1996-ի Զատկի օր մըն էր, երբ պոլսահայ մամուլի ասպարէզին մուտք գործեց «Ակօս», իբրեւ աննախադէպ փորձ մը, որպէս թրքալեզու հայթերթ։ Սա պահուն նշանակութիւն չունի այդ աննախադէպի պատճառած վերապահութեան եւ տարակուսանքին մասին խօսիլ։ Որոշ չափով հասկնալի էր այդ վերապահութիւնը, որքան ալ տրամաբանութենէ հեռու ըլլային նման գործընթացի մը անպատեհութեան մասին առաջարկուած պատճառաբանութիւնները։
1996-ի Զատկի օր մըն էր, երբ պոլսահայ մամուլի ասպարէզին մուտք գործեց «Ակօս», իբրեւ աննախադէպ փորձ մը, որպէս թրքալեզու հայթերթ։ Սա պահուն նշանակութիւն չունի այդ աննախադէպի պատճառած վերապահութեան եւ տարակուսանքին մասին խօսիլ։ Որոշ չափով հասկնալի էր այդ վերապահութիւնը, որքան ալ տրամաբանութենէ հեռու ըլլային նման գործընթացի մը անպատեհութեան մասին առաջարկուած պատճառաբանութիւնները։
«Ակօս»ի հրատարակուած ժամանակներուն խիստ կարեւոր էր մեր կարգ մը դժուարութիւններուն երկրի մտաւորականութեան կողմէ գիտակցումը։ «Ակօս» այս էր որ պիտի ապահովէր։ Անցնող ժամանակը արդարացուց մեզ եւ «Ակօս» շատ կարեւոր իրողութիւն մը դարձաւ պոլսահայ կեանքի համար։ Երբ «Ակօս»ի հիմնադիր Հրանդ Տինք այս յանդուգն քայլին կը ձեռնարկէր, իր անմիջական զօրակիցներէն մէկն ալ Սարգիս Սերովբեանն էր։ Ան աւելի ետք պիտի դառնար «Ակօս»ի ամենասիրուած անդամներէն մէկը, բոլորին ծանօթ «Պարոն Սերովբեան»ը։ Սարգիս «Ակօս»ին մէջ կը յիշուի որպէս թերթիս հայերէն էջերու աւագ խմբագիր, բայց գործնականապէս ան կը խորհրդանշէր շատ ու շատ աւելին։ Առանց Սերովբեանի կարելի չէր «Ակօս» մը երեւակայել։ Իսկ հիմա այդ անկարելին դարձած է դառն իրողութիւն եւ «Ակօս»ի ամբողջ կազմը կը փորձէ գլուխ ելլել Սերովբեանի բացակայութեան պատճառած անդունդին հետ։ Ցաւալի է որ այդ պայքարին մէջ դատապարտուած ենք պարտութեան։ Մենք պիտի չյաջողինք Սերովբեանի կատարածը վերարտադրելու թերթի սիւնակներուն մէջ։ Ի վերջոյ ան եթէ գրէր լոկ քրիստոնէական բարքերու մասին, հաստատ որ իր կողքին կ՚ունենար զօրակցողներու լուրջ զանգուած մը։ Բայց ո՞վ ինչ ընէր հին հայոց կրօնքները, ժողովրդական մշակոյթը, բանահիւսութիւնը եւ այլ նիւթերը, որոնք Սերովբեանին անմիջական զբաղմունքի դաշտը կը կազմէին։ Այո՛, Սերովբեան իր բոլոր ուշադրութիւնը սեւեռած էր հալածուած, արհամարհուած, անտեսուած մշակոյթի մը, մեր ծագումնաբանութեան ոդիսականին։
Հայկ Նահապետէն այս կողմ հայոց բոլոր հաւատալիքները, հեթանոսական ծիսակատարութիւնը, չաստուածները, քուրմերը եւ այդ բոլորով հիւսուած աւանդազրոյցները, առասպելները, ժողովուրդական հէքեաթները, հետզհետէ պատմական բանահիւսութիւնը, միջնադարեան հայրէնները, աշուղական գրականութիւնը եւ այնտեղէն ալ դէպի դասական եւ արդի գրականութեան երկարող հետաքրքրութիւն մը ունէր Սարգիս Սերովբեան։
Լոկ մշակութային դրդումներով գոյացած այդ հետաքրքրութիւնը հասկնալու դժուարացողներ յիմարօրէն զինք հեթանոս կարծեցին։ Մինչդեռ Սերովբեան բարի հաւատացեալ մըն էր, պայմանաւ որ ձեւական հաւատացեալներ չփորձեն իր հաւատքը քննարկման նիւթ դարձնել։
Ի վերջոյ Թեքէյեանի նկարագրած «Եկեղեցին Հայկական»ը սիրել ու իւրացնել ուրիշ բան է, իբրեւ թէ այդ եկեղեցիի ներկայացուցիչ յայտնուող ոեւէ հոգեւորականի նկատմամբ համակրանքը՝ ուրիշ բան։
Սերովբեան, իբրեւ կեանքի փորձառութիւն ապրած մարդ, գիտէր լաւն ու վատ մարդը զանազանել, անոնց քաղաքական գործիչ, ակադեմականի, հոգեւորական, պաշտօնեայ կամ բանուորի տարազին։
Սա պահուն, երբ զրկուած ենք ու կարօտը կ՚ապրինք իր մտերմութեան, կը մխիթարուինք այն իրողութիւնով, որ Սարգիս Սերովբեան յաջողած է իր հեղինակութիւնը յստակացնել ժողովուրդի լայն խաւի մը համար։ Եւ ոչ միայն հայ ժողովուրդի լայն խաւի մը, այլ երկրի բոլոր ժողովուրդներուն բանիմաց հատուածին։
Երանութեամբ կը յիշենք զինք…
Մեր նոր ժամանակներուն, Կիւմրիի երկրաշարժէն, Հրանդի սպանութենէն ետք այս երրորդ Զատիկն է, որ կը հրաժարինք ձու ներկելէ։ Այս դառն հոգեբանութիւնը կը փառատենք Զատկի ներշնչումով՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։ Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»