Հատորին մէջ նախ կը հանդիպինք Անդրանիկ Կ. Ճեվահիրճեանին, բնիկ Սվազցի։ Ճեվահիրճեան, որ Ապտուլլահ եղբայրքին աշկերտը եղած է Պոլսոյ մէջ, Անքարայի առաջին լուսանկարչական արուեստանոցը հիմնած է 1889 կամ 1890-ին. իր լուսանկարչական ոսպնեակին կը պատկանին պաշտօնական շէնքերու հիմնարկէքի հանդիսութիւններու, պաշտօնակալութիւններու եւ պաշտօնական տօնակատարութիւններու նման ձեռնարկներ։ Տիլտիլեան եղբայրներէն Ցոլակը Ճեվահիրճեանի ձեռքին տակ սորված է եւ կ՚ենթադրուի, թէ Ճեվահիրճեան արուեստանոց մը ունէր Սվազի մէջ՝ նախքան Անքարա բանալը, եւ թէ Ցոլակ անկէ սորված է այս արուեստը։
ԼՈՒՍԻ ԹԷՔ
Բոլորս ալ մեր մեծ հայրերուն/մայրերուն կամ մեր մանկութենէն սեւ ու սպիտակ հին լուսանկարներ ունինք եւ գուրգուրանքով պահած ենք զանոնք պատկերատետրերու մէջ։ Անոնցմէ շատերու ետեւը ձեռագիր գրուած կը տեսնենք թուական մը, երբեմն նոյնիսկ՝ քաղաքն ու վայրը, ուր քաշուած է պատկերը։ Յատուկ առիթներու, ինչպէս՝ պսակի, նշանախօսութեան, ընտանեկան յիշատակի եւ այլն, նկարներուն շրջանակը կրնայ ընդգրկել նաեւ լուսանկարիչի արուեստանոցին անունը։ Տարիներ ետք իսկ, այս պատկերատետրերը մեզի առիթ կ՚ընծայեն տեսնելու մեր ընտանիքին մեծերը, որոնց բնաւ չենք հանդիպած, եւ ականատես ըլլալու անոնց ուրախ օրերուն։ Գոչ համալսարանէն հրատարակուած Էրման Թամուրի «Լուսանկարչութիւն եւ բացիկներ Անքարայի մէջ (1890-1960), Անդրանիկէն Ֆոթո Ռըտվան, Մուկամեանէն Կէօքչէադամ» գիրքին մէջ հանդիպեցայ նման լուսանկարներու, որոնք զիս յիշեցուցին ընտանիքիս պատկերատետրին մէջ տեսած Անքարայի մէջ առնուած լուսանկարները մեծ հայրերուս/մայրերուս, որոնք արդէն մեկնած էին այս աշխարհէն, երբ ես ծնայ։ Այս հատորին շնորհիւ նաեւ իմացայ, թէ Անքարայի մէջ արուեստանոց բացած առաջին երեք լուսանկարիչները՝ Ա. Կ. Ճեվահիրճեան, Մ. Մուկամեանն ու Վինսեն Բեռնայեանն էին։
Հատորին մէջ նախ կը հանդիպինք Անդրանիկ Կ. Ճեվահիրճեանին, բնիկ Սվազցի։ Ճեվահիրճեան, որ Ապտուլլահ եղբայրքին աշկերտը եղած է Պոլսոյ մէջ, Անքարայի առաջին լուսանկարչական արուեստանոցը հիմնած է 1889 կամ 1890-ին. իր լուսանկարչական ոսպնեակին կը պատկանին պաշտօնական շէնքերու հիմնարկէքի հանդիսութիւններու, պաշտօնակալութիւններու եւ պաշտօնական տօնակատարութիւններու նման ձեռնարկներ։ Տիլտիլեան եղբայրներէն Ցոլակը Ճեվահիրճեանի ձեռքին տակ սորված է եւ կ՚ենթադրուի, թէ Ճեվահիրճեան արուեստանոց մը ունէր Սվազի մէջ՝ նախքան Անքարա բանալը, եւ թէ Ցոլակ անկէ սորված է այս արուեստը։
Անքարայի երկրորդ լուսանկարչական արուեստանոցի հիմնադիր Մ. Մուկամեանի մասին «Արեւելեան առեւտուրի տարեգիրք»-ին մէջ առաջին յիշատակումները կը կրեն 1898 թուականը։ Ի տարբերութիւն Ճեվահիրճեանի, ան Անքարայի իր լուսանկարները տպած է բացիկներու ձեւի տակ։ Ասիկա Անքարայի համար առաջին անգամ եղած բան մըն էր, եւ Մ. Մուկամեան ասոր ձեռնարկած է իր եղբօր հետ՝ «Մուկամեան եղբայրք» անուան տակ։ Մուկամեանի առած Անքարայի լուսանկարները կարեւոր արխիւ եւ քաղաքի տեսողական յիշողութեան լայն պաշար մը կը կազմեն՝ մեզի ցոյց տալով քաղաքին տարբեր մասերն ու տուեալ ժամանակամիջոցին մթնոլորտը, ինչպէս նաեւ՝ առիթ մը զանոնք բաղդատելու ներկային հետ։
Անքարայի երրորդ հայ լուսանկարիչը Վինսեն Բեռնայեանն է։ Թէեւ գիտցուած է, որ Բեռնայեան իր ասպարէզը սկսած է 1905-ին եւ գործունեայ եղած է մինչեւ 1909, բայց իր մասին որեւէ տեղեկութիւն չենք գտներ այս թուականէն անդին։ Ի տարբերութիւն վերոնշեալ երկու լուսանկարիչներէն, անոր միայն արուեստանոցի մէջ առնուած լուսանկարները գիտցուած են։ Մասնագիտական կեանքը Անքարայի մէջ միւս երկուքէն աւելի կարճ եղած է։
1920-էն սկսեալ Անքարայի մէջ լուսանկարչական արուեստանոցներուն թիւը հետզհետէ աճ արձանագրած է։ Մեհմետ Ատիլ Պէյին «Զաֆեր ֆոթողրաֆհանեսի»-ն եւ Ռեմզի Պէյին «Հիլալ ֆոթողրաֆհանեսի»-ն այդ ժամանակաշրջանին հանրածանօթ արուեստանոցները եղած են։ Անքարայի լուսանկարչական ասպարէզին զարգացումը նկարագրելով՝ հատորը ընթերցողին կը տանի հաճելի տեսողական ճանապարհորդութեան մը։ Յատկանշական է, որ 1900-ականներուն սկիզբը, երբ լուսանկարչութեան մշակոյթը տակաւին տարածուած չէր Անքարայի մէջ, քաղաքին քրիստոնեաները հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են այս գծով եւ ծանօթ եղած են այս մարզին՝ Պոլիսէն եկած օրինակներէն։ Հատորին մէջ տեղ գտած լուսանկարները եւ հին բացիկները անգամ մը եւս յիշեցուցին ինծի այս նիւթերուն կարեւորութիւնը՝ հասկնալու համար քաղաքին եւ ընկերութեան անցեալը։ Ինծի համար նոյնքան հաճելի փորձառութիւն մըն էր յայտնաբերել գրեթէ մոռցուած եւ սահմանափակ տեղեկութիւններով մեզի հասած այս երեք հայ լուսանկարիչները՝ լուսանկարներու արխիւներուն մէջ անմահացած իրենց լուսանկարներուն ճամբով։
Թարգմանեց՝ Արազ Գոճայեան