Ցեղասպանութենէ ետք հայերը ցրուելով աշխարհով մէկ, գոյացաւ նաեւ լեզուն պահելու խնդիր մը։ Ամէն սերունդ իր ապրած աշխարհագրական հատուածի պայմաններուն համապատասխան դժուարութիւններ յաղթահարելու փորձին մատնուեցաւ։ Արեւմտահայերէնը կենդանի եւ կենսունակ պահելու համար ծրագիրներ կը մշակուին։ Ներկայ պայմաններուն մէջ արեւելահայերէնը իբրեւ Հայաստանի պետական լեզու, աւելի ապահով դիրքի մէջ է։ Միւս կողմէ սփիւռքի տարածքին գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ, Լիբանանի, առհասարակ Միջին Արեւելքի եւ ամբողջ սփիւռքի մէջ օգտագործուած արեւմտահայերէնը ձուլման հետեւանքով մոռացութեան եւ կորուստի սպառնալիքին տակ կը գտնուի։ Այս մասին զրուցեցինք Լիզպոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամի մեկնած՝ «Զօրակցութիւն Արեւմտահայերէնի» նախագծի գործադիր Անի Կարմիրեանի հետ։
ՄԱՐԱԼ ՏԻՆՔ
maraldink@agos.com.tr
Մարալ Տինք- Կիւլպէնկեան Հիմնարկի հինգ ամեայ ծրագրին մէջ արեւմտահայերէնի համար ինչե՞ր նախատեսուած են։
Անի Կարմիրեան- Հինգամեայ ծրագրի արդէն երրորդ տարին ենք եւ գլխաւոր նպատակներէն մէկն է արեւմտահայերէնի աջակցութիւնը։ Ես այդ նախագիծով է որ հիմնարկին մասնակցեցայ։ Կիւպէնկեան Հիմնադրամը Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի հայկական դպրոցներուն, այդ դպրոցներու ուսուցիչներուն եւ աշակերտութեան նիւթական նպաստ ապահովող հաստատութիւն մըն է։ Ամերիկայի եւ Գանատայի դպրոցները մասամբ ներգրաւուած են նախագծին։ Նոր ծրագիրով յատկապէս լեզուի զարգացման համար որոշ ուղի մը որդեգրած ենք։
Մ.Տ.-Արեւմտահայերէնի վերաբերեալ խնդիրները տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր յատկութիւններ կը պարզե՞ն։
Ա.Կ.-Լիբանանը այն երկիրն է, ուր հայերէնը կեանքի բաղադրիչը դարձած է։ Տուներէ ներս կամ փողոցը հայերէն կը խօսուի, կը գրուի, սակայն նիւթերը հայոց հետ սահմանուած են։ Խնդիրը լեզուն աշխարհը ընկալելու համար գործածելն է։ Անցեալ տարի այդ ծիրէն ներս նախագիծ մը ձեռնարկեցինք։ Լիբանանի մէջ շուրջ 45 երկրորդական դպրոցի աշակերտներ «Վիքիփէտիա»ի մէջ արեւմտահայերէնով գրելու եւ այսպէսով ինքնավստահութիւն ապահովելու։ Ամառնային ճամբար մըն էր այս, ուր ուսանողները գրելով, աւելի ճիշդ գրելու կարելիութիւնը փորձելով յաջող արդիւնք ստացան։ Այս տարի նոյնը կ՚ուզենք Ֆրանսայի մէջ կիրարկել։ Եւրոպայի տարբեր երկիրներէն եւ Թուրքիայէն ալ աշակերտներուն կոչ ընելով 60 հոգիով ամառնային ճամբար մը պիտի կազմակերպենք։ Արեւմուտքի երկիրներուն մէջ հայերէնը որպէս երկրորդական լեզու կը դասաւանդուի, ուրկէ կը ծագի ուսուցման կանոններու տարբերութիւններ։ Պէտք չէ որ խրտչինք հայերէնը երկրորդ լեզուի ուսուցման դրութիւններով սորվելէ։ Դրական եղանակներով ուսուցանուած իւրաքանչիւր լեզու նոր լեզուի մը ուսուցման կ՚օժանդակէ։ Իսկ Ամերիկայի եւ Գանատայի օրինակը պէտք է զատ ուսումնասիրել, քանի որ հոն Պարսկաստանէն եւ Հայաստանէն եկողներուն միջոցաւ արեւելահայերէնը օգտագործող զանգուած մը գոյութիւն ունի։
Մ.Տ.- Ի՞նչ տեսակ աշխատութիւններ կատարուեցաւ նախորդ երկու տարուայ միջոցին։
Ա.Կ.- Տոքթ. Հուրիկ Աթթարեան Լիբանանի դպրոցներուն վիճակը ներկայացնող տեղեկագիր մը յանձնած էր Կիւլպէնկեան Հիմնարկին։ Եթէ Կիւլպէնկեանի պատմութիւնը նկատի ունենանք, կը տեսնենք թէ Լիբանանի 26 դպրոցները այս հաստատութենէն ամենաշատ նպաստ ստացած հաստատութիւններն են։ Համալսարանի դասախօսներէ, լեզուաբաններէ բաղկացող յանձնախումբ մը կազմեցինք։ Սկզբունքը հետեւեալն էր՝ նախքան աշխատանքի սկսիլ, դպրոցական համայնքի բոլոր բաղադրիչներուն, այսինքն ուսուցիչներուն, աշակերտներուն, ծնողներուն, շրջանաւարտներուն եւ աշխատակազմին դպրոցին վերաբերեալ հարիւրաւոր հարցումներ ունեցող հարցաթերթիկ մը լրացնելու հրաւէր ուղղեցինք։ 23 դպրոցներ պատասխանեցին եւ ձեւով մը հայելիին մէջ տեսան իրենց ուժով եւ տկար կողմերը։ Տեսան նաեւ որ թերութիւններուն կարեւոր մէկ մասը կրնան վերացնել իրենց սեփական կարողութիւններով։ Իսկ հայերէնի հետ կապուած թերութիւններու համար յանձնախումբի աջակցութիւնով լուծման ծրագիրներ պիտի գոյացնենք։ Միւս կողմէ ուսանելու դժուարութիւն ունեցող երախաներուն համար կ՚աշխատակցինք Պէյրութի Հովըրտ Գարակէօզեան Հիմնարկին հետ։ Կը հաւատանք որ այս մասին ուսուցիչներուն ալ պիտի կրնանք օգտակար ըլլալ։
Մ.Տ.- Նախորդ տարի Թուրքիա այցելած էիք։ Այստեղի համար ի՞նչ հեռանըկար ունիք։
Ա.Կ.- Թուրքիոյ մէջ ալ յանձնախումբ մը կազմուեցաւ։ Տեսակցեցայ դպրոցներու տնօրէններուն հետ։ Լիբանանի օրինակին հետեւելով այստեղ ալ ինքնաճանաչման առիթ ընդձեռող հարցաթերթիկներ պիտի պատրաստենք։ 16 դպրոցներուն հրաւէր ուղղած ենք, որոնց պատասխանը յառաջիկայ ամիսներուն պիտի ստանանք եւ ըստ այնըմ յանձնախումբին հետ միասին աշխատութեան պիտի ձեռնարկենք։ Նոյնը պիտի կիրարկենք Ֆրանսայի մէջ գործող եօթը հայկական դպրոցներէ ներս եւս։
Մ.Տ.- Ի՞նչ արդիւնքներու հասաք նախագծի շրջագծով կազմակերպուած ժողովներու ընթացքին։
Ա.Կ.- Սեպտեմբեր ամսուն, Փարիզի մէջ «INALCO» ինստիտուտի եւ Անահիտ Տօնապետեանի հետ միասին բանախօսութիւն մը կազմակերպեցինք, որուն մասնակցած էին 13 երկիրներէ եկած լեզուաբաններ, համալսարաններու դասախօսներ, հայ դպրոցներու ուսուցիչներ։ Կրթութեան համակարգէ ներս արեւմտահայերէնի ուսուցման արդի եղանակներուն շուրջ կլոր սեղանի երկօրեայ ժողովներ գումարեցինք։ Կ՚ուզենք որ այս աշխատութիւնները ձիւնեգնդակի մը նման աճին։ Գիտենք որ տարբեր տեղեր անհատական ջանքերով կարեւոր յաջողութիւներ ձեռք բերած մարդիկ կան։ Հաղորդակցութեան ժամանակակից միջոցներով անոնց աշխատութիւնները համադրելու միջավայր մը ստեղծել կ՚ուզենք։ Այս ամառ Փորթուկալի մէջ շուրջ 40 կրթական մշակի եւ ուսուցիչի մասնակցութիւնով աշխատանոց մը ծրագրած ենք։ Գրողներ, գծողներ, մանուկներու համար աշխատող մարդիկ պիտի մէկտեղուին եւ իրենց մտայղացումները պիտի բաժնեն։ Պէտք է խորհինք լեզուն թատրոնի, երաժշտութեան նման ստեղծագործ եւ հաճելի զբաղումներու մէջ սորվեցնելու մասին։ Եթէ յաջողինք մասնակիցները վերադառնալով իրենց երկիրներ, կրնան իրենց շուրջինները խրախուսել։ Շատ կարեւոր է լեզուին ստեղծարար յատկութիւնը ետ վերադարձնել։ Առայժմ անդունդ մը կայ մեր պատկերացումներուն եւ ներկայիս գործադրուածներուն միջեւ։
Մ.Տ.- Արեւմտահայերէն դասաւանդող ուսուցիչներու թիւը նուազ է։ Օգտագործուած կանոններն ալ հին եւ ժամանակավրէպ։ Այս մասին ի՞նչ կրնանք ընել։
Ա.Կ.- Ամենաշատ այս նիւթին հետ հետաքրքրուած եմ։ «Լեզուն կը կորսնցունենք» մտահոգութիւնը հետզհետէ խուճապի, լեզուի զօրութեան նկատմամբ վստահութեան կորուստի եւ յոռետեսութեան կը տանի։ Ամէն ինչ ընելու մարմաջին մէջ մշակոյթի ճամպրուկը հետզհետէ կը փոքրանայ։ Լեզուին կենսունակութիւնը կարեւոր է։ Օրինակի համար երախային տարիքին համապատասխան համաշխարհային նիւթ մը պիտի խօսիս։ Այդ նիւթին պահանջած բառամթերքը պիտի որոնես։ Պէտք է հայերէնը դասապահի լեզու ըլլալէ դադրեցնել եւ առօրեայ կեանքին մէջ օգտագործուող լեզուի մը վերածել։ Մտածումի լեզուի մը պէտք է վերածենք, ինչ որ դժուար է։ Նպատակը պէտք չէ բառեր սորվելով սահմանել։ Վերացական բառերը, հասկացողութիւնները պէտք է սորվինք որ լեզուն գիտական լեզուի վերածուի։ Նոյնքան կարեւոր է խաղի լեզուն։ Փարիզի մէջ 26 տարի առաջ «Մկնիկ» անունով աշխատանոց մը հիմնեցինք։ Ուզեցինք որ տղաք հոն ցանկութիւնով գան եւ իրարու միջեւ հայերէն խօսին։ Սկիզբը հայախօս ընտանիքներու ֆրանսական դպրոց յաճախող երախաները եկան։ Եթէ տղան տուեալ լեզուն գործածելու մէջ իմաստ մը չի տեսներ բնականաբար կը հրաժարի այդ լեզուն գործածելէ։ Թուղթով-մատիտով հայերէն սորվիլ չառաջարկեցինք։ Նախապատուութիւն տուինք հայերէն խաղալու։ «Մկնիկ»ը այդ տղոց շաբաթավերջի ապրելակերպը դարձաւ։ Այդ աշխատանոցներու առաջին եւ երկրորդ սերունդները այսօր համալսարանաւարտ աշխատունակ մարդիկ են եւ իրենց միջեւ կը շարունակեն հայախօսութիւնը։ Այսօր անոնք են որ կը շարունակեն «Մկնիկ»ը։ Միաժամանակ համաշխարհայնացան։ «Գոլեքտիֆ Մեծ Պազար» երաժշտական խումբի երիտասարդներէն մէկ մասը «Մկնիկ»ի սաներն են։ Խուսափեցանք ներհամայնքային կղզիացումէ։ Բոլորին բաց եղանք եւ համաշխարհայնացանք։
Մ.Տ.- Ո՞րն է հիմնական նպատակը, «ամէն մարդ քիչ մը հայերէն խօսի» թէ ոչ մշակութային արտադրութիւնը խրախուսել։
Ա.Կ.- Նպատակը լեզուն ստեղծագործող տարր մը ըլլալով զարգացնել է։ Ես Իսթանպուլ մեծցած եմ։ Հայերէնը դասապահի լեզուն էր։ Եթէ տունը չխօսէինք ձանձրացուցիչ կրնար թուիլ։ Բարեբախտութիւն է որ հայերէն խօսիլը սիրող տան մը մէջ մեծցայ։ Լեզուաբանութիւն ուսանեցայ, այս մասին խորհուրդներ ունեցայ, զաւկիս հայախօսութեան մասին հոգեր ունեցայ եւ հասկցայ որ ցանկութիւնը որքան կարեւոր է։ Միայն լեզուն խնայելու, պահպանելու մարմաջով տեղ մը չենք հասնիր։ Լեզուն բախտ մըն է, յաւելեալ դուռ մը եւս բանալիք բանալի, հարստութիւն մը։ Յիշենք որ մայրերը լեզուն չեն սորվեցներ իրենց երախաներուն, այլ այդ լեզուով կ՚ապրին։
Մ.Տ.-Որպէս վերջին հարցում կ՚ուզեմ Հալէպը հարցնել։ Այդ քաղաքին մէջ արեւմտահայերէնը ոչ միայն կը խօսուէր, այլ կ՚արտադրուէր նաեւ։ Պատերազմի պայմանները ինչպէ՞ս պիտի ազդեն լեզուին։
Ա.Կ.- Սուրիոյ հայերը կը ցրուին դէպի Լիբանան, Եւրոպա եւ Հայաստան։ Հայաստանի մէջ արեւելահայերէնի գերակշռութիւնը անխուսափելի է։ Տղաք պիտի մերձենան իրենց տարեկիցներու լեզուին։ Հայաստանի պետութիւնը պէտք է այս մասին յատուկ աշխատութիւններ տանի։ Արեւմտահայերէնի Հայաստանի մէջ ուսուցման եւ գործածման համար շրջանային կառոյցները նախայարձակ դիրք ունենալու են։