Մատենադարանը կը գուժէ իր երկար տարիներու տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի վաղահաս մահը։ Հրաչեայ Թամրազեան 3 Սեպտեմբեր Շաբաթ օր, 63 տարեկանին կը մահանայ երկարատեւ հիւանդութենէ ետք, իր ետին թողելով հսկայական վաստակ մը՝ նորոգուած ու շէնացած Մաշտոցի Անուան Ձեռագիրներու Ուսումնասիրութեան Կեդրոն Մատենադարանը։ Իր տնօրինութեան տարիներուն Մատենադարանը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կ՚ընդլայնէ իր տարածքը տիրանալով նոր մասնաշէնքին։ Աւելին, անցեալ տարուան մէջ, Մատենադարանը ունեցաւ իր անդրանիկ մասնաճիւղը, Արցախի Գանձասար վանքին մէջ, ուր հաւաքուած է Արցախեան ակունքներ ունեցող ձեռագրական աւանդը։ Այս ընթացքին Մատենադարանի պաշտօնէութիւնը կը եռապատկուի հասնելով 350 հոգանոց վիթխարի աշխատակազմի։ Մատենադարանի ձեռագիրներու հաւաքածուն կը հարստանայ հասնելով 23 հազարի, դառնալով աշխարհի ամենէն հարուստ ձեռագիրներու հաւաքածուներէն մէկը, ուր ոչ միայն հայերէն կամ հայատառ ձեռագիրներ հաւաքուած են, այլ բազմազան լեզուներով, ներառեալ արաբատառ օսմաներէն ձեռագիրներ։ Միջազգային յարաբերութիւններ կը մշակուին զանազան կեդրոններու, համալսարաններու եւ թանգարաններու հետ։
Հրաչեայ Թամրազեանի տնօրինութեամբ Մատենադարանի մէջ կը հիմնուի թուայնացման բաժինը, ուր արդէն իսկ թուայնացած են այս ժառանգութեան աւելի քան 7 հազար նմոյշները, եւ աշխատանքը կը շարունակուի հասնելու ամբողջական թուայնացած հաւաքածուին, բան մը որ խիստ իւրայատուկ է հայկական իրականութեան մէջ։ Նորոգման եւ վերականգման բաժինը կը շարունակէր գործել հրաշքներ, գիտական հետազօտութեան համազօր մակարդակի վրայ վերականգնելով վնասուած եւ կազմալուծուած ձեռագիրները։ Այստեղ իւրաքանչիւր ձեռագիր իր թուղթի տեսակին, կազմի տեսակին, ժամանակաշրջանին եւ այլ տուեալներու համեմատ կը վերականգնուին, համաշխարհային ամենէն բարձր չափանիշերու համեմատ, համագործակցելով միջազգային գործընկերներու հետ, իւրացնելով այս ճիւղին յատկապէս Ճափոնական ճարտարարուեստը։ Պէտք է նշել, թէ Մատենադարանը կը ծառայէ նաեւ որպէս Բարձրագոյն Ուսումնական Հաստատութիւն, այսինքն այստեղ իրենց ուսումնասիրութիւնը կը տանին, եւ իրենց թէզերը կը պաշտպանեն թեկնածուական եւ դոկտորականի ուսանողներ, եւ որոնք իրենց ուսումնական պաշտօնէութիւնը կը վարեն Մատենադարանի յարկին տակ։ Պէտք է նշել թէ Մատենադարանի հրատարակութիւնները հասած են աննախադէպ քանակի վերջին տարիներուն, գլխաւորաբար հրատարակուած են աշխատանքները Մատենադարանի իր իսկ գիտաշխատողներուն։
Հրաչեայ Թամրազեանի տնօրինութեան տարիներուն հիմքը դրուեցան եւ զարգացան զանազան ծրագիրներ Մաշտոցի Անուան Մատենադարանը ապահովելու շարունակական նիւթական աղբիւրներով։ Յաճախ անտեսուած հայկական կառոյցներու մէջ, այս ուղղուածութիւնը ինքնին բաւարար պիտի ըլլար յաւիտեանս երախտապարտ մնալու համար Հրաչեայ Թամրազեանի վաստակին, որուն շնորհիւ Մատենադարանը այսօր այլ դիրքի վրայ է, քան միւս, ոչ աւելի պակաս կարեւոր գրադարանները եւ արխիւային հաստատութիւնները Հայաստանի կամ Հայկական աշխարհին մէջ։ Մատենադարանի Բարեկամներ ծրագիրը այս ոլորտին մաս կը կազմէ։
Վերջին տարիներուն կազմաւորուած Մաշտոց Հիմնադրամը կու գայ լրացնելու այս ցանկը։ Վերջինս հիմնուած է բարերարներու նուիրատուութեամբ, եւ կը հոգայ Մատենադարանի երիտասարդ գիտնականներու հետազօտութիւններու, ճամբորդութիւններու, արխիւային նիւթեր ձեռք բերելու ծախսերէն, մինչեւ Մատենադարանի յուշանուէրային բաժինի կազմաւորումը, բան մը, որ ինքնին նիւթական աղբիւր ապահովելու միտուած է։ Օրինակելի այս մօտեցումները ոչ միայն կ՚ապահովեն Մատենադարանի կեանքը, այլեւ անոր հաւաքածուներու պահպանումը, ընդլայնումը, հարստացումը եւ արդիական պատշաճեցումը։
Դժուար է պատկերացնել Մատենադարանը առանց Հրաչեայ Թամրազեանի։ Սակայն անոր ձգած հսկայական աւանդը, ոչ միայն պիտի ապրի հարիւրաւոր երախտապարտներու ընդմէջէն, ոչ միայն հնամեայ ձեռագիրներուն վերապրած էջերէն, այլեւ իր գծած ու ձեւած ուղիներէն։ Իր յաջորդները պիտի ներշնչուին իր եռանդուն աշխատելաոճի սկզբունքներէն, նուիրուած, հեռատես եւ նոյնքան ճարտար ու ակադէմական։ Անոր յաջորդները պիտի նային ետեւ ու պիտի տեսնեն ապագան։
Այժմ Մատենադարանի տնօրինութիւնը ժամանակավորապէս վստահուած է Մատենադարանի գիտական քարտուղար Վահան Տէր Ղևոնդեանին: Ան պիտի վարէ այս պաշտօնը մինչ նոր տնօրէնի ընտրութիւնը: Վահան Տէր Ղևոնդեան հայագետ-արևելագետ, ունի դիւանագիտական փորձ, վարած է ՀՀ գլխաւոր դեսպանի պաշտօն Ֆրանսայի, Արժանթինի և Լիբանանի նման հայաշատ երկիրներու մէջ: Յայտնի իր արաբերէնի իմացութեամբ եւ իսլամական ձեռագիրներու մասնագիտութեամբ, Վահան Տէր Ղեւոնդեան կու գայ Մատենադարանին շահեցնելու նոր ուղղութիւններ։ Տակաւին այս տարուան ընթացքին Մատենադարանի մատենաշարէն լոյս տեսած է Վահան Տէր Ղեւոնդեանի խմբագրութեամբ Մատենադարանի ձեռագիրներու հաւաքածոյին Ղուրաններու ձեռագրացուցակը։ Խիստ ժամանակային գիտակցութեամբ այս հրատարակութիւնը Հայաստանը եւ հայագիտութիւնը կը դնէ իսլամագիտթեան քարտէսի կեդրոնին։ Վահան Տէր Ղեւոդեանի տարբեր հայերէններու իմացութիւնը, գտական բարձր զգօնութիւնը, դիւանագէտի հեռատեսութիւնը, վստահաբար շահեկան պիտի դառնան Մատենադարանին եւ անոր ողջ անձնակազմին համար։
Վերջապէս, յստակ է թէ Մատենադարանը առանցքային կառոյց է Հայաստանի պէս երկրի մը համար։ Իր բարձրադիր դիրքով Երեւան քաղաքի մէջտեղը, զբօսաշրջիկներու առաջին հասցէներէն մէկը, երկրին թերեւս առաջին հպարտութիւնը, ազգային գանձատան իր համբաւով, Մատենադարանը եղած է ու կը մնայ իր հմայքին վրայ։ Հրաչեայ Թամրազեանի եւ իր նման նուիրեալներու շնորհիւ։