Կանայք դարձեալ ճեղքեցին ոստիկանական պատնէշը

Թաքսի­մի մէջ տա­րինե­րով հա­զարա­ւոր կի­ներու մաս­նակցու­թեամբ կա­տարուող 8 Մար­տի գի­շերա­յին քայ­լարշա­ւէն ժա­մեր առաջ, Պէ­յօղ­լո­ւի գա­ւառա­պետը այս տա­րի նո­րէն ար­գի­լեց կի­ներու երթը։

Գա­ւառա­պետա­րանէն կա­տարո­ւած յայ­տա­րարու­թեան մէջ, 2025, 8 Մար­տին Թաք­սի­մի եւ շրջա­կայ­քի մէջ ծրագ­րո­ւած հա­ւաք­նե­րը եւ քայ­լարշաւ­նե­րը ար­գի­լուե­ցան։ Որ­պէս որոշ­ման պատ­ճառ ցոյց տրո­ւեցաւ հան­րա­յին կար­գի եւ ըն­կե­րային խա­ղաղու­թեան պահ­պա­նու­մը։ Ար­գելքի շրջա­նակին մէջ Թաք­սի­մի Հրա­պարա­կը, «Կե­զի» զբօ­սայ­գին, Իս­թիքլալ Պո­ղոտան եւ շրջա­կայ­քը հե­տեւակ­նե­րու եւ ինքնա­շարժնե­րու եր­թե­ւեկու­թեան հա­մար փակ եկաւ։ Յայ­տա­րարու­թեան մէջ նշո­ւած է, որ «անհրա­ժեշտ պա­րագա­ներուն վե­րահսկո­ւող մուտքե­րուն ար­տօ­նու­թիւն պի­տի տրո­ւի», մինչ գա­ւառին մէջ «որե­ւէ ըն­կե­րային դէպ­քի հա­ւանա­կանու­թեան դէմ» լրա­ցու­ցիչ ապա­հովա­կան մի­ջոց­ներ առ­նո­ւեցան։

Իբ­րեւ կան­խա­միջոց ար­գի­լուե­ցաւ նաեւ հա­սարա­կական եր­թե­ւեկու­թեան Թաք­սիմ Հրա­պարա­կը։ Մեթ­րո­յի սան­ձը շրջան­ցեց Թաք­սի­մի կա­յարա­նը։

Ի դէմ բո­լոր այս կան­խա­միջոց­նե­րուն ֆե­մինիստնե­րը, 8 Մարտ Մի­ջազ­գա­յին Կի­ներու Օրո­ւան առ­թիւ 23 տա­րինե­րէ ի վեր կա­տարո­ւող «Ֆե­մինիս­տա­կան Գի­շերա­յին Քայ­լարշաւ»ին հա­մար 8 Մարտ Շա­բաթ օր ժա­մը 19.30-ին Թաք­սի­մի մէջ հա­ւաքո­ւեցան։

Անոնք յա­ջողե­ցան ճեղ­քել ոս­տի­կանա­կան պատ­նէ­քը եւ վան­կարկումնե­րով կա­տարել եր­թը։

Նշենք որ օրո­ւայ ըն­թացքին ֆե­մինիստնե­րը հան­րա­հաւաք, կա­տարած էին նաեւ Գա­տըգիւղ Սիւ­րէ­յեա Օփե­րայի առ­ջեւ։ Անոնք «Կեց­ցէ Մարտ 8-ը, կեց­ցեն կա­նայք» կար­գա­խօսով երթ կա­տարե­ցին դէ­պի Գա­տըգիւ­ղի նա­ւամա­տոյց։

Կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը ըսին. «Դժո­ւար օրե­րէ կ՚անցնինք։ Մէկ կող­մէն տնտե­սական ճգնա­ժամի, միւս կող­մէն բռնու­թեան մա­սին կը խօ­սինք։ Կա­նանց սպա­նու­թիւննե­րուն մա­սին կը խօ­սինք, բայց միաժա­մանակ խա­ղաղու­թեան մա­սին ալ կը խօ­սինք։ Մեր առ­ջեւ եր­կար ճամ­բայ կայ։ Այս ճամ­բուն վրայ եր­բեմն կորսնցու­ցինք։ Եր­բեմն մեր ձեռք բե­րած­նե­րուն դէմ յար­ձա­կումներ եղան։ Թե­րեւս անոնք փոքր մա­սը ետ վերցնե­լու յա­ջողե­ցան»։

Իս­թանպու­լի Փաս­տա­բանա­կան Կա­ճառը յայ­տա­րարեց, որ 10 հո­գի, որոնցմէ մէ­կը փաս­տա­բան, ձեր­բա­կալուած են։

Տա­րինե­րու փոր­ձով յայտնի է թէ Կա­ռավա­րու­թեան նման բնոյ­թի ար­գելքնե­րը ինքնա­բերա­բար տե­ղի կու տան հա­կազ­դե­ցու­թիւննե­րու։ Այս տե­սակի բո­ղոքի ցոյ­ցե­րը, նե­րառեալ Մա­յիս Մէ­կեան եր­թե­րը կը կա­յանան խա­ղաղու­թեան պայ­մաննե­րուն մէջ, եթէ իշ­խա­նու­թիւննե­րը ար­գելքներ չյա­րու­ցեն։

Ու­րեմն կա­րելի է մտա­ծել թէ գոր­ծող կա­ռավա­րու­թիւնը նման սրո­ւածու­թիւն հրահ­րե­լով կը փոր­ձէ հա­սարա­կու­թեան մէջ բե­ւեռա­ցումներ, պա­ռակ­տումներ գո­յաց­նել, որու շնոր­հիւ պի­տի կա­րենայ ամ­րապնդել իր հա­մակիր­նե­րու շարքերը։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ