«Արաս»Հարատարակչատունը իր հիմնադրութեան օրերէն սկսեալ որդեգրած է հրատարակչական ուրոյն ուղի մը, որ ունի երկու շատ կարեւոր նպատակներ։ Առաջին հերթին ան կը փորձէ թրքերէն ընթերցողը տեղեակ պահել հայերէնի հարուս գրական պաշարեն։ Այդ ծիրէն ներս ցարդ լոյս տեսած են թարգմանական ահագին գրականութիւն, թէ՛ գրական եւ թէ գիտական ու պատմական բովանդակութիւններով։
«Արաս» նոյն սկզբունքով կը շարունակէ նաեւ հայերէն գիրքեր հրատարակել թէ՛ հայ գրականութեան դասականացած դէմքերէն եւ թէ ժամանակակից ուսումնասիրութիւններէ։ Այս շարքի վերջին օրինակը եղաւ Մարկ Նշանեանի գրական վերլուծումը՝ «Գեղագիտական Ազգայնականութիւն»։
«ԿԱՄ մատենաշար»ի այս երկրորդ միաւորը ԺԹ. դարու ազգայնացումի երեւոյթին կ՚անդրադառնայ, իրարմէ անջատելով ու կողք կողքի դնելով անոր երկու երեսները՝ ազգային բանասիրութեան սկզբնաւորութիւնը եւ առասպելաբանական կրօնքին գիւտը։ Երկուքին միջեւ կապակցութիւնը յայտնի կը դառնայ միայն երբ նկատի առնենք կայսերական իշխանութեան համակարգին մէջ՝ ենթակայ ժողովուրդներուն մօտ ազգայնացումի հոլովոյթը։ Նշանեան նոյն երեւոյթին երկու երեսներէն իւրաքանչիւրը պահած է իր բաժնին մէջ, երկուքին միջեւ ագուցումը կրկին երեւցնելու համար որպէս հարց, եւ ո՛չ թէ որպէս ստուգութիւն։