Սփիւռքի մեծ բացական՝ ղեկավարութիւն

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ

Վեր­­ջին տա­­­րինե­­­րուն, սփիւռքի կա­­­ռոյցնե­­­րու եւ ղե­­­կավա­­­րու­­­թեան հար­­­ցը դար­­­ձած է ճող եւ մտա­­­հոգիչ երե­­­ւոյթ մը։ Ապա­­­գան մշու­­­շոտ է, իսկ ներ­­­կայ վի­­­ճակը՝ յու­­­սա­­­­­­­խաբեց­­­նող։ Մե­­­ծի Տանն Կի­­­լիկիոյ Արամ Ա. Կա­­­թողի­­­կոսի բնո­­­րոշու­­­մով՝ «Կը գտնո­­­ւինք ան­­­դունդի եզ­­­րին։ Հա­­­մապա­­­տաս­­­խան դիր­­­քո­­­­­­­րոշումներ պէտք է որ­­­դեգրենք՝ հե­­­ռու ամէն տե­­­սակ անի­­­րատես մօ­­­տեցու­­­մէ ու մա­­­կերե­­­սային դա­­­տողու­­­թե­­­­­­­նէ»։(1)

Ժա­­­մանակն է կար­­­կի­­­­­­­նը աւե­­­լի լայն բա­­­նալու եւ ար­­­մա­­­­­­­տական հար­­­ցե­­­­­­­րու մա­­­սին խօ­­­սելու։

Բա­­­ցառու­­­թիւննե­­­րը յար­­­գե­­­­­­­լով, այ­­­սօր սփիւռքի «դա­­­սական» կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւննե­­­րը կը նմա­­­նին լքո­­­ւած շէն­­­քե­­­­­­­րու, ուր ան­­­ցեալի փառ­­­քը տա­­­կաւին յայտնա­­­պէս տե­­­սանե­­­լի է, տէ­­­րերը, դեռ տեղ մը գո­­­յու­­­թիւն ու­­­նին, բայց շատ քիչ բնա­­­կիչ­­­ներ մնա­­­ցած են։ Ղե­­­կավար­­­նե­­­­­­­րը տեղ մը տա­­­կաւին ներ­­­կայ են, բայց ան­­­դամնե­­­րը, յատ­­­կա­­­­­­­պէս երի­­­տասարդնե­­­րը, կա՚մ բա­­­ցակայ են, կա՚մ ալ ներգրա­­­ւուած չեն։ Ներ­­­կան ապ­­­րե­­­­­­­լու եւ ապա­­­գայ կեր­­­տե­­­­­­­լու ու­­­ժը զգա­­­լիօրէն թուլցած է։ Ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թե­­­­­­­նէն ետք, այս կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւննե­­­րը կա­­­ռու­­­ցո­­­­­­­ւած էին ժա­­­մանա­­­կի պա­­­հանջնե­­­րուն հա­­­մապա­­­տաս­­­խան, երբ սփիւռքը նոր կը ձե­­­ւաւո­­­րուէր, երբ գաղ­­­թա­­­­­­­կան հա­­­յու­­­թիւնը կեն­­­սա­­­­­­­կան անհրա­­­ժեշ­­­տութիւն ու­­­նէր հա­­­մախմբուելու, կեանք վե­­­րակեր­­­տե­­­­­­­լու եւ ինքնու­­­թիւն պահ­­­պա­­­­­­­նելու, կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պո­­­­­­­ւելու։ Սա­­­կայն ժա­­­մանակ­­­նե­­­­­­­րը փո­­­խուած են, իսկ կա­­­ռոյցնե­­­րը՝ ոչ։

Եր­­­բեմնի աշ­­­խուժ ու կեն­­­սունակ այս կա­­­ռոյցնե­­­րը խոր­­­քա­­­­­­­յին վե­­­րանո­­­րոգում եւ նոր շունչ կը պա­­­հան­­­ջեն, սա­­­կայն կը թո­ւի, թէ անոնց ղե­­­կավար­­­նե­­­­­­­րը ո՚չ յստակ նպա­­­տակ­­­ներ ու­­­նին, ո՚չ ալ բա­­­ւարար մի­­­ջոց­­­ներ։ Փո­­­խարէ­­­նը, գի­­­տակ­­­ցա­­­­­­­բար կամ ան­­­գի­­­­­­­տակ­­­ցա­­­­­­­բար, անոնք իրենց կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւննե­­­րը վե­­­րածած են թան­­­գա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րու, ուր իրենց ու ան­­­ցորդնե­­­րուն հա­­­մար կը պահ­­­պա­­­­­­­նեն ան­­­ցեալի վաս­­­տա­­­­­­­կի փայլքը՝ առանց ապա­­­գայի տե­­­սիլ­­­քի, յոյ­­­սի կամ լուրջ ծրա­­­գիր­­­նե­­­­­­­րու։

Ղե­­­կավա­­­րու­­­թեան խնդի­­­րը միայն տե­­­սական հարց չէ։ Վեր­­­ջին տա­­­րինե­­­րուն, Սփիւռքի մէջ կա­­­տարո­­­ւած հար­­­ցա­­­­­­­խոյ­­­զե­­­­­­­րը եւս պատ­­­կե­­­­­­­րացու­­­ցած են այս հար­­­ցը։ Սփիւռքա­­­հայ հա­­­մայնքնե­­­րու մէջ կա­­­տարո­­­ւած ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւննե­­­րը զգա­­­լի մտա­­­հոգու­­­թիւններ կը բա­­­ցայայ­­­տեն ղե­­­կավա­­­րու­­­թեան մա­­­սին։ Տես­­­լա­­­­­­­կան ու­­­նե­­­­­­­ցող եւ ու­­­ժեղ ղե­­­կավա­­­րու­­­թեան պա­­­կասը կը նկա­­­տուի հա­­­մայնքա­­­յին կեան­­­քի առաջ­­­նա­­­­­­­հերթ խնդիր­­­նե­­­­­­­րէն մէ­­­կը(2)։ Հա­­­մայնքա­­­յին ղե­­­կավար­­­նե­­­­­­­րու եւ հա­­­մայնքի ան­­­դամնե­­­րու մի­­­ջեւ կա­­­պը խզո­­­ւած է, իսկ ան­­­դունդը՝ օրըս­­­տօ­­­­­­­րէ կը խո­­­րանայ։

Իրա­­­կանու­­­թիւնը այն է, որ Սփիւռքը 21-րդ դա­­­րուն կտրուկ կեր­­­պա­­­­­­­րանա­­­փոխո­­­ւած է, սա­­­կայն մեր կա­­­ռոյցնե­­­րը չեն յար­­­մա­­­­­­­րած այս փո­­­փոխու­­­թիւննե­­­րուն։ Այ­­­սօր սփիւռքը չու­­­նի իր պա­­­հանջնե­­­րուն հա­­­մաձայն ղե­­­կավար­­­ներ, որոնք կրնան իս­­­կա­­­­­­­պէս առաջ­­­նորդել եւ վե­­­րակազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պել զայն։ Եթէ նման ղե­­­կավար­­­ներ գո­­­յու­­­թիւն ու­­­նե­­­­­­­նային, այ­­­սօր այս խնդիր­­­նե­­­­­­­րուն մա­­­սին անընդհատ պի­­­տի չխօ­­­սէինք։ Ղե­­­կավա­­­րու­­­թիւնը պէտք չէ սահ­­­մա­­­­­­­նափա­­­կուի միայն գո­­­յու­­­թիւն ու­­­նե­­­­­­­ցող իրա­­­վիճա­­­կը կա­­­ռավա­­­րելով, այլ պէտք է գծէ ու կեր­­­տէ ապա­­­գան, ցա­­­նէ ու սեր­­­մա­­­­­­­նէ հունտե­­­րը եւ մշա­­­կէ հիմ­­­քե­­­­­­­րը, այ­­­լա­­­­­­­պէս ան պար­­­զա­­­­­­­պէս կը վե­­­րածո­­­ւի վար­­­չա­­­­­­­կան պաշ­­­տօ­­­­­­­նի՝ առանց որե­­­ւէ խոր­­­քա­­­­­­­յին ազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թեան։

Ղե­­­կավա­­­րու­­­թեան ամէ­­­նէն էական պար­­­տա­­­­­­­կանու­­­թիւննե­­­րէն մէ­­­կը կա­­­ռոյ­­­ցին մշտա­­­կան թար­­­մա­­­­­­­ցու­­­մին եւ կեն­­­սունա­­­կու­­­թեան ապա­­­հուումն է։ Այս հար­­­ցե­­­­­­­րը ղե­­­կավար­­­նե­­­­­­­րը նախ իրենք իրենց պէտք է ուղղեն եւ ան­­­կեղծու­­­թեամբ հա­­­յելիին նա­­­յին։ Ո՞րն է իմ կա­­­ռոյ­­­ցիս կամ կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութեանս առա­­­քելու­­­թիւնը ԱՅ­­­ՍՕՐ։ Ի՞նչ նպա­­­տակ­­­ներ պէտք է իրա­­­կանաց­­­նեմ, ի՞նչ ձե­­­ւերով, եւ ի՞նչ մի­­­ջոց­­­նե­­­­­­­րով։ Ի՞նչ դե­­­րակա­­­տարու­­­թիւն ու­­­նի երի­­­տասար­­­դութիւ­­­նը եւ ի՞նչ հնա­­­րաւո­­­րու­­­թիւններ կը տրո­­­ւին անոր։ Քա­­­նի՞ կին ան­­­դամներ ու­­­նին մեր որո­­­շումներ կա­­­յաց­­­նող բարձրա­­­գոյն ղե­­­կավար մար­­­միննե­­­րը։ Քա­­­նի՞ 25-35 տա­­­րեկան երի­­­տասարդ մաս կը կազ­­­մէ ղե­­­կավա­­­րու­­­թեան։

Այս եւ այլ հիմ­­­նա­­­­­­­կան հար­­­ցե­­­­­­­րը լոկ ձե­­­ւական ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թեան հա­­­մար չեն, այլ գո­­­յու­­­թե­­­­­­­նական խնդիր­­­ներ են, որոնք եթէ չգտնեն իրենց լու­­­ծումը՝ կա­­­ռոյցնե­­­րը դա­­­տապար­­­տո­­­­­­­ւած են աս­­­տի­­­­­­­ճանա­­­կան փլու­­­զումի։

Առանց ան­­­կեղծ ներ­­­հա­­­­­­­յեցո­­­ղու­­­թեան, ինքնասրբագ­­­րումի եւ ներ­­­քին «յե­­­ղափո­­­խու­­­թեան» անհնար է «հե­­­տեւորդնե­­­րու» կամ «շար­­­քա­­­­­­­յին­­­նե­­­­­­­րու» ուղղու­­­թիւն եւ յոյս տալ, ու աւե­­­լի էակա­­­նը՝ նա­­­խընտրե­­­լի ապա­­­գայի մը ճա­­­նապա­­­րհա­­­քար­­­տէ­­­­­­­զը ու­­­րո­­­­­­­ւագ­­­ծել։

Սփիւռքի միաս­­­նա­­­­­­­կանու­­­թեան կո­­­չեր կամ կե­­­նաց­­­ներ

Ամէ­­­նէն մտա­­­հոգիչ երե­­­ւոյթնե­­­րէն մէկն այն է, որ երբ խօս­­­քը «հա­­­մաս­­­փիւռքա­­­յին», «միաս­­­նա­­­­­­­կան» կամ «միացեալ» նա­­­խաձեռ­­­նութիւննե­­­րու մա­­­սին է, անոնք յա­­­ճախ կը մնան ան­­­հասցէ եւ դա­­­տարկ կար­­­գա­­­­­­­խօս­­­ներ։ Ո՞րոնք են այդ յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թիւննե­­­րուն հաս­­­ցէատէ­­­րերը.- ո՞ր կրօ­­­նական հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւնը, ո՞ր կու­­­սակցու­­­թիւնը, ո՞ր կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւ­­­նը կամ կա­­­ռոյ­­­ցը։ Շատ մը ղե­­­կավար­­­ներ, որոնք նման կո­­­չեր կ՚ուղղեն, իրա­­­կանու­­­թեան մէջ կը ձգտին հա­­­մայ­­­քա­­­­­­­յին կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւննե­­­րը հա­­­մախմբե­­­լու իրենց ծրա­­­գիր­­­նե­­­­­­­րուն շուրջ՝ առանց իրա­­­կան եր­­­կխօ­­­սու­­­թեան, փո­­­խադարձ հաս­­­կա­­­­­­­ցու­­­թեան կամ յար­­­գանքի։ Այ­­­սինքն, անոնք չեն ձգտիր հար­­­ցե­­­­­­­րուն շուրջ բաց քննար­­­կումնե­­­րու եւ հա­­­մախոհ լու­­­ծումնե­­­րու, այլ պար­­­զա­­­­­­­պէս կը փոր­­­ձեն միւսնե­­­րը բե­­­րելու իրենց կող­­­մը՝ առանց եր­­­կուստեք գա­­­ղափա­­­րական կամ մար­­­տա­­­­­­­վարա­­­կան զի­­­ջումնե­­­րու կամ յար­­­մա­­­­­­­րեցումնե­­­րու։ Շատ ան­­­գամ, նման յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թիւններ տկա­­­րու­­­թեան նշան են, այ­­­սինքն՝ ո՚չ մտա­­­ծուած եւ մշա­­­կուած ծրա­­­գիր կայ ո՚չ ալ անհրա­­­ժեշտ մի­­­ջոց­­­նե­­­­­­­րը։ Իսկ այն կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւննե­­­րը, որոնք ար­­­դէն իրենց տնա­­­յին աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քը կա­­­տարած են եւ մի­­­ջոց­­­ներ ձեռք բե­­­րած, աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քը կը տա­­­նին առանց սպա­­­սելու այլ կա­­­ռոյցնե­­­րու «միաս­­­նութեան» կամ «հա­­­մագոր­­­ծակցու­­­թեան»։

Վեր­­­ջերս, յօ­­­դուա­­­ծի մը մէջ(3), սրտցաւ եւ մտա­­­հոգ կու­­­սակցա­­­կան մը կը մատ­­­նանշէր իր կա­­­ռոյ­­­ցին հիմ­­­նա­­­­­­­կան հար­­­ցը՝

[Շար­­­քա­­­­­­­յին­­­նե­­­­­­­րու] ըմ­­­բոստու­­­թիւնը առիթ մը պէտք է հան­­­դի­­­­­­­սանար եւ հան­­­դի­­­­­­­սանայ… որ վե­­­րանա­­­յին եւ քննար­­­կեն կու­­­սակցու­­­թեան ընդհա­­­նուր կա­­­ռու­­­ցո­­­­­­­ւած­­­քը՝ սկիզ­­­բէն մին­­­չեւ մեր օրե­­­րը։ Այստեղ կա­­­ռու­­­ցո­­­­­­­ւածք ըսե­­­լով պէտք է հասկնալ անոր պատ­­­մութիւ­­­նը, կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պա­­­­­­­կան կա­­­ռոյ­­­ցը, աշ­­­խարհըն­­­կա­­­­­­­լու­­­մը, քա­­­ղաքա­­­կան դե­­­րակա­­­տարու­­­թիւնը, ծրա­­­գիրը, այլ խօս­­­քով ամէն ինչ որ կ՚առըն­­­չո­­­­­­­ւի կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութեան հետ, որ­­­պէս գա­­­ղափար­­­ներ եւ կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւն»։

Յօ­­­դուա­­­ծագի­­­րը ու­­­րիշ կա­­­րեւոր կէտ մըն ալ կը մատ­­­նանշէ, թէ ինչպէս իր կու­­­սակցու­­­թիւնը—եւ ես պի­­­տի աւելցնէի սփիւռքեան «դա­­­սական» այլ կա­­­ռոյցնե­­­րը— իրենց պատ­­­մութիւ­­­նը եւ դե­­­րակա­­­տարու­­­թիւնը «առաս­­­պե­­­­­­­լակա­­­նացու­­­ցած» են եւ իբ­­­րեւ այդպի­­­սին «անքննե­­­լի» են։ «Այս սրբա­­­ցու­­­մը, որ շեշ­­­տո­­­­­­­ւած է մաս­­­նա­­­­­­­ւորա­­­բար Մի­­­ջին Արե­­­ւել­­­քի» կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւննե­­­րու ան­­­դամնե­­­րուն մէջ, «ժա­­­մանա­­­կի ըն­­­թացքին այ­­­լա­­­­­­­մեր­­­ժութեան հո­­­գեվի­­­ճակ ստեղ­­­ծած է» կա­­­ռոյցնե­­­րուն մէջ։

Այստեղ մեր քննար­­­կումին հա­­­մար կա­­­րեւոր չէ ո՞ր կու­­­սակցու­­­թեան մա­­­սին է խօս­­­քը, ըսո­­­ւածը բո­­­լոր սփիւռքեան «դա­­­սական» կա­­­ռոյցնե­­­րուն կը վե­­­րաբե­­­րի։ Սփիւռքի ապա­­­գան պի­­­տի որո­­­շուի ոչ թէ լոկ ան­­­ցեալի ձեռքբե­­­րումնե­­­րով, այլ ապա­­­գայի հա­­­մար­­­ձակ եւ խո­­­րաթա­­­փանց տես­­­լա­­­­­­­կանով։ Այժմ ժա­­­մանակն է ոչ թէ միայն խօ­­­սելու «հա­­­մաս­­­փիւռքեան միաս­­­նա­­­­­­­կանու­­­թեան» մա­­­սին, այլ իրա­­­կան, գործնա­­­կան քայ­­­լե­­­­­­­րու դի­­­մելու՝ նոր տես­­­լա­­­­­­­կանով, նոր մե­­­թոտ­­­նե­­­­­­­րով եւ նոր առաջ­­­նորդնե­­­րով։

Սփիւռքի կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւննե­­­րը վե­­­րակեն­­­դա­­­­­­­նաց­­­նե­­­­­­­լու հա­­­մար անհրա­­­ժեշտ է ինքնաքննա­­­դատու­­­թեան որ­­­դեգրու­­­մը, ինչպէս նաեւ աշ­­­խա­­­­­­­տելա­­­կեր­­­պի ու ոճի վե­­­րանա­­­յում։ Սփիւռքեան կա­­­ռոյցնե­­­րը պէտք է յստա­­­կեց­­­նեն իրենց առա­­­քելու­­­թիւնն ու նպա­­­տակ­­­նե­­­­­­­րը՝ ստեղ­­­ծե­­­­­­­լով բաց եր­­­կխօ­­­սու­­­թեան հար­­­թակներ ղե­­­կավար­­­նե­­­­­­­րու եւ ան­­­դամնե­­­րու մի­­­ջեւ։ Երի­­­տասարդնե­­­րու ներգրա­­­ւու­­­մը պէտք է դառ­­­նայ առաջ­­­նա­­­­­­­հեր­­­թութիւն՝ զի­­­րենք ընդգրկե­­­լով որո­­­շում կա­­­յաց­­­նող մար­­­միննե­­­րուն մէջ եւ օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծե­­­­­­­լով թո­­­ւային ար­­­հեստա­­­գիտու­­­թիւններ՝ զա­­­նոնք հա­­­սանե­­­լի դարձնե­­­լու նպա­­­տակով։ Կա­­­նանց ներգրա­­­ւու­­­մը եւ ղե­­­կավա­­­րու­­­թեան մէջ անոնց ընդգրկու­­­մը, ցան­­­ցա­­­­­­­յին եւ ճկուն կա­­­ռավար­­­ման մե­­­թոտ­­­նե­­­­­­­րու որ­­­դեգրու­­­մը, ինչպէս նաեւ՝ հա­­­մայնքա­­­յին կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւննե­­­րու հա­­­մար հա­­­մագոր­­­ծակցա­­­յին նոր ձե­­­ւաչա­­­փերու փոր­­­ձարկումն ու գոր­­­ծադրու­­­թիւնը կրնան նպաս­­­տել աւե­­­լի ժա­­­մանա­­­կակից եւ կեն­­­սունակ կա­­­ռոյցնե­­­րու ստեղ­­­ծումին։ Գա­­­ղափա­­­րախօ­­­սու­­­թիւնը գործնա­­­կան ու կի­­­րարե­­­լի պէտք է ըլ­­­լայ եւ ոչ միայն «դա­­­ւանանք»։ Ան­­­ցեալի սխալ­­­նե­­­­­­­րու գի­­­տակ­­­ցութիւ­­­նը եւ քննա­­­կան մօ­­­տեցում որ­­­դեգրե­­­լը, դա­­­սեր քա­­­ղելը եւ նոր մօ­­­տեցումներ ներ­­­մուծե­­­լը կրնան հնա­­­րաւո­­­րու­­­թիւն տալ կա­­­ռոյցնե­­­րուն ձեր­­­բա­­­­­­­զատե­­­լու անքննե­­­լի առաս­­­պելնե­­­րէ եւ ական­­­ջա­­­­­­­լուր ըլ­­­լա­­­­­­­լու 21-րդ դա­­­րու պա­­­հանջնե­­­րուն։ Վեր­­­ջա­­­­­­­պէս, նոր ղե­­­կավար­­­նե­­­­­­­րու պատ­­­րաստու­­­թիւնը, սփիւռքի այլ կա­­­ռոյցնե­­­րու յա­­­ջողած օրի­­­նակ­­­նե­­­­­­­րու որ­­­դեգրումն ու յար­­­մա­­­­­­­րեցու­­­մը կրնան ապա­­­գայաս­­­լաց, կեն­­­սունակ ու ար­­­դիւնա­­­ւէտ ղե­­­կավա­­­րու­­­թիւն ձե­­­ւաւո­­­րել։

* Դոկտ. Հրաչ Չի­­­լին­­­կի­­­­­­­րեան (www.hratch.info) ըն­­­կե­­­­­­­րաբան, սփիւռքա­­­գէտ, հայ­­­կա­­­­­­­կան հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թե­­­­­­­նական նո­­­րարա­­­րու­­­թեան ծրագ­­­րա­­­­­­­յին հե­­­ղինակ եւ գոր­­­ծա­­­­­­­դիր է։

(1) Երե­­­ւանի մէջ ըն­­­թերցո­­­ւած Արամ Վե­­­հափա­­­ռի ու­­­ղերձը, «Եր­­­կի­­­­­­­ր» 26 Փետ­­­րո­­­­­­­ւար 2025. https://yerkir.am/hy/article/2025/02/26/287852:

(2) Հայ­­­կա­­­­­­­կան Սփիւռքի Հար­­­ցա­­­­­­­խոյզ (2019, 2021, 2022), տես՝ www.armeniandiasporasurvey.com

(3) «Նոր Յա­­­ռաջ», 6 Փետ­­­րո­­­­­­­ւար 2025, էջ 6։

(Տար­­­բե­­­­­­­րակ21)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ