թէ՛ հաստատութեան անցեալին հմայքը, հայ տղոց հետ շփումի առիթը, հայրենի երդիկի մը տակ գտնուելու եւ այնտեղ յարատեւելու հեռանկարը։ Ինչպէս նաեւ խոստո՛ւմս։

Եր­կու տա­րուան պաշ­տօ­նավա­րու­թեան մը հա­մարա­տուու­թիւնը չէ որ պի­տի ընեմ։ Հա­մառօտ քա­նի մը խօսք միայն, նշումներ թե­րեւս։ Եր­կու տա­րին շատ քիչ է առողջ կար­ծիք մը ձե­ւաւո­րելու եւ դա­տումներ կա­տարե­լու հա­մար։

Դժո­ւար, սա­կայն ոչ ան­կա­րելի վայր մըն է ան, հայ դպրո­ցը։ Հոն կա­րելի է տես­նել մեր հա­ւաքա­կանու­թեան ման­րանկա­րը։ Պա­տանի­ները, մա­նուկնե­րը իրենց տան ար­ձա­գանգն է որ կը բե­րեն շատ ան­գամ մե­զի, փո­խադարձ մեզ­մէ տուն տա­նելով նաեւ մեր ձայ­նը։ Պի­տի չմոռ­նամ եր­բեք առա­ջին աշա­կեր­տուհի­ներէս մէ­կուն հե­տեւեալ խօս­քը. «Կ՚ու­զեմ սոր­վիլ բա­ներ, որ կա­րենամ պատ­մել ըն­տա­նիքիս ու բա­րեկամ­նե­րուս»։ Իր այս խօս­քը դար­ձած էր իմ առաջ­նորդս, կար­գա­խօսս ու կը ջա­նայի զա­նոնք կրթել, դաս­տիարա­կել, իրենց բա­ներ մը սոր­վեցնել այդ սկզբունքով նաեւ։ Յա­ջողե­ցայ թէ ոչ՝ չեմ գի­տեր, սա­կայն նոյն այս աշա­կերտս երբ Լե­ւոն արք. Զե­քիեանի բա­նախօ­սու­թեան ըն­թացքին պա­տաս­խա­նած էր իր մէկ հար­ցումին՝ ես հպարտ էի իր­մով ու նաեւ ան­չափ եր­ջա­նիկ։

Ան­ցեալ եր­կու տա­րինե­րուն թա­տերա­խաղեր դի­տեցինք միասին, այ­ցե­լեցինք թան­գա­րան­ներ, լսե­ցինք բա­նախօ­սու­թիւններ, եր­գեր ալ սոր­վե­ցու­ցի՝ միշտ յի­շելով առա­ջին սոր­ված հա­յերէն երգս։ Իրենցմով ես իմ մէջ կը ճամ­բորդէի շատ ան­գամ, կ՚եր­թա­յի խո­րունկնե­րը իմ կեան­քիս, կը յի­շէի զիս իբր մա­նուկ, կը փնտռէի իմ առա­ջին ու­սուցիչ­ներս ու կը ջա­նայի նաեւ ըլ­լալ անոնց պէս։ Դառ­նալ սի­րելի, ըլ­լալ ան­մո­ռանա­լի, ձգել հետք մը անոնց կեան­քին մէջ, դրոշմ մը իրենց ան­մեղ սրտիկ­նե­րուն վրայ։

Վեր­ջին եր­կու տա­րինե­րուն ես էի ձեր Կա­ղանդ պա­պան, սի­րելի տղաք։ Կը խոս­տո­վանիմ այ­լեւս։ Թէեւ ձեզ­մէ ոմանք իրենց ու­շիմ հա­յեացքնե­րով նշմա­րեր էին եւ ամէն ան­գամ մի­ջանցքնե­րուն մէջ ճամ­բաս կտրե­լով «Կա­ղանդ պա­պան դուն ես, չէ՞» կ՚ըսէին։ Ես միշտ կ՚ու­րա­նայի, կը նե­րէք տղաք եւ աղ­ջիկներ։ Չէի ու­զեր, որ Կա­ղանդ պա­պային սուտ մը ըլ­լա­լը գիտ­նաք։

Նաեւ մեր ան­մո­ռանա­լի պտոյտնե­րը։ Հա­սանք մին­չեւ Պոր­տօ, ափը ով­կիանո­սի։ Հայ­կա­կան խա­ները պտտած էինք, տե­սած էինք Զօհ­րա­պին տու­նը, գրա­սենեակը։ Ձեզ Սի­լիվ­րի ալ տա­րի, հոն­կէ Պար­տի­զակ գա­ցինք, բա­նաս­տեղծ Ռու­բէն Սե­ւակի հետ­քե­րով։ Սե­ւակի ձեռ­նարկի յա­ջոր­դող օրե­րուն սա­կայն մութ ու­ժեր ցոյց տո­ւին իրենց մա­գիլ­նե­րը։ Կա­ղանդ պա­պան սուտ մըն էր ահա­ւասիկ։ Ան­հանգիստ եղած էին չեմ գի­տեր ին­չէն։ Կան­չեր էին վար­դա­պետ­նե­րը, որոնք հե­զու­թեամբ գա­ցեր էին անոնց ոտ­քը։ Ստա­ցած էին պա­տուէ­րը։ Քա­նի մը օր ետ­քը դար­ձեա՛լ կան­չըւեր էին չեմ գի­տեր ուր։ «Ձեր դպրո­ցին Կա­ղանդ պա­պան՝ Սե­ւան Տէ­յիր­մենճեանը ան­ցանկա­լի մէկն է», ըսած էին անոնք իրենց։ Վար­դա­պետ­նե­րը լե­ղապա­տառ կտրած՝ եկած ու հրա­ժարա­կանս կը պա­հան­ջէին Մխի­թար Աբ­բա­հօր խիստ հա­յեաց­քին ներ­քոյ։ Պատ­ճառ մը չկար, բա­նաւոր, տրա­մաբա­նական որե­ւէ պատ­րո­ւակ չէին կրնար անոնք տալ ին­ծի, հար­ցումներս կը մնա­յին ան­պա­տաս­խա­նի. «Ով­քե՞ր են այդ ան­ձե­րը, որոնք կան­չած են ձեզ, ի՞նչ ըսին իմ մա­սիս, ին­չո՞վ կը մե­ղադ­րէին զիս»։ Սոր­վե­ցայ միայն, թէ հայ են անոնք, այդ եր­կու մար­դե­րը։ Անոնցմէ մէկն ալ հո­գաբար­ձութեան ատե­նապետ մը։

Չհրա­ժարե­ցայ ան­շուշտ, որով­հե­տեւ չէի ու­զեր տղա­քը առանց Կա­ղանդ պա­պայի ձգել։ Դեռ ընե­լիք­ներ կա­յին։ Նոր սկսեր էի։ Յա­ջորդ տա­րուան 10-րդ դա­սարա­նի սա­ներուս ԺԹ դա­րու գրա­կանու­թիւն պի­տի սոր­վեցնէի. Դու­րեանին քով թե­րեւս քիչ մը Աբո­վեան, Րաֆ­ֆիին վրայ ալ Ծե­րենց մը։ 11-րդ դա­սարա­նի նոր աշա­կերտներս գի­տէի որ ին­ծի կը սպա­սեն։ Հա­մալ­սա­րանի քննու­թեան տաղ­տուկը զի­րենք հետզհե­տէ պի­տի գրա­ւէր, սա­կայն ես պի­տի փոր­ձէի գո­նէ բա­ներ մը կար­դացնել իրենց Զ. Պի­պեռեանէն, Մ. Մար­կո­սեանէն կամ Ռ. Հատ­տե­ճեանէն։

Փոր­ձե­ցի մնալ ամէն կեր­պով եւ խիղճս մա­քուր է այս իմաս­տով։ Ի պա­հան­ջել հար­կին իրա­ւական ամէն ջանք ալ պի­տի գոր­ծադրեմ վերստին միանա­լու հա­մար աշա­կերտնե­րուն, որոնցմէ առ­նե­լիք­ներս աւե­լի շատ են, քան տա­լիք­ներս։ Ու ժա­մանա­կի մը, երբ հա­յոց լե­զուի ու գրա­կանութեան ու­սուցիչ­ներ գո­յու­թիւն չու­նին եւ մո­մով կը փնտռո­ւին, պի­տի չար­տօ­նեմ որ անա­նուն ու դի­մազուրկ մար­դիկ, մութ ու­ժեր, ու­զածնուն պէս խա­ղան հայ դպրո­ցի ճա­կատա­գիրով։ Եւ ապի­կար վա­րիչ­ներ իրենց տկա­րու­թեամբ ըն­թացք տան նման ան­հիմն, պա­րապ ու սին սպառ­նա­լիք­նե­րու։

Ու հի­մա նստած կը սպա­սեմ վեց­գի­րը։ Լաւ չեմ։ Ծրա­գիր­ներս այ­րե­ցին։ Իրենց աղ­տոտ ձեռ­քե­րով ու ցե­խոտ ոտ­քե­րով տունս տակ­նուվրայ ըրին։

Բար­կա­ցած եմ եւ պի­տի չնե­րեմ։

Լաւ չեմ, լաւ պի­տի չըլ­լամ, լաւ մի՛ եղէք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ