ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Պատիժ

Արժանի ենք պա­­տիժի

Հի­­մա հասկցայ… Մենք էինք յան­­ցա­­­ւոր… Մենք էինք պա­­տիժի ար­­ժա­­­նի, երբ հա­­յու գլխուն եկաւ սղու­­թիւն, սով, կրակ ու մահ: Մենք էինք յան­­ցա­­­ւոր, երբ հա­­յու վրայ շար­­ժե­­­ցաւ ապստամբ Ճէ­­լալին, Թա­­թարը եւ Կար­­միր Գլու­­խը եւ անոնք հա­­յոց բնաշ­­խարհին բե­­րին պա­­տիժ ու պա­­տու­­հաս: Այս բո­­լորը, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, սար­­սա­­­փով տե­­սայ երբ պատ­­մութեան խոր բան­­տէն դուրս հա­­նեցի մեր մա­­տենա­­գիր­­նե­­­րու վկա­­յու­­թիւննե­­րը, վշտա­­հար սիր­­տով կար­­դա­­­ցի Եդե­­սիոյ, Կա­­ֆայի, Երզնկա­­յի ող­­բե­­­րը, Զոհ­­րա­­­պի նա­­մակ­­նե­­­րը, Յա­­կոբ Թո­­խաթ­­ցիի տա­­ղերը…: Իսկ երբ ար­­հա­­­ւիր­­քի օրե­­րը ան­­ցան եւ եկաւ սէ­­րը, հա­­յը դեռ չգտաւ հան­­գիստ: Զար­­մա­­­նալի… Սէրն ալ էր պա­­տիժ, - ըսաւ Յով­­սէփ Սե­­բաս­­տա­­­ցին: Այդ աս­­տո­­­ւածա­­յին շնոր­­հը, մտա­­ծեց աշու­­ղը, թէ՛ եր­­ջանկու­­թիւն է եւ թէ՝ կրակ ու վիշտ: Այ­­սօր, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, դեռ յան­­ցանք մը չգոր­­ծած ըլ­­լա­­­լու խա­­ղաղու­­թեամբ կար­­դանք «պա­­տիժ» բա­­ռի հայ­­կա­­­կան միջ­­նա­­­դարեան պատ­­մութիւ­­նը, հասկնանք հայ ազ­­գի պատ­­մա­­­կան յան­­ցանքնե­­րը, որ­­պէսզի այ­­լեւս չկրկնենք զա­­նոնք: Իսկ ես, կը յու­­սամ, որ այս աշ­­խա­­­տան­­քը ին­­ծի հա­­մար չըլ­­լար տա­­ժանա­­կիր պա­­տիժ ու ես կը հաս­­նիմ անոր յա­­ջող աւար­­տին:

Բազ­­մա­­­պատիժ բե­­րանս

Ոս­­կե­­­դարուն հա­­յը ծա­­նօթ էր պա­­տիժին եւ անոր այլ եւ այլ տե­­սակ­­նե­­­րուն: Բա­­ւակա­­նին զար­­գա­­­ցած բա­­ռամ­­թերք ալ ու­­նէինք: Ահա քա­­նի մը օրի­­նակ. «Պա­­տիժ մա­­հուան», Եղի­­շէ, «Ժպրհու­­թեան ատիժ», Բիւ­­զանդ, «Վրէժխնդրու­­թեան պա­­տիժ», Թով­­մա, «Պատ­­ժոց ար­­ժա­­­նի», Լաս­­տի­­­վեր­­ցի: Այդ օրե­­րուն մենք ար­­դէն ու­­նէինք «ծո­­վապա­­տիժ», «կի­­սապա­­տիժ», «բիւ­­րա­­­պատիժ», «բազ­­մա­­­պատիժ», «սաստկա­­պատիժ» եւ «Աս­­տո­­­ւածա­­պատիժ» բա­­ռերը: Դուք այժմ կը մտա­­ծէք, թէ ո՞վ հնա­­րեց կամ գոր­­ծա­­­ծեց «ծո­­վապա­­տիժ» ըն­­տիր բա­­ռը: Ագա­­թան­­գե­­­ղոսը՝ իր Պատ­­մութեան մէջ. «Հե­­ղեղա­­սաստ ծո­­վապա­­տիժ»: Իսկ բազ­­մա­­­թիւ պա­­տիժ­­նե­­­րու ար­­ժա­­­նի հե­­ղինակ մը մե­­զի բա­­ցատ­­րեց, թէ ին­­չո՛ւ Աս­­տուծոյ առ­­ջեւ պի­­տի մնար լուռ. «Զիա՞րդ կա­­րացից բա­­նալ զբե­­րանս բազ­­մա­­­պատիժ առա­­ջի ահա­­ւորիդ Աս­­տուծոյ»:

Պա­­տիժ ան­­մաքրու­­թեանս

Գրի­­գոր Նա­­րեկա­­ցին իր մա­­տեանին մէջ ըսաւ, թէ ին­­քը բազ­­մա­­­մեղք մարդ մըն է, ուստի ար­­ժա­­­նի է հա­­ւասա­­րաչափ պա­­տիժի: Սուրբը իր խու­­ցի մե­­նակու­­թեան մէջ մե­­զի հա­­մար գրի առաւ ինքնան­­կա­­­րագ­­րութիւններ. «Ես` մե­­ղաւոր եւ կրկին պատ­­ժա­­­ւոր», «Ես՝ յա­­ւէտ ամե­­նապա­­տիժ», «Պա­­տիժ ան­­մաքրու­­թեանս», «Իմ պա­­տիժ միշտ յի­­շատա­­կել», ապա աղա­­չեց. «Մի՛ դա­­տապար­­տեր զպատ­­ժեալս»: Այդ խօս­­քե­­­րը աղօթք էին իր հո­­գիի հա­­մար, իր ազ­­գի հա­­մար, աշ­­խարհի հա­­մար: Միջ­­նա­­­դարուն մեր լե­­զուն տի­­րացաւ մէկ այլ ար­­տա­­­յայ­­տութեան՝ «Երկնա­­յին պա­­տիժ»:

Պա­­տիժ ու կրակ

Նկա­­տեցի, թէ մեր մայ­­րե­­­նիի մէջ «պա­­տիժ» բա­­ռին յա­­ճախ կը հե­­տեւի վեց բայ. կրել, մեղ­­մացնել, նե­­րել, խու­­սա­­­փիլ, սահ­­մա­­­նել եւ ամ­­րագրել: Եթէ «պա­­տիժ» բա­­ռը միաց­­նէք «Աս­­տո­­­ւած» բա­­ռի հետ ապա դուք կ’ու­­նե­­­նաք նզովք եւ անէծք՝ «Պա­­տիժ Աս­­տուծոյ»: Եթէ «պա­­տիժ» բա­­ռը գոր­­ծա­­­ծէք «պա­­տու­­հատ» բա­­ռի հետ ձե­­զի պէտք է համ­­բե­­­րու­­թիւն, քան­­զի «Պա­­տիժ ու պա­­տու­­հաս» կամ եր­­բեմն ալ «Պա­­տիժ ու կրակ» կո­­չուա­­ծը «խիստ չար երե­­խայ» է: Իսկ դուք եթէ ու­­նիք զա­­նազան յան­­ցա­­­գոր­­ծութիւններ կա­­տարած քա­­նի մը հա­­րիւր մարդ՝ անոցնմէ ձեր­­բա­­­զատո­­ւելու հա­­մար զա­­նոնք ռազ­­մա­­­ճակատ ու­­ղարկե­­ցէք որ­­պէս պա­­տիժ: Այդ մէկն ալ ու­­նի իր անու­­նը՝ «Պատ­­ժա­­­կան զօ­­րամաս»:

Բա­­դիժե­­ցինք կաթ թա­­փողը

Եթէ երե­­խան կա­­թը թա­­փէ՝ կը ստա­­նայ «պա­­տիժ»: Խար­­բերդի մէջ, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, այդպէս չէր: Խար­­բերդցի փոք­­րիկ աղ­­ջի­­­կը կա­­թը եթէ թա­­փէր՝ կը ստա­­նար «բա­­դիժ»: Վա­­նեցի եւ Կար­­նե­­­ցի աղ­­ջիկնե­­րը կը ստա­­նային «պա­­տիճ»: Ալաշ­­կերտի եւ Մշոյ մէջ աշա­­կեր­­տը ծու­­լութիւն եթէ ընէր կը ստա­­նար՝ «պա­­դիճ»: Ակ­­նայ մէջ երբ փոք­­րիկ Ատո­­մը կամ Մի­­սաքը չա­­րու­­թիւն ընէին՝ կը ստա­­նային «բա­­դինջ»: Այժմ եր­­թանք Ատա­­նա: Քա­­ղաքի մէջ եթէ լսէք «պա­­տիժ» բա­­ռը, մի սար­­սա­­­փիք, սխալ բան մը չէք ըրած, տե­­ղացի­­ները պար­­զա­­­պէս տե­­սած են տգեղ եւ տձեւ մարդ: Ատա­­նայի թրքա­­խօս հա­­յերու սո­­վորու­­թիւնն էր ասի­­կա:

Մա­­զերս պատ­­ժո­­­ւեցան

Սուրբ Սար­­գի­­­սի օրե­­րուն, ես ձե­­զի կը խրա­­տեմ տիկ­­նայք եւ պա­­րոնայք, լո­­ւացք մի՛ ընէք, ճա­­խարակ մի՛ մա­­նէք, գործ մի՛ ու­­նե­­­նաք բուրդի եւ մա­­զի հետ: Լուրջ եմ: Բա­­ցատ­­րեմ՝ ին­­չո՛ւ: Ըստ Սուրբ Սար­­գի­­­սի տօ­­նին հետ պահ­­պա­­­նուած ժո­­ղովրդա­­կան սո­­վորու­­թեան, եթէ առա­­ջաւո­­րաց պահ­­քի օրե­­րուն այդ ար­­գելքնե­­րը չհե­­տեւիք, կամ մազ լո­­ւաք՝ Ս. Սար­­գի­­­սին ձիու ոտ­­քե­­­րուն թնճուկ կը փաթ­­թո­­­ւի եւ իբ­­րեւ պա­­տիժ` ձեր մա­­զերը կը թա­­փին:

Լո­­լիկ­­նե­­­րը պատ­­ժե­­­ցին

Գի­­շերա­­յին խա­­ղաղ ժամ: Դի­­տեցինք հայ­­րե­­­նի լու­­րե­­­րը: Մերթ զար­­մա­­­նալով, մերթ ափ­­սո­­­սալով գա­­ղափար մը կազ­­մե­­­ցինք, թէ մեր փոք­­րիկ հան­­րա­­­պետու­­թեան մէջ պատ­­ժե­­­լի ի՛նչ արարքներ կ’ար­­ժա­­­նանան լուր դառ­­նա­­­լու: Լու­­րե­­­րէն մէ­­կը կը վե­­րաբե­­րէր զօ­­րակո­­չի տա­­րիքին հա­­սած հա­­յոր­­դի­­­ներուն. «Ինչ պա­­տիժ է սպաս­­ւում զօ­­րահա­­ւաքից խու­­սա­­­փող­­նե­­­րին»: Մէկ այլ լուր զգու­­շա­­­ցուց. վա՜յ անոր որ կը հա­­մար­­ձա­­­կի ծառ մը կտրել. «Խիստ պա­­տիժ՝ ան­­տա­­­ռային ապօ­­րինի ծա­­ռահա­­տումնե­­րի հա­­մար»: Եր­­րորդը ան­­հա­­­ւատա­­լի թո­­ւաց. «Հա­­յաս­­տա­­­նում կա­­շառք ստա­­նալը ան­­պատժե­­լի եւ խրա­­խու­­սե­­­լի արարք է»: Չոր­­րորդը վստա­­հեցուց բո­­լորիս, թէ՝ «Հա­­յաս­­տա­­­նում ան­­պատժե­­լի մար­­դիկ չկան»: Իսկ աւար­­տին տե­­սանք հսկայ եր­­կիր մը, որուն ար­­տա­­­քին քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնն է լո­­լիկ­­նե­­­րով խա­­ղալ. «Ռու­­սա­­­կան «պա­­տիժ»՝ Լար­­սում. «լո­­լիկա­­յին առ­­ճա­­­կատում»»:

Պա­­տիժ չէ… խրատ է

Լա­­տին­­նե­­­րը ար­­տա­­­յայ­­տութիւն մը ու­­նէին. «Nulla poena sine lege», այ­­սինքն՝ չկայ պա­­տիժ առանց օրէն­­քի: Իրա­­ւական սկզբունք: Աւաղ, պատ­­մութիւ­­նը ցոյց տո­­ւաւ, թէ հայ­­կա­­­կան բնաշ­­խարհը պա­­տիժ­­ներ կրեց… օրէն­­քի չգո­­յու­­թեան պատ­­ճա­­­ռով: Ազ­­գի-ազ­­գի (միջ­­նա­­­դարեան ար­­տա­­­յայ­­տութիւն՝ տե­­սակ-տե­­սակ) էին այդ պա­­տիժ­­նե­­­րը. հուր, սուր, սով…: Ո՞վ էր յան­­ցա­­­ւորը: Բնու­­թի՞ւնը: Աս­­պա­­­տակո՞ղը: Ապստա՞մբը: Ո՛չ մէ­­կը: Մենք էինք յան­­ցա­­­ւոր: Չէ՞ք հա­­ւատար: Ձեզ կը հրա­­ւիրեմ ըն­­թերցել հայ­­կա­­­կան միջ­­նա­­­դարեան տա­­ղասա­­ցու­­թեան վշտա­­լի տո­­ղերը: Ահա­­ւասիկ առա­­ջինը. 1604 թո­­ւական: Ճէ­­լալի կո­­չուած ապստամբնե­­րը Եւ­­դո­­­կիա (Թո­­քաթ) քա­­ղաքէն սկսե­­լով հու­­րի եւ սու­­րի կու տան հայ­­կա­­­կան շէ­­ները: Այդ զար­­հուրե­­լի կո­­տորած­­նե­­­րու ակա­­նատես, տա­­ղասաց, թարգմա­­նիչ Յա­­կոբ Թո­­խաթ­­ցին գրի կ’առ­­նէ «Տաղ եւ Ող­­բանք ի վե­­րայ Եւ­­դո­­­կիա Քա­­ղաքին» եր­­կը: Բա­­նաս­­տեղծը առա­­ջին քա­­ռեակի մէջ իսկ կը բա­­ցատ­­րէ այդ դառ­­նա­­­գոյն մա­­հերու պատ­­ճա­­­ռը. «Պա­­տիժ կրեաց Եւ­­դո­­­կիան / Վասն մե­­ղաց ժո­­ղովրդեան»: Ըստ Թո­­խաթ­­ցիի, «Աս­­տո­­­ւածա­­յին բար­­կութիւն» եկաւ, որով­­հե­­­տեւ հա­­յը չե­­ղաւ «մե­­ղաց ի զատ», մենք չլսե­­ցինք խրատ­­նե­­­րը: Նոյն օրե­­րուն գրի առ­­նո­­­ւեցաւ մէկ այլ ողբ՝ «Վասն շարժման Կար­­միր Գլխոյն, որ եկեալ այ­­րեաց եւ աւե­­րեաց զհա­­յոց աշ­­խարհս մին­­չեւ Եզնկան» խո­­րագ­­րեալ տա­­ղը: Ի՞նչու ոտ­­քի ելան «Ղզլպաշ» կո­­չուած ջար­­դա­­­րար­­նե­­­րը: Ո՞վ ար­­ձա­­­կեց զա­­նոնք մեր վրայ: Դար­­ձեալ մենք էինք յան­­ցա­­­ւորը. «Մեր ազ­­գի իրի­­ցաներն (մե­­ծերը) հա­­նապազ զի­­րար կու նեն­­գեն, / Անար­­ժան պա­­տարա­­գօք աշ­­խարհիս պա­­տիժ կու բե­­րեն»: Վրթա­­նէս Սռնկե­­ցի բա­­նաս­­տեղծը մե­­զի պատ­­մեց հա­­յաշատ Կա­­ֆա քա­­ղաքի ող­­բերգա­­կան օրե­­րը՝ «Ի վե­­րայ Կա­­ֆայու սղու­­թեան» անուն տա­­ղի մէջ: Սռնկե­­ցին ըսաւ. «Այնպէս սաս­­տիկ սով եղաւ, / Որ սո­­վուն բա­­զումք սատ­­կէին»: Պատ­­ճա՞ռն այդ հա­­մատա­­րած մա­­հերու: Մեր մեղ­­քե­­­րը: Լսենք բա­­նաս­­տեղծը. «Եղ­­բայրք, ձեզ յայտնի լի­­նի, / Որ Աս­­տո­­­ւած մեզ չար չի կա­­մի, / Ինչ որ պա­­տու­­հաս լի­­նի, / Մեր մե­­ղաց չա­­րէն կու լի­­նի»: Եր­­կի աւար­­տին տա­­ղասա­­ցը նաեւ ըսաւ, թէ Աս­­տո­­­ւածա­­յին պա­­տիժը իրա­­կանու­­թեան մէջ հայ­­րա­­­կան խրատ մըն է. «Աս­­տո­­­ւած մեզ խրատ կու տայ, / Թէ­­պէտ մեզ պա­­տիժ կ’երե­­ւի»:

Պա­­տիժը Տիգ­­րա­­­նակեր­­տի մէջ

Հա­­լէպ, 2/15 յու­­լիս, 1915 հինգշաբ­­թի ցո­­րեկ: Աք­­սո­­­րեալ պա­­րոն Գրի­­գոր Զոհ­­րա­­­պը իր տիկ­­նոջ կը գրէ վեր­­ջին նա­­մակը… Օրէն­­քի մար­­դը պա­­տիժի պի­­տի են­­թարկո­­ւէր. «Քլա­­րա, Սի­­րական, մէկ հա­­տիկ, հո­­գիս, կեանքս…, Տիար­­պէ­­­քիրէն եւ ու­­րիշ տե­­ղերէ առ­­նո­­­ւած լու­­րե­­­րը աղէկ չեն. յե­­տոյ շատ խիստ պա­­տիժ­­ներ տրո­­ւելու եւ գոր­­ծադրո­­ւելու լու­­րերն ալ կ՚առ­­նենք կոր. Տիար­­պէ­­­քիրի մէջ ալ ի՞նչ պի­­տի պա­­տահի, Աս­­տո­­­ւած գի­­տէ»: Ապա մտա­­բերե­­ցի Արծրուն Պե­­պանեանի «Պապ Թա­­գաւոր կամ մայ­­րա­­­մու­­տից առաջ» վէ­­պը, յի­­շեցի ցնցիչ տող մը ան­­կէ, եւ հասկցայ, թէ ին­­չու մե՛նք էինք միշտ պա­­տիժ կրո­­ղը. «Ար­­հա­­­ւիրքնե­­րը գա­­լիս են որ­­պէս պա­­տիժ ան­­միաբա­­նու­­թեանը»: Այժմ ես հարկ կը հա­­մարեմ, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, ձե­­զի ներ­­կա­­­յաց­­նել իր խո­­րագ­­րին մէջ «պա­­տիժ» բա­­ռը պա­­րու­­նա­­­կող հայ­­կա­­­կան առա­­ջին գիր­­քը. «Պատ­­ժա­­­կան օրի­­նագիրք Օս­­մա­­­նեան տէ­­րու­­թեան: Հաս­­տա­­­տեալ կայ­­սե­­­րական հրո­­վար­­տա­­­կաւ: (Ի 28 զիլ­­հիճճէ 1274 (25 յու­­լիս 1858), Կ. Պօ­­լիս: Ի տպա­­րանի Մա­­սիս լրագ­­րոյ, 1865»:

Սի­­րոյ պա­­տիժը

Հայ միջ­­նա­­­դարեան տա­­ղասաց­­ներ Կոս­­տանդին Երզնկա­­ցին, Յով­­հաննէս Թլկու­­րանցին, Գրի­­գորիս Աղ­­թա­­­մար­­ցին, Նա­­ղաշ Յով­­նա­­­թանը, Սա­­յաթ-Նո­­վան եւ ու­­րիշնե­­րու հա­­մար սէ­­րը աս­­տո­­­ւածա­­յին շնորհ էր, բայց միեւ­­նոյն ժա­­մանակ՝ պա­­տիժ: Մի՛ զարմնաք: Սէ­­րը, - մտա­­ծեցին այդ սի­­րավառ այ­­րե­­­րը, - թէ՛ եր­­ջանկու­­թիւն կը պար­­գե­­­ւէ, եւ թէ՝ վիշտ: Ան ցան­­կա­­­լի կրակ մըն է՝ պա­­տիժ մը, որ մեզ ընդմիշտ կը հիւ­­ծէ: Տա­­ղասաց Յով­­սէփ Սե­­բաս­­տա­­­ցին ալ ար­­ժա­­­նացած էր սի­­րոյ պա­­տիժին: Ան բա­­ցատ­­րեց, թէ բազ­­մա­­­թիւ սի­­րախ­­տա­­­ւոր տղա­­ներ յի­­մարա­­ցան այդ դա­­ժան պա­­տիժի պատ­­ճա­­­ռով: Այդ ախ­­տը դեղ ալ չու­­նի, - ըաւ Սե­­բաս­­տա­­­ցին. «Ի՛նչ բժիշկ կան, աշ­­խարհքո՛ւմն՝ դժո­­ւար սէ­­րի դեղն իմա­­նան»: Բա­­նաս­­տեղծը ըսաւ նաեւ, թէ եր­­կու տե­­սակ սէր կայ. հո­­գեւոր եւ մարմնա­­ւոր: Առա­­ջինը գո­­վելի է, երկրո՛րդը պատ­­ժե­­­լի: Սե­­բաս­­տա­­­ցիի քա­­ռեակով ձե­­զի հրա­­ժեշտ տա­­լէ առաջ կը մաղ­­թեմ, որ դուք յա­­ճախ դա­­տապար­­տո­­­ւիք սի­­րոյ ծանր պա­­տիժով, հոգ չէ, թէ ան հիւ­­ծող է եւ կի­­զիչ.

Յով­­սէփն ասաց եր­­կու սէր կայ,

Մարդ միտք անէ ո՞րն է գո­­ված,

Մարմնոյ սէ­­րից պա­­տիժ կ՚առ­­նէ,

Սէ­­րը հո­­գեւորն է գոված: