Դէպի ժողովրդավարութեան յատակը

Իս­թանպու­լի քա­ղաքա­պետ Էք­րեմ Իմա­մօղ­լո­ւի նա­խագա­հական թեկ­նա­ծու­թեան յստա­կացու­մէն այս կողմ, իշ­խա­նու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն եկող դա­ւադ­րութիւննե­րը հա­սան իրենց գա­գաթ­նա­կէտին։ Բո­լորին ծա­նօթ իրո­ղու­թիւն է թէ Էք­րեմ Իմա­մօղ­լու Էր­տո­ղանի իշ­խա­նու­թեան դէմ մղած բո­լոր պայ­քարնե­րէն յաղ­թա­նակով դուրս եկաւ։ Հար­ցա­խոյզնե­րը կը վկա­յեն թէ նա­խագա­հական ընտրու­թեան մը յաղ­­թո­­­ղը եւս ինք պի­­տի ըլ­­լայ։ Հա­­ւանա­­կան պար­­տութիւ­­նը վե­­րաց­­նե­­­լու մի­­տու­­մով զա­­նազան դա­­տեր յա­­րու­­ցո­­­ւեցան իր դէմ, ուր տար­­բեր պա­­տիժ­­նե­­­րու կող­­քին կը պա­­հան­­ջո­­­ւէր նաեւ քա­­ղաքա­­կանու­­թեան ար­­գի­­­լու­­մը։ Բո­­լորն ալ ար­­հեստա­­կան կեր­­պով հնա­­րուած մե­­ղադ­­րանքնե­­րով լե­­ցուն այդ դա­­տերը բա­­ւարար չե­­ղան Իմա­­մօղ­­լո­­­ւի եր­­թը կա­­սեց­­նե­­­լու։ Ստեղ­­ծո­­­ւեցաւ նոր պատ­­րո­­­ւակ մը, որ վի­­ճելի պի­­տի դարձնէր անոր հա­­մալ­­սա­­­րանի վկա­­յակա­­նը։ Այս նիւ­­թով ալ բա­­զում ճնշումներ գոր­­ծադրո­­ւեցան, որոնց հե­­տեւան­­քով հա­­մալ­­սա­­­րանի պատ­­կան բաժ­­նի տե­­սու­­չը հար­­կադրո­­ւեցաւ հրա­­ժար­­ման։ Այս ան­­գամ Իս­­թանպու­­լի Հա­­մալ­­սա­­­րանի խոր­­հուրդն է որ 28 այլ շրջա­­նաւարտնե­­րու հետ միասին չե­­ղեալ հա­­մարեց նաեւ Էք­­րեմ Իմա­­մօղ­­լո­­­ւի վկա­­յակա­­նը։

Թուրքիոյ վար­­չա­­­կան կա­­նոնագ­­րի հա­­մաձայն նա­­խագա­­հի թեկ­­նա­­­ծու ըլ­­լա­­­լու հա­­մար անհրա­­ժեշտ է հա­­մալ­­սա­­­րանի վկա­­յակա­­նը։ Հե­­տեւա­­բար Իս­­թանպու­­լի Հա­­մալ­­սա­­­րանի Խոր­­հուրդի այդ որո­­շու­­մը ար­­դէն բա­­ւարար էր Իմա­­մօղ­­լուն մրցու­­մէն դուրս բե­­րելու հա­­մար։

Սա­­կայն այս որո­­շու­­մը ինք չե­­ղեալ կրնար հա­­մարո­­ւիլ դա­­տական հա­­կառակ ուղղու­­թեամբ վճի­­ռով մը։ Ու­­րեմն աւե­­լիին կա­­րիք կար։

Այդ աւե­­լին եկաւ 19 Մարտ Չո­­րեք­­շաբթի առա­­ւօտո­­ւան կա­­նուխ ժա­­մերուն։ Բազ­­մա­­­հարիւր ոս­­տի­­­կան­­ներ պա­­շարե­­ցին Իմա­­մօղ­­լո­­­ւի բնա­­կարա­­նը եւ բեր­­ման են­­թարկե­­ցին զինք։

Նոյն ժա­­մերուն բեր­­ման են­­թարկո­­ւեցան նաեւ Շիշ­­լիի եւ Պէյ­­լիքտիւ­­զի­­­ւի քա­­ղաքա­­պետ­­նե­­­րը։ Անոնց հետ միասին բեր­­ման են­­թարկո­­ւեցան քա­­ղաքա­­պետա­­րանի աշ­­խա­­­տակազ­­մէն աւե­­լի քան հա­­րիւր ան­­ձեր։

Անակնկալ այս զար­­գա­­­ցու­­մը բնա­­կանա­­բար ու­­նե­­­ցաւ տար­­բեր բնոյ­­թի հե­­տեւանքներ։ Իս­­թանպու­­լի սա­­կարա­­նը ահ­­ռե­­­լի ան­­կում ու­­նե­­­ցաւ։ Եւ­­րո­­­յի եւ ԱՄՆ տո­­լարի նման տա­­րադ­­րամներ մրցան­­շա­­­յին աճ ար­­ձա­­­նագ­­րե­­­ցին։ Մէկ օր առաջ 40 ԹԼ հա­­շուող Եւ­­րոն գե­­րազան­­ցեց 45-ի սահ­­մաննե­­րը եւ հա­­զիւ ժա­­մեր անց նա­­հան­­ջեց դէ­­պի 42 ԹԼ.։

Հա­­մարեա բո­­լոր քա­­ղաքա­­կան կու­­սակցու­­թիւննե­­րը շատ բուռն կեր­­պով հա­­կազ­­դե­­­ցին Իմա­­մօղ­­լո­­­ւի դէմ գոր­­ծադրո­­ւած անար­­դա­­­րու­­թեան։

Ժո­­ղովրդա­­հան­­րա­­­պետա­­կան կու­­սակցու­­թեան պետ Էօզ­­կիւր Էօզէլ կա­­տարո­­ւածը պե­­տական հա­­րուած ըլ­­լա­­­լով բնու­­թագրեց եւ յայտնեց թէ մտա­­դիր չեն դոյզն իսկ ետ­­քայլ ընե­­լու։

Նշենք թէ քա­­ղաքա­­պետ Իմա­­մօղ­­լո­­­ւի ուղղո­­ւած մե­­ղադ­­րանքնե­­րու շար­­քէն կ՚ակ­­նարկո­­ւի նաեւ ահա­­բեկ­­չա­­­կան կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը ղե­­կավա­­րելու յան­­ցանքը։ Այս տե­­սակի մե­­ղադ­­րանքի պա­­րագա­­յին Ներ­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարա­­րու­­թիւնը իրա­­ւասու կը դառ­­նայ զինք պաշ­­տօ­­­նանկ ընե­­լու եւ իր տեղ տե­­ղապահ մը նշա­­նակե­­լու։

Իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը մէկ կող­­մէ ալ կան­­խա­­­միջոց­­ներ կը որո­­նեն բո­­ղոքի զան­­գո­­­ւածա­­յին ցոյ­­ցե­­­րու դէմ։ Մեթ­­րո­­­յի Թաք­­սի­­­մի կա­­յարա­­նը ար­­գե­­­լափա­­կուած է։ Նոյնպէս Անվտան­­գութեան ծա­­ռայու­­թեան կեդ­­րոնական շէն­­քի յա­­րակից բո­­լոր փո­­ղոց­­նե­­­րը եւ Վա­­թան պո­­ղոտան դար­­ձեալ փակ է եր­­թե­­­ւեկու­­թեան։ Դա­­տական գոր­­ծընթա­­ցի հետ առնչո­­ւած լու­­րե­­­րու շրջա­­նառու­­թիւնն ալ ար­­գի­­­լուած է դա­­տախա­­զու­­թեան պա­­հան­­ջով։

Էօզ­­կիւր Էօզէլ փո­­խած է իր ըն­­թա­­­ցիկ ծրա­­գիր­­նե­­­րը եւ իր հետ ու­­նե­­­նալով կու­­սակցու­­թեան նախ­­կին պետ Քը­­լըչ­­տա­­­րօղ­­լուն, ուղղո­­ւած է դէ­­պի Իս­­թանպուլ։

Միւս կող­­մէ Ան­­գա­­­րայի քա­­ղաքա­­պետ Ման­­սուր Եավաշ յայ­­տա­­­րարած է թէ կ՚առ­­կա­­­խէ նա­­խագա­­հու­­թեան իր թեկ­­նա­­­ծու­­թիւնը։ Ան­­ցեալին ան ըսե­­լով թէ տա­­կաւին եր­­կար ժա­­մանակ կայ եւ ինք պաշ­­տօն ստանձնած է մայ­­րա­­­քաղա­­քի բնա­­կիչ­­նե­­­րուն ծա­­ռայե­­լու հա­­մար, չէր մաս­­նակցած նա­­խագա­­հական թեկ­­նա­­­ծու­­թեան բա­­նավէ­­ճերուն։ Սա­­կայն չէր բա­­ցառած նաեւ որ պայ­­մաննե­­րու հա­­մաձայն ինք եւս կրնայ թեկ­­նա­­­ծու­­թիւն առա­­ջադ­­րել։ Հի­­մա այդ վար­­կա­­­ծը կը մեր­­ժէ եւ կ՚ըսէ թէ ինք առիթ որ­­սա­­­ցող պա­­տեհա­­պաշտ մը չէ։

Իս­­թանպու­­լի Հա­­մալ­­սա­­­րանի ու­­սա­­­նող­­նե­­­րը ճեղ­­քե­­­լով ոս­­տի­­­կանա­­կան պատ­­նէ­­­շը, հա­­ւաքո­­ւեցան պատ­­մա­­­կան դար­­պա­­­սի առ­­ջեւ եւ Եըլ­­տըզ, Պո­­ղազի­­չի ու Իս­­թանպուլ Թեք­­նիք Հա­­մալ­­սա­­­րան­­նե­­­րու ու­­սա­­­նող­­նե­­­րու ալ մաս­­նակցու­­թեամբ հան­­րա­­­հաւաք կա­­տարե­­ցին։ Յայտնի է որ ծա­­ւալող անօ­­րէնու­­թիւնը փլած է վա­­խի հո­­գեբա­­նու­­թիւնը եւ հա­­մալ­­սա­­­րանա­­կան­­ներ եր­­կար տա­­րիներ ետք կրկին փո­­ղոց իջած։

Զար­­գա­­­ցումնե­­րը ար­­ձա­­­գանգ գտան նաեւ օտար եր­­կիրնե­­րու մէջ ալ։ Ար­­դա­­­րեւ Հա­­յաս­­տա­­­նի լրա­­տուա­­միջոց­­ներ կը դի­­մեն «Ակօս»ի խմբագ­­րութիւն, պա­­տահած­­նե­­­րու մա­­սին լու­­սա­­­բանու­­թիւն պա­­հան­­ջե­­­լով։

Նա­­խագա­­հական թեկ­­նա­­­ծուի մը դէմ գոր­­ծադրո­­ւած այս ար­­գելքնե­­րը հար­­ցա­­­կանի տակ կը դնեն երկրի օրի­­նակա­­նու­­թիւնը եւ ժո­­ղովրդա­­վարու­­թիւնը։ Վա­­ղուց ան­­ցած ենք «Ալ այսքանն ալ չըլ­­լար» առար­­կութեան նշա­­ցողը։ Այ­­լեւս ոչ ոք կրնայ են­­թադրել թէ տա­­կաւին ին­­չեր ու ին­­չեր կրնան ըլ­­լալ, յա­­րատեւ պա­­հելու հա­­մար գոր­­ծող իշ­­խա­­­նու­­թիւնը։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ