Սիրելի Պարոնս

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

Հասարակ օր մըն է, սովորական։ Բարեկամներով, հարազատներով հաւաքուած ենք ճաշասեղանի շուրջ։ Մէկ կողմէն հաճելի զրոյց մը կ՚երթայ։ Յանկարծ սեղանակիցներէն մին «դէմքիդ ի՞նչ եղաւ» կը հարցնէ։ Առաջին անգամ յղութեանս ժամանակ սկսաւ։ Մորթի մաշկիս բջիջները փուլ փուլ կը թափին։ Սրտնեղութեան հետ կապ ունի կարծեմ։ Հօրս հիւանդութեան ժամանակ ալ եղած էր։ Յանկարծ հեռախօսը կը հնչէ, կը վերցնեմ ընկալուչը։ Մայրս է դիմացս։ Վշտահար ձայնով «Վա՜յ» կը բացագանչէ։ Սարսափը ինծի փոխանցուած է։ «Մամա, ի՞նչ եղաւ, հօրս բա՞ն մը եղաւ»։ «Չէ՛» կ՚ըսէ մայրս, «Գրիգորը փնտռեց, Պարոնը…»։ «Անջատէ մամա, անջատէ…»։

Կողքի սենեակը անցայ։ Լոյսը չեմ վառած։ Կը հեծկլտամ միայնակ։ Միայնակ ապրելու եմ այս պահը։ Սենեակը պէտք է խաւար ըլլայ, որ դուն ժպիտովդ փայլիս իմ առջեւ։ Փայլիս ու խնդաս։ «Ա՜խ Պարոն, այս որքան շուտ…»։

Անհաշիւ են, անհամար յուշերս, յիշատակներս։ Քեզ հետ կը լուսաւորուին իմ միւս պարոններն ալ։ Ես ու դուն խմբագրատունն ենք եւ յանկարծ Յակոբ Այվազը կը մտնէ ներս։ Վերջին գրութիւնը բերած է, որ շարեմ։ Իսկ քեզի ալ պիպլօ մը բերած է տունէն։ Տիկին Արշոյի մահէն ետք տունի այս տեսակ իրեղէնները բարեկամներուն կը բաժնէր, իբր յիշատակ։

Կոպելեանը կը յիշեմ յետոյ։ Դուն որքան յարգալիր կը վերաբերէիր իրեն նկատմամբ։ Երեքշաբթի եւ Չորեքշաբթի օրեր, երբ ան կու գար, շատ տարբեր կ՚ըլլայիր։ Ինչ որ պիտի հարցնէիր, ինչ որ միտքդ կը տանջէր, բոլորն ալ իրեն կը հարցնէիր։ Կը խօսակցէիք, կը խնդայիք։ Ես ալ անձայն կը խնդայի…

Անթայրը (Վարուժան Քէօսէեան) կը յիշեմ։ Երբ ան հիւանդանոցի մնայուն բնակիչ էր, խնդրած էիր որ իր նախորդ յօդուածը յանձնեմ եւ նոր յօդուածը առնեմ։ Հիւանդանոցի մէջ փոխանակ Վարուժան Քէօսէեանի, ինձ առաջնորդեցին Վարուժան Քէօշքէրեանին եւ յօդուածը ինք առաւ։ Օրերով զբաղեցանք, որպէսզի ետ առնենք։ Խնդացիր։ Վիճակիս խնդացիր։ Աւելի հետաքրքիրը՝ Անթայրն ալ խնդաց։ Շատ ամչցայ։ Շատ…

Պարոն Հրանդը եւ դուն կու գաք միտքս։ Ժամը երեքի ու հինգի միջեւ… սենեակն էք, կը զրուցէք, կը վիճաբանիք, երկար կը խօսակցիք… Մտիկ կ՚ընեմ, միտշ մտիկ կ՚ընեմ…

Երբ անձայնութեան մէջ ձեր ձայնը կը լսեմ, կու լամ…

Սիրելի Պարոն, աչքիս առջեւ հարիւրաւոր յիշատակներ, ձայնդ ականջիս մէջ… եւ Դուն։ Երբ կը քալենք, կը նստինք, կը խօսինք, կը բարկանանք, կ՚ուտենք, դուն…

Օր մը «կ՚ուշանամ։ Ձեզ յաճախ կը բարկացնեմ։ Կը վախնամ որ իմ փոխարէն ուրիշ մը կ՚առնէք» ըսի եւ լացի։ «Քեզի չեմ թողուր, մի՛ վախնար» ըսիր։ Մի՛ վախնար…

Ուսուցիչս, Սիրելի Պարոնս, կը վախնամ։ Յենարան լեռնանման ժայռս գլորեցաւ։ Ինկայ, ցաւ կը զգամ, ներսիդիս ցաւ մը եւ Դուն…

Ա՜խ Պարոն, երանի այդ անուշիկ այտերէդ անգամ մը եւս կարենայի համբուրել եւ դիմացս ժպտայիր…

Ներսիդիս Դուն ես, այսօր ինձմէ հեռու…