«Կը վերանայինք վաքըֆին պատկանող ամէն բան»

Պալաթի Սուրբ Հրեշտակապետ Եկեղեցւոյ ընտրութիւնները տեղի ունեցած էին 4 Դեկտեմբեր 2022-ին։ Նախկին վարչութենէն պարտքով պաշտօնը ստանձնող ներկայ վարչութիւնը, հիմնարկի եկամուտը 20 հազար թրքական ԹԼ-էն բարձրա­ցուց 370.000 ԹԼ.-ի, սա­կայն կը վճա­րէ 700.000 ԹԼ. հար­կա­յին պարտքե­րը: Ատե­նապե­տու­հի Քա­վաֆեան խօ­սեցաւ 26 ամիս­նե­րու ըն­թացքին Պա­լաթի Հիմ­նարկին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած զար­գա­ցումնե­րուն մա­սին:

«Ներ­կա­յիս մեր վար­ձա­կալու­թեան եկա­մու­տը 370.000 թրքա­կան լի­րա է: Հրանդ Տինք Հիմ­նարկը ամ­բողջ ար­խի­ւը ու­սումնա­սիրած է եւ ան­հա­ւատա­լի գործ մը իրա­կանա­ցու­ցած: Թէ՛ անոնք, թէ՛ մեր ան­հա­տական հե­տազօ­տու­թիւննե­րով, կը վե­րանա­յինք հիմ­նարկին պատ­կա­նող ամէն բա­նի:

Միայն 1936-ի Յայ­տա­րարագ­րին մէջ 79 սե­փակա­նու­թիւն կ՚երե­ւի: Աս­կէ զատ, նաեւ հին պայ­մա­նագ­րե­րէն յայտնա­բերած ենք այլ կա­լուած­ներ: Ներ­կա­յիս 17 դա­տական գոր­ծեր ու­նինք, որոնք կը շա­րու­նա­կուին: Անոնցմէ եօթը շա­հած ենք: Գոր­ծընթա­ցը ներ­կա­յիս Վե­րաքննիչ Դա­տարա­նի մէջ է: Դա­տական ծախ­սե­րը վճա­րելու մեծ դժո­ւարու­թիւններ ու­նե­ցանք։ Դի­մեցինք Օր­թա­գիւ­ղի, Գա­րակէօզեան Որ­բա­նոցի, Եր­րորդու­թիւնի, Էյիւ­պի Սուրբ Աս­տո­ւածած­նի, Սա­մաթիոյ, Գը­նալը Կղզիի թա­ղակա­նու­թիւննե­րուն։ Շնոր­հա­կալ ենք իրենց աջակ­ցութեան: Պակ­սող գու­մա­րը ամ­բողջա­ցաւ բա­րերար­նե­րու կող­մէ: Փաս­տա­բան­նե­րը կը զբա­ղին իրա­ւական հե­տապնդու­մով, իսկ մենք՝ ֆի­նան­սա­կան մասով:


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ