ՎԱՀԱԳՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Մեծ երկիրներ, կայսերական նախարարութիւններ, միլիարդներով զինուած համալսարաններ եւ կաճառներ, բարձր ամսականներով գիտնականներ, անոնց կողքին լեզուական տեսչութիւն եւ տեսչութեան օրէնքները պարտադրող ոստիկանութիւն։ Այսպէս բախտ մը չունեցաւ հայերէնը։ Հայերէնը, մանաւանդ արեւմտահայերէնը, մարդոց, անհատներու, մայրերու, տէր հայրերու, առանց ընթերցողի գրողներու, առանց աշակերտի ուսուցիչներու, եւ ընթերցասէր աշխատաւոր, բանուոր ու հողագործներու լեզուն է։
Արեւմտահայերէնով վէպերուն քանակը չափաւոր է, արեւմտահայերէն գրողներուն թիւը սակաւ է, արեւմտահայերէն թերթերը քանի՞ հատ են որ։ Արեւմտահայերէն թերթի խմբագիրներուն թիւը քանի՞ հատ է ճիշդ, 10-ը կ'անցնի՞։
Արեւմտահայերէնին այսպէս բախտ մը վիճակուած է։ Արեւմտահայերէնին չէ վիճակուած պատկանիլ անթիւ ու անհամար հրատարակութիւններուն, նոպելեան մրցանակակիրներուն, պալատներուն, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան։ Արեւմտահայերէնին չէ վիճակուած ըլլալ համացանցի տարածուն լեզուներէն մէկը, ունենալ ելեկտրոնային զարգացած բառարաններ, ունենալ ինքնասրբագրիչներ, ունենալ ամէնէն զարգացած ճարտարարուեստը։
Բայց արեւմտահայերէնը հսկաներու ուսերուն վրայ է որ կը կրուի։ Հսկաներն են որ այս լեզուն կը պեղեն, հորերու տակէն, եկեղեցիներու զարդաքանդակներէն, կորսուած քարի մը տակէն, հին ձեռագիրներէն եւ փողոցը քալող մարդոց շրթներէն։ Հսկաները գիւղ առ գիւղ կը պտտին, տուն առ տուն կը մտնեն, սեղան առ սեղան կը նստին ու կը գրեն բառ մը։ Այդ բառն է որ հսկաներու լեզուով գրուած, մեզի հասած, մեր տետրակին մէջ մեր աղտոտ ձեռագիրով գրուած ու այլեւս նաեւ հեռաձայնի պաստառին վրայ տպուած մեզ կը ժպտի։ Հսկաները կ'երթան մեր փոխարէն ամէնէն հեռու ծայրերը չորս աշխարհներուն, կը բարձրանան եօթ երկինքները, կը գտնեն այդ մէկ հատիկ տառը, մէկ տառը որ պահուած է գանձ որպէս, ու կը բերեն, մեր գրասեղանին կը դնեն ու մենք կը համտեսենք արեւմտահայերէնին արեւահամ բառը։
Մեր գրողը, մեր խմբագիրը, մեր մատենագէտը, մեր պատմաբանը եւ աշխարհագրագէտը, մշակութաբանը։ Մէկ խօսքով, մեր բանասէրը։ Չէ՞ որ մենք բանասիրական ազգ ենք։ Իսկական ազգ չենք որ մենք։ Մենք մեր լեզուին մէջ կ'ապրինք։ Մի՚ նայիք հիմա նօսրացած, բարակցած, նիհարած ու գրեթէ չկանք։ Մեր հսկաները մեր լեզուն միշտ բարձր պիտի պահեն։ Մենք պիտի քալենք այդ ճանապարհէն, պիտի նստինք մեր լեզուին նման մեր հսկաներու ուսերուն, ու անոնք բոլոր ճահիճներուն վրայէն պիտի տանին մեզի։
Հսկաները կը տապալին սակայն։ Օր կու գայ հսկան կ'ըսէ թէ ինք կ'երթայ։ Մենք անշուշտ որբ կը մնանք հսկային բացակայութեան։ Մենք եւ մեր լեզուն իրարու հետ որբ ենք առանց մեր հսկաներուն։ Բայց կը մնայ բառդ, Պարո՛ն։ Բառերուդ հետ ոչ մենք, ոչ ալ մեր լեզուն մինակ չենք մնար։ Կը մնայ յիշատակդ, ու կը մնաս որպէս հսկայ, ու մենք ուսերուդ վրայ։