Վարուժան չի մեռնիր

Իրա­կանու­թեան մէջ կը մեռ­նի, եւ մենք կա­րողու­թիւնը եւ իրա­ւունքը ու­նինք իր մա­հը սգա­լու։ Իրա­ւունքը մէկ կողմ, դժուարը սգա­լու կա­րողու­թիւնն է։ Չի բա­ւեր կորսնցնել, նաեւ մենք կը կրենք ցա­ւը չսգա­լու։ Չենք կրցած նոյ­նիսկ սգալ, լալ, հեծկլտալ ու մղկտալ։ Եթէ սգա­ցած ենք, սգա­ցած ենք գաղտնա­գողի։ Քա­նի որ եթէ Պոլ­սոյ մէջ ար­գի­լուած եղած է, ապա սփիւռքի մէջ ամօ­թալի եղած է սգալ, հար­կա­ւոր եղած է ոտ­քի կե­նալ, ոտ­քի մնալ, հար­կա­ւոր եղած է վե­րապ­րիլ։ Կամ ար­գի­լուած, կամ վե­րապ­րե­լով տա­րուած, մոռ­ցած ենք սգալ։

ՎԱՀԱԳՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

vahaknk@agos.com.tr

Բայց այս Կի­րակի, սգա­ցինք Վա­րու­ժա­նը։ Սրա­հով մէկ լա­ցինք, բո­լորս, սկիզ­բը ամչնա­լով, քո­վին­նե­րուն նա­յելով, յե­տոյ իրար տես­նե­լով, յե­տոյ ազա­տօրէն լա­ցինք, իրար տես­նե­լով որ բո­լորս կու լանք, բո­լորս սգա­ցինք։ Ազատ ըլ­լալ սգա­լու, թե­րեւս ըլ­լայ ամե­նէն առա­քինին մար­դու ազա­տու­թիւննե­րու մէջ։ Հա­րիւր տա­րի սպա­սել սգա­լու հա­մար։ Հա­րիւր տա­րի սպա­սել հո­գեհան­գիստին հա­մար, ու սրա­հին սու­գին ընդմէ­ջէն, առանց իսկ կա­րիքը զգա­լու մի­լիոն­ներ ծախ­սե­լու, առանց աշ­խարհի չորս կող­մէն մարդ հա­ւաքե­լու, առանց հրա­պարակ­նե­րուն վրայ պո­ռալու, ոչ իսկ Ապ­րիլ քսան­չորս-ական ըլ­լա­լու։ Լուռ բայց հաս­տա­տուն սուգ մը մեծ քա­ղաքա­գէտին հո­գիին հա­մար։

Այո՛, քա­ղաքա­գէտ, մենք զինք կը ճանչնանք որ­պէս բա­նաս­տեղծ եւ վար­ժա­պետ։ Ինք քա­ղաքա­գէտ էր, մաս­նա­գիտու­թեամբ, ուստի այդ էր իր ու­սումը Պել­կիոյ Կանտ քա­ղաքին մէջ, բան մը որ կը սոր­վինք վա­ւերագ­րա­կան ներ­կա­յաց­ման ըն­թացքին, նոյն հո­գեհան­գիստի երե­կոն, Կի­րակի երե­կոն։ Մէ­կը թող չյանդգնի ըսել թէ մենք միայն բա­նաս­տեղծներ ու­նե­ցած ենք եւ քա­ղաքա­գէտ­նե­ր չենք ու­նե­ցած։ Քա­նի որ մեր բա­նաս­տեղծներն են մեր քա­ղաքա­գէտ­նե­րը։ Ի՞նչ կը կո­չէք «Ցե­ղին Սիր­տը», բա­նաս­տեղծու­թի՜ն, գրա­կանու­թի՜ւն, արո­ւե՜ստ։ Ցե­ղին սիր­տը քա­ղաքա­կանու­թիւն է։

Որ­քան ալ կռու­ըտինք, որ արո­ւես­տին նպա­տակը ինչ է, արո­ւես­տը արո­ւես­տի՞ հա­մար է, թէ չէ... ի վեր­ջոյ իրա­կանու­թիւնը մէկ է, արո­ւես­տը քա­ղաքա­կան է։ Թատ­րո­նը քա­ղաքա­կան չէ՞, նոյնն է բա­նաս­տեղծու­թիւնը։ Վա­րու­ժա­նը կը գրէր, հան­րութիւ­նը կը սպա­սէր իր գոր­ծե­րը, մար­դիկ կը հա­ւաքո­ւէին ու կը վեր­լուծէին իր գոր­ծե­րը, կը ոգե­ւորո­ւին, կը սոր­վէին։ Ան­շուշտ որ վտան­գա­ւոր էր Վա­րու­ժա­նը Օս­մա­նեան Կայսրու­թեան հա­մար։ Ան­շուշտ որ Վա­րու­ժա­նը իր ազ­գին զար­թօնքը կ՚եր­գէր։ Ո՞վ ըսաւ որ ինք հան­գիստ բա­նաս­տեղծու­թիւն կը գրէր, ու եկան տա­րին օր մը։

Վա­րու­ժա­նը ին­կաւ մար­տի դաշ­տին վրայ։ Եւ այ­սօր ու­նինք կա­րողու­թիւնը այս խօս­քը ըսե­լու։ Ինք երբ իջաւ Չի­մէն Փո­ղոցի իր յար­կէն վար, գի­տէր որ կ՚եր­թայ մա­հուան ճամ­բան։ Խո­րունկ հա­ւատ­քը ու­նէր նաեւ, որ հա­րիւր տա­րի ալ անցնի, ցե­ղին սիր­տը կանգ չառ­ներ, ու հա­րիւր տա­րի ալ անցնի առանց իր սու­գին, օր պի­տի գայ, այդ նոյն փո­ղոցէն մի քա­նի հա­րիւր մեթր ան­դին, Քէնթ Մշա­կոյթի Կեդրոնին մէջ, դպրո­ցական­ներ պի­տի պա­տարա­գեն իր բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րը։ Այսպէս է որ Վա­րու­ժան չի մեռ­նիր։

Յա­ւէրժ է Կեդրոնական Վարժարանը։