Թէեւ առաջարկը եկած էր «Օրբելի» Հասարակական կազմակերպութենէն, սակայն լրատու բոլոր գործակալութիւնները թուրքիացի տասը լրագրողներու հայաստանեան հանդիպումը ներկայացուցին իբրեւ կառավարութեան նախաձեռնութիւն։ Անշուշտ որ «Օրբելի»ի գործիչները իրենց ծրագիրը մշակելու ընթացքին խորհրդակցութիւններ ունեցան նաեւ կառավարական շրջանակներու հետ, որոնց հետեւանքով կարելի եղաւ լրագրողներու հանդիպումը Վարչապետ Փաշինեանի եւ այլ բարձրաստիճան պետական պաշտօնեաներու հետ։
Այնպէս թէ այսպէս, ծրագիրը հասաւ իր նպատակին եւ մասնակից մամուլի գործիչները, ըլլան իշխանամէտ, ըլլան ընդդիմադիր կամ ազատ մամուլ, ընդհանրապէս դրական մեկնաբանութիւններով նկարագրեցին իրենց Հայաստանեան եռօրեայ շփումները։
Երկրի յառաջատար մետիայի ներկայացուցիչներ այդ եռօրեայ հանդիպումներու ժամանակ բաւականին գոհացուցիչ պատասխաններ ստացան Նիկոլ Փաշինեանէ, Ռուբէն Ռուբինեանէ եւ այլ պաշտօնակատարներէ։ Խումբին մաս կը կազմէր նաեւ «Ակօս»ի անձնակազմէն տիկին Լուսյէն Քոփար։ Ան իբրեւ լրագրողներու պատուիրակութեան միակ հայ անդամուհին, որ ուսանողութեան տարիները անցուցած է Երեւանի մէջ, ինքնաբերաբար ստանձնեց նաեւ հիւրընկալի կամ տանուտէրի պարտականութիւնը, իր պաշտօնակիցներուն հանդէպ։
Լրագրողներու այցելութեան յատկանշական ապրումներէն մէկն ալ Մարգարայի անցակէտի վրայ ապրուեցաւ։ Անոնք տեսան Հայաստանի տարած աշխատութիւնը սահմանադուռի բացման ընդառաջ։ Արդարեւ վերադարձին հրապարակուած գրութիւններու մէջ ակնարկութիւններ կային Ատրպէյճանի ազդեցութեան մասին։ Նոյնիսկ այդ ազդեցութիւնը նկատուեցաւ կատարուած դրական մեկնաբանութիւններու դէմ դժգոհութեան արտայայտութիւններով։
Վերջապէս թուրքիացի լրագրողներու այցելութիւնը նպաստեց գոնէ որոշ զանգուածի մը համար կանխապաշարուած կարծրատիպերու, եթէ ոչ բոլորովին փլուզման, առնուազն վերատեսութեան մատնուելուն։