2Յունիսին Գերմանիոյ Դաշնութեան խորհրդարանի որոշումէն ետք Թուրքիոյ պետական աւագանին տարբեր մակարդակներով արտայայտեց իր հակազդեցութիւնը։ Ապա վրայ հասաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեանի նամակը՝ ուղղուած Նախագահ Էրտողանին։ Նամակը իր բովանդակութեամբ դժգոհութիւն պատճառեց բազմաթիւ հայերու։ Իր խմբագրականով «Ակօս» այդ դժգոհ զանգուածի ձայնը հանդիսացաւ։ Թերթիս էջերուն մէջ հրատարակուած խմբագրականը իր կարգին բազմաթիւ զօրակցական մեկնաբանութիւններ ստացաւ համացանցի վրայ։ Միւս կողմէն նշենք որ նման քննադատական մեկնաբանութիւններ կատարուեցան Արամ Արք.ի ստորագրութեամբ Թուրքիոյ Նախագահին ուղղուած նամակին տեղադրուած պատրիարքարանի կայքէջին, որոնք իսկոյն ջնջուեցան։
Կը խուսափինք հայերէն էջերու մէջ պատրիարքական աթոռի դժբախտ նամակի ամբողջական պատճէնը հրատարակելէ։ Ի վերջոյ բաւական սուղ են հայերէն բաժնի սակաւաթիւ էջերը եւ ընթերցողը ո՛չ մէկ բան պիտի շահի նման նուաստացուցիչ գրութիւն մը կարդալով։ Մնաց որ հետաքրքիրներ Արամ Սրբազանի գրութեան կրնան հետեւիլ Պատրիարքարանի կայքէջէն կամ թերթիս համացանցային տարբերակի արեւելահայերէն թարգմանութենէն։
Սովորական ընդհանրացում մըն է ըսել թէ հոգեւորական դասը յաճախ իշխանամէտ դիմագիծ կ՚ունենայ։ Սակայն այս աստիճանի հասնող իշխանամէտութիւնը պիտի դիտուի որպէս պատուազուրկ ընթացք։ Եւ ափսոս որ այս դժբախտ ելոյթը կատարուած է յանուն բովանդակ պոլսահայութեան։
Այս պայմաններու մէջ անգամ մը եւս շեշտենք որ պոլսահայութիւնը ապրելով իբրեւ Թուրքիոյ քաղաքացի, 1915-ի ցեղասպանութեան նիւթին շուրջ դոյզն իսկ չի տարբերիր համայն հայութենէն, քանի որ այս համայնքի իւրաքանչիւր անհատ իր ընտանեկան պատմութեան բերմամբ կը շարունակէ պահանջատէր մնալ արդարութեան իրականացման համար։