Այսօրուայ սերունդներուն համար դժուար ըմբռնելի երեւոյթ մըն է անընդհատ 16 ժամ տեւող աշխատանքային օրը։ Նշենք որ որքան ալ դժուար հաւատալի ըլլայ յստակ իրողութիւն մըն էր այս եւ արեւմտեան երկիրներու մէջ աշխատանքի այդ ծանր պայմանները պատմութեան անցան իբրեւ վայրագ դրամապաշտութեան շրջան։ Այդ ծանր աշխատանքը հանապազօրեայ բուռ մը հացի տիրանալու համար էր։ Մարդիկ իրենց անչափահաս երախաներով կ՚երթային գործարաններ եւ զարգացող ճարտարագիտութիւնը կը բարձրանար նաեւ այդ մանուկներու ճակտի քրտինքով եւս։ Ո՛չ արհմիութիւններ գոյութիւն ունէին, ոչ ալ ապահովագրութեան նման պետութիւններու կարգադրութեամբ ձեռք բերուած իրաւունքներ։ Ծերանալով թոշակառու դառնալու հաւանականութիւնը բոլորովին բացառուած էր։ Աշխատանքի պայմաններու բարելաւումը յամառ պայքարներու հետեւանք է։
Այսօր երբ կը յիշենք Կանանց Համաշխարհային օրը, ստիպուած ենք յիշելու նաեւ 8 Մարտ 1857 թուականը։ Այդ օր ամերիկացի բանուորուհիներ իրենց աշխատանքի պայմաններու բարելաւման պահանջով գործադրում կազմակերպեցին։ Օրուայ կառավարութիւնը ոստիկանական ուժով փորձեց արգելք ըլլալ այդ ցոյցին։ Գործատէրը բանուորուհիները կղպեց գործարանին մէջ եւ ապա ծագած հրդեհը ահագին կեանքեր խլեց այդ դաժան միջամտութեան աւարտին։ Մարդկութեան համար ամօթի պատկեր մըն է այսօր տեսնել թէ այդ նոյն ոստիկան ուժը նման բռնութեամբ քաղաքի փողոցները կը փակէ 8 Մարտի յիշատակման արգելք ըլլալու նպատակով։ Կրնանք ենթադրել թէ կարգ մը երկիրներէ ներս գործատէրերու մտավախութիւնը նոյն թափով կը շարունակուի աշխատանքի պայմանները բարելաւել ուզող բանուորներուն դիմաց։
Մենք այս երեւոյթը արդէն յաճախ կը նկատենք, երբ որ բնապահպաններ կամ հասարակ ժողովուրդը կ՚առարկէ երկրի բնական պաշարներու թալանման դէմ։ Այստեղ եւս ոստիկաններ կամ բանակայիններ պատնէշ կը կազմեն մարդկանց դիմաց, պաշտպանելու համար փողատէրերու իրաւունքները։ Սակայն եկուր տես որ ընդհանուր դժգոհութիւնը ծաւալած է իրենց ալ եւ Թուրքիոյ մեծահարուստ գործատէրերու փաղանգը եւս կը դատուի իշխանութեան դրդումով։
Զարմանալի երեւոյթներու հետ դէմհանդիման կը գտնուինք եւ այս բոլորը կ՚ապացուցեն մէկ բան միայն՝ այլեւս Թուրքիա կորսնցուցած է բոլոր հաւասարակշռութիւնները եւ հետզհետէ կը մխրճուի քաօսային պայմաններու։
Առանց պատմական այս անցեալի յիշատակման, 8 Մարտը պիտի մնայ իմաստազուրկ։ Մեծ անիրաւութիւն է 8 Մարտը գեղեցիկ ցեղի գոյութիւնը շնորհաւորելու միջոցառման վերածելը։ Լոկ այս պատճառաւ է որ մենք ամէն տարի կը տօնենք ո՛չ թէ կանանց, այլ աշխատող կանանց համաշխարհային օրը։ Հաւատարիմ կը մնանք Գլարա Զետքինի առաջադրած սկզբունքին եւ օրը կը նշենք իր իմաստով։ Անոր համար ալ Շնորհաւոր ըլլայ 8 Մարտը, Աշխատող Կանանց Համաշխարհային Օրը։