Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրամանաւ եւ օրհնութեամբ, Բուն Բարեկենդանի առթիւ, Հաթայի եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, մեկնեցաւ Էլազըղ: Հովուական ուղեւորութեան ընթացքին, Տէր Հօր կ’ընկերանար Իսկենտէրունի Ս. Քառասուն Մանկունք Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Բրկ. Եուսուֆ Ուր. Դպ. Թապաշեան:
Տէր Հայրը 1 Մարտ 2025, Շաբաթ առաւօտուն, Էլազըղի Հայոց Գերեզմանատան Ս. Նշան Մատրան մէջ Ս. Պատարագ մատոյց, որու ընթացքին քարոզեց նիւթ ունենալով Բարեկենդանը, որ կը խորհրդանշէր դրախտի մէջի մարդու կեանքը: Տէր Հայրը ըսաւ թէ բարեկենդանը կը խորհրդանշէ Աստուծոյ հետ մեր ապրած կեանքը, շեշտեց անոր կարեւորութիւնը, իսկ մեզ այդ ուրախ կեանքէն հեռացնող ամէն ինչ մեզ մեղքի տանող ազդակներ են: Ան ըսաւ. «Բարեկենդանութիւնը կ’ըլլայ հաւատքով ու սիրով»:
Քարոզի վերջաւորութեան Տէր Հայրը ներկաներուն հաղորդեց Նորին Ամենապատուութեան հայրական օրհնութիւնները:
Ապա կատարուեցաւ պաշտօն՝ Էլազըղի մեր հաւատացեալ հանգուցեալներու հոգւոցն ի հանգիստ: Իսկ յաւարտ արարողութեանց՝ փակուեցաւ մատրան վարագոյրը ի նշան Մեծ Պահքի:
Հակառակ տիրող ցուրտին, արարողութեան մասնակցեցան տեղւոյն փոքրաթիւ հայ համայնքի անդամները, ինչպէս նաեւ Տիյարպաքըրէն ժամանած, տեղւոյն Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի անդամներէն Վոլքան Արատի գլխաւորութեամբ հաւատացեալներ:
Տէր Հայրը մէկտեղուեցաւ ու զրուցեց տեղւոյն մերազն ժողովուրդի անդամներուն հետ:
Յաջորդ առաւօտ՝ 2 Մարտ 2025, Կիրակի, Մալաթիոյ Հայոց Գերեզմանատան Ս. Յարութիւն Մատրան մէջ Ս. Պատարագ մատոյց, որու ընթացքին խրատական խօսեցաւ մեր կեանքին մէջ պահքի կարեւորութեան եւ մեր բարեփոխութեան համար սքանչելի առիթ ըլլալուն մասին: Մաղթեց, որ Բարեկենդանը օրհնութիւններ թող բերէ մեր կեանքերուն եւ առիթ ըլլայ Աստուծոյ ու մարդու մերձեցման: Տէր Հայրը ապա ներկաներուն հաղորդեց Նորին Ամենապատուութեան հայրական օրհնութիւնները:
Կատարուեցաւ պաշտօն՝ Մալաթիոյ մեր հաւատացեալ հանգուցեալներու, ի մասնաւորի քառասնօրեայ հանգուցեալ Վահէ Պենկիի հոգւոյն ի հանգիստ:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին փակուեցաւ մատրան վարագոյրը ի նշան Մեծ Պահքի:
Արարողութեանց մասնակցեցան տեղւոյն փոքրաթիւ հայ համայնքի անդամները:
Տէր Հայրը այստեղ եւս մէկտեղուեցաւ ու զրուցեց տեղւոյն մերազն ժողովուրդի անդամներուն հետ եւ իրենց մաղթեց առողջ ու օրհնութիւններով լի Մեծ Պահոց շրջան մը:
Նոյն իրիկուն, Տէր Հայրը եւ Բրկ. Եուսուֆ Ուր. Դպ. Թաշապեան ցամաքի ճամբով վերադարձան Հաթայ: