ՅԻՇԵԼՈՎ ՍԱՐԳԻՍ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆԸ

ՅԻՇԵԼՈՎ ՍԱՐԳԻՍ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆԸ Սերովբեանին երանի

1996-ի Զատկի օր մըն էր, երբ պոլսահայ մամուլի ասպարէզին մուտք գործեց «Ակօս», իբրեւ աննախադէպ փորձ մը, որպէս թրքալեզու հայթերթ։ Սա պահուն նշանակութիւն չունի այդ աննախադէպի պատճառած վերապահութեան եւ տարակուսանքին մասին խօսիլ։ Որոշ չափով հասկնալի էր այդ վերապահութիւնը, որքան ալ տրամաբանութենէ հեռու ըլլային նման գործընթացի մը անպատեհութեան մասին առաջարկուած պատճառաբանութիւնները։