Այն ինչ որ մտավախութեան գլխաւոր տարրն էր, սկսած է իրականանալ ճիհատականներու իշխանութեան անցած Սուրիոյ մէջ։ Ընթերցողները պիտի յիշեն թէ Ասատի իշխանութեան կործանումով աւարտող միջազգային դաւադրութենէ ետք արեւմտեան երկիրները եւ Միացեալ Նահանգներ շատ դիւրաւ իւրացուցին կատարուածը եւ ՀԹՇ-ը դուրս բերին ահաբեկչական կազմակերպութեան իրավիճակէն։ Այդ պահուն իշխանափոխութիւն կատարողները կը խոստանային հեռու մնալ բռնութիւններէ եւ տեղի չի տալ ազգամիջեան կռիւներու։
Նախորդ շաբաթուայ ընթացքին իրար յաջորդեցին այս խոստումները հերքող զարգացումներ։ Կազմակերպեալ յարձակումներ կատարուեցան յատկապէս Լաթաքիոյ շրջանին ալեւիներու դէմ։ Առաջին տուեալներով յարձակումներու ընթացքին զոհուած են աւելի քան 70 անձեր։ Տեղական մարմիններու փոխանցումով այդ բախումներու ընթացքին սպաննուած են նաեւ 11 չեչեն եւ էօզպեք հայդուկներ, որոնք այժմ կը ներկայանան որպէս Սուրիոյ բանակի զինուորներ։
Հետաքրքրական է որ իշխանամէտ մամուլը պատահածները կը նկարագրէ որպէս նախորդ վարչակարգի համակիրներու յարձակումը իշխանութեան դէմ։ Նշենք որ այս ահաբեկչական մթնոլորտի մէջ Լաթաքիոյ հայ համայնքը որոշած է ընդհատել քաղաքի հայկական վարժարաններու ուսման առաքելութիւնը։
Նոյնպէս հայկական եկեղեցին ալ փակած է իր դռները, ժողովուրդին կոչ ընելով թէ տունը մնան եւ խուսափին դուրս ելլելէ։ Մտավախութիւնը ալ աւելի բարձրացաւ, երբ լսուեցաւ թէ մզկիթներէն ճիհատի կոչեր կը կատարուին։ Սպաննուած է նաեւ ալեւիներու սպանդի մասին «ֆեթվա» տալէ խուսափող սիւննի իմամ մը։ Զանազան շրջանակներ կը հաղորդեն նաեւ թէ Իտլիպի շրջակայքէն ճիհատական խմբակներ կը մեկնին դէպի Լաթաքիա եւ Տարտուս քաղաքները։ Լաթաքիան կարեւոր քաղաք է, հայոց համար, մանաւանդ որ մօտ անցեալին Քէսապ ուղղեալ ահաբեկչական յարձակումներու ընթացքին հայաբնակ այս վայրի բազմաթիւ հայեր լքած էին Քէսապը եւ ապաստանած Լաթաքիա։
Լաթաքիա համեմատաբար աւելի ապահով վայր կը համարուէր մանաւանդ այդտեղ կայացած ռուսական ռազմախարիսխի պատճառով։ Սակայն ինչպէս վերեւ նշեցինք, Ասատի վարչութեան կործանումը միջազգային դաւադրութիւն մըն էր, որու բաղադրիչներէն մէկն ալ նոյն ինքն Ռուսաստանն էր։
Անգամ մը եւս կը տեսնենք թէ գերտէրութիւններու միջամտութիւնը ինչպէս ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ մանաւանդ երկիրներու խաղաղ բնակիչներուն անվտանգութեան առումով։ Այդ գերտէրութիւնները իրենց բոլոր հաշիւները կը կատարեն գաղութատիրական նկրտումներով։ Անոնց համար նշանակութիւն չունի իրենց հետապնդած նպատակի իրականացման ընթացքին հեղուած արեան քանակը։
Այս զարգացումներուն կը հետեւին նաեւ յատկապէս Թուրքիոյ Անտիոք, Մերսին եւ Ալեքսատրեթի շրջաններուն բնակող ալեւիադաւան կամ քրիստոնեայ արաբները։
Դարձեալ շրջանառութեան մէջ է ապատեղեկատուական գործօնը, իշխանամէտ մամուլի միջոցաւ վերեւ նշուած քաղաքներու բնակիչները կը յաջողին շատ աւելի ստոյգ տեղեկութիւններու տիրանալ, քանի որ անոնք ազգականական կապերով յարաբերութեան մէջ են իրենց սուրիաբնակ ազգակիցներուն հետ։
Արձագանգներ
Թուրքիոյ մէջ ալեւիներու հասարակական կազմակերպութիւնները ահազանգ կը հնչեցնեն Սուրիոյ մէջ պատահածներու մասին։ Անոնք կը վախնան թէ կոտորածները պիտի ստանան զանգուածային բնոյթ եւ պիտի ներառեն նաեւ քրիստոնեաները։
Միւս կողմէ Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութեան պետ Էօզկիւր Էօզեր կառավարութեան կոչ ուղղեց իր ծանրութիւնը բերելու եւ հասարակ ժողովուրդին սպառնացող սպանդը կանխելու համար։
ՏԵՄ կուսակցութիւնն ալ յայտարարութիւն մը ընելով անդրադարձաւ գոյացած բախումնային մթնոլորտին եւ իր կարգին պահանջեց որ անմիջական կանխամիջոցներ գործադրուին։
Միջազգային լրատու գործակալութիւններ եւս պատահածները կը նկարագրեն տարբեր մեկնաբանութիւններով։ Ոմանք խնդիրը կը նկարագրեն Ասատի հաւատարիմ խմբակներու օրինական բանակին դէմ յարձակում ըլլալով։ Այնպէս թէ այսպէս անոնցմէ իւրաքանչիւրը զոհուածներու համար կը փոխանցեն տարբեր թիւեր։ Այդ թիւերուն բոլորն ալ բազմապատիկ անգամ կը գերազանցներ առաջին հերթին հաղորդուած 70 թուանշանը։ Ոմանք կը խօսին հարիւրաւոր, իսկ ոմանք ալ հազարաւորներու մահուան մասին։ Իշխանութիւնները պարէտային ժամ հռչակած են Լաթաքիա եւ Տարտուսի մէջ։