Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին ռմբակոծուած

Արմէնիըն Ուիքլիի հաղորդումին համաձայն, երբ արար աշխարհ զբաղուած էր Փարիզի մէջ գրչի դէմ յարձակումին, նոյն 9 Յունուարին, առաւօտեան ժամերգութենէ երկու ժամ առաջ ռմբակոծուեցաւ Հալէպի Կաթողիկէ Հայոց Սրբուհի Ռիթա Եկեղեցին։ Տաճարը ծանրօրէն վնասուեցաւ։ Եթէ պայթումը երկու ժամ ուշանար, բազմաթիւ զոհեր պիտի ըլլային։

ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ
rzarakolu@aol.com

Արմէնիըն Ուիքլիի հաղորդումին համաձայն, երբ արար աշխարհ զբաղուած էր Փարիզի մէջ գրչի դէմ յարձակումին, նոյն 9 Յունուարին, առաւօտեան ժամերգութենէ երկու ժամ առաջ ռմբակոծուեցաւ Հալէպի Կաթողիկէ Հայոց Սրբուհի Ռիթա Եկեղեցին։ Տաճարը ծանրօրէն վնասուեցաւ։ Եթէ պայթումը երկու ժամ ուշանար, բազմաթիւ զոհեր պիտի ըլլային։

Ափսոս որ Միջին Արեւելքի մէջ տարբեր դաւանանքներու ուղղեալ այս տեսակի յարձակումները բնական դարձած են եւ շատ անգամ լրատուական արժէք մը իսկ չեն ներկայացներ։

Ռմբակոծման «Ճապհաթ Ալ Իսլամիա»ի կազմին գործող «Հարաքաթ Ահրար Ալ Շամ»ի կողմէ կատարուելուն մասին լսումները դեռ չեն ճշդուած։ Եպիսկոպոս Մուրատեան կը յայտնէ թէ այս մէկը Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ուղղեալ առաջին յարձակումը չէ։ Նախապէս ալ եպիսկոպոսական վարչութեան շէնքը եւ Կաթողիկէ վարժարանը յարձակումի ենթարկուած էին։

Թիլլէլ փողոցի Սրբուհի Ռիթա եկեղեցին կառուցուած էր Օսմաեան շրջանին, 1840-ին։ Տաճարը նորոգուած էր 1990-ին։

Հալէպի Հայ Կաթողիկէ համայնքի անցեալը կը հասնի ԺԱ.-ԺԲ. դարերուն։ Նախքան Սուրիական ներքին պատերազմը, Հայ Կաթողիկէ համայնքը ունէր քսան եկեղեցիներ եւ հինգ դպրոցներ։

Հալէպի Առաջնորդարանի վեց շրջաններուն, բացի ռմբակոծուած Սրբուհի Ռիթայէն, Սիւլէյմանիյէի մէջ Սրբուհի Վառվառա, Միտանի Սուրբ Երրորդութիւն, Ուրուպայի Սուրբ Խաչ, Ճէպէլի Աւետեաց, Ռաքքայի Սրբոյ Նահատակաց եկեղեցիները կան։

Եպիսկոպոս Մուրատեան կ՚աղօթէ պատերազմին վերջ գտնելուն եւ խաղաղութեան համար։ «Խնդիրները ոչ պատերազմով, այլ երկխօսութեամբ կը լծուին» կ՚ըսէ ան։

9 Յունուարի յարձակումէն չորս ամիս առաջ ռմբակոծուած ու աւերուած էր Տէր Զօրի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը եւ եկեղեցին։ Այդ ռմբակոծումը վերագրուած էր Իսլամ Պետութեան։

2008-ին միայն Հալէպի մէջ շուրջ 17 հազար հայ կաթողիկէներ կը բնակէին։ Սուրիոյ պատերազմին հետ ուղղափառ եւ կաթողիկէ հոգեւոր պետերու առեւանգումը, հին ասորիներու Մալուլա գիւղի եւ Թուրքիոյ սահմանամերձ Քէսապի անկումը. Տէր Զօր անապատի Մէտէտէ մատուրին յարձակումի ենթարկուիլը պատճառ եղան, որ բազմաթիւ ասորիներ ու հայեր հեռանան Սուրիայէն։ Ներկայիս Առաքելական եւ Կաթողիկէ բազմաթիւ հայեր, քրտական թաղամասի պատշպանութեան միաւորումներու ալ զօրակցութեամբ կը շարունակեն Հալէպի ծանր պայմաններու ներքեւ գոյատեւել։

Փոքրամասնութիւններու համար ամենաապահով վայրը կը մնայ Քամըշլըի քանդոնը, ուր ԻՊ չի համարձակիր յարձակելու։

Անցեալները Քամըշլըի Ասորի եկեղեցւոյ մէջ հայկական պսակադրութիւն մը կատարուեցաւ։ Քանդոնի վարչութեան մէջ փոքրամասնութիւնները իրենց ներկայացուցիչներու միջոցաւ կը մասնակցին որոշումներուն։

2011-ի Մարտին Տէր Զօրի ցեղասպանութեան յուշարձանը եւ եկեղեցին, աւազներու մէջ մարդու ոսկորներ լեցուն անապատի Մէկատէ մատուռը այցելեցի։

Ռայմոն Գէորգեանի մեր կողմէ հրատարակուած «Ցեղասպանութեան Երկրորդ Փուլը՝ Տէր Զօր, տարագրուած Օսմանեան Հայերու Սուրիոյ ու Միջագետքի հաւաքման ճամբարներու մէջ ոչնչացումը, 1915-1916» գիրքը (թարգմ. Նարինկիւլ Թէոդոսեան, «Պէլկէ» հրատարակչատուն 2011) անձամբ, այդ աղէտի ապրուած տարածքէն անցնելով Տէր Զօրի Յուշարձանի Թանգարան յանձնեցի։ Այդ օրերուն ո՛չ ոք կը կարծէր, թէ Սուրիա արիւնալի պատերազմի մը պիտի ենթարկուի եւ ցեղասպանութիւնը մինչեւ հոս պիտի հասնի։ Ես ալ չէի մտաբերած որ եօթը ամիս անց, «զուգահեռ կառոյց»ի կողմէ պիտի ձերբակալուիմ ու բանտարկուիմ։ Տարօրինակ օրեր էին, ինչ որ այսօր։

Եւ լոյսերու քաղաք Փարիզի մէջ, 1993-ի Սեբաստիոյ կոտորածէն աւելի քան 20 տարի անց, ո՞վ կը մտաբերէր որ պիտի սպաննուի գրչի մեծագոյն մարդը։

Ո՞վ կը մտաբերէր որ, 1970-ականներէն ի վեր երկրպագածս, բոլոր գիրքերուն տիրացածս 80 ամեայ Ուոլիննքին, Մուսա Անթէրի նման փամփուշտներու թիրախ պիտի դառնայ, ո՞վ պիտի մտաբերէր…։             

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ


Yazar Hakkında

Vahakn Keşişyan

Gelecek Yazıları