Հերթը հասաւ Շիշլի, Սարըյէր եւ Մալթեփէի քաղաքապետարաններուն

Հետզհե­տէ սո­վորա­կան երե­ւոյթ դար­ձած է ընդդի­մադիր կու­սակցու­թիւննե­րու նո­ւաճած քա­ղաքա­պետա­րան­նե­րու դէմ յա­րու­ցո­ւող դա­տական հար­ցաքննու­թիւննե­րը:

Իբ­րեւ այդ սո­վորու­թեան վեր­ջին օրի­նակ, 11 Մար­տի լրա­հոսով հրա­պարա­կուե­ցաւ Մալ­թե­փէ, Սա­րըյէր եւ Շիշ­լիի քա­ղաքա­պետա­րան­նե­րու անձնա­կազ­մէն 32 նախ­կին կամ գոր­ծող պաշ­տօ­նեանե­րու բեր­ման են­թարկու­մը:

Այս նոր դա­տական հե­տապնդման ետին կայ բո­ղոքի բնոյ­թով վկա­յու­թիւն մը, որուն հա­մաձայն նշեալ քա­ղաքա­պետա­րան­նե­րը 2014 եւ 2016 թո­ւական­նե­րու մի­ջեւ ապօ­րինի դրա­մի փո­խան­ցում կա­տարած են ՏՀՔԲ-Ճ ահա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պութեան:

Ինքնին այս պնդու­մը իսկ բա­ւարար է հա­մոզո­ւելու թէ, կա­տարո­ւած մե­ղադ­րանքը զուրկ է օրի­նական հիմ­քէ եւ չու­նի տրա­մաբա­նական բա­ցատ­րութիւն:

Միւս կող­մէ յստա­կաց­ման շէ­մին է Իս­թանպու­լի քա­ղաքա­պետ Էք­րեմ Իմա­մօղ­լո­ւի նա­խագա­հի թեկ­նա­ծու­թիւնը: Այս զար­գա­ցու­մին զու­գա­հեռ թափ տրո­ւած է իր դէմ զա­նազան հար­ցաքննու­թիւննե­րու: Վեր­ջա­պէս ար­դա­րադա­տական բնոյ­թով ճնշումնե­րը հա­սած են նաեւ իր անձնա­կազ­մին ու բա­րեկամ­նե­րուն: Այսպէս բազ­մա­թիւ անհտնե­րու կա­լուած­նե­րուն, ինքնա­շար­ժե­րուն եւ դրա­մատ­նա­յին հա­շիւ­նե­րը կա­լան­քի տակ դրո­ւած են, տե­ղի տա­լով բազ­մաբնոյթ դժո­ւարու­թիւննե­րու:

Ծի­ծաղե­լի մե­ղադ­րանք մըն ալ ու­ղո­ւած է յայտնի համ­տե­սող Վե­տաթ Մի­լորին:Ան վեր­ջերս այ­ցե­լած էր քա­ղաքա­պետա­րանի իբ­րեւ աղ­քատ զան­գո­ւածի ծա­ռայե­լու հա­մար գոր­ծող ճա­շարան­նե­րէն մէ­կուն: Իր սոց­ցանցի մէջ գնա­հատան­քով ար­տա­յայ­տո­ւած էր այդտեղ մա­տու­ցո­ւող ճա­շերու որա­կին մա­սին: Արեւտրա­կան Նա­խարա­րու­թիւնը այդ հրա­պարա­կու­մը որա­կեց իբ­րեւ քօ­ղար­կո­ւած գո­վազդ եւ համ­տե­սողը ստի­պուե­ցաւ դա­տարան եր­թալ ու յայտ ներ­կա­յաց­նել իր դրո­ւատա­լից խօս­քե­րուն համար:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ