Լուսինն ալ պաշտամունքի առարկայ

Ըստ Մովսէս Խորենացիի աւանդական «Պատմութիւն Հայոց»ի, Պարթեւներու Արշակունի Թագաւոր Արշակ Մեծի կրտսեր եղբայրը՝ Վաղարշակ, իր եղբօր կողմէ բազմեցուած Հայաստանի գահին վրայ, աւելի քան 30 տարի տեւած իշխանութեան ընթացքին իրականացուցած էր բազում վարչական քաղաքական, ռազմային, տնտեսական ու մշակութային բարենորոգումներ։

ՍԱՐԳԻՍ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ

Ըստ Մովսէս Խորենացիի աւանդական «Պատմութիւն Հայոց»ի, Պարթեւներու Արշակունի Թագաւոր Արշակ Մեծի կրտսեր եղբայրը՝ Վաղարշակ, իր եղբօր կողմէ բազմեցուած Հայաստանի գահին վրայ, աւելի քան 30 տարի տեւած իշխանութեան ընթացքին իրականացուցած էր բազում վարչական քաղաքական, ռազմային, տնտեսական ու մշակութային բարենորոգումներ։

Հայ Արշակունեաց իշխանութեան (ՆՔ. Բ. դար) հիմնադիր Վաղարշակ թագաւորը, որ նաեւ հիմներ է Վաղարշակակերտ (Ալաշկերտ) քաղաքը, ըստ Պատմահօր, գանգատեր է իր երէց եղբօր՝ Արշակի, որ Հայեր ո՛չ մեհեան ունին եւ ո՛չ ալ կուռք, եւ առաջին առթիւ կանգնեցուցեր է Արեգակի ու Լուսնի անդրիները՝ Արմաւիրի մէջ։

Այսուհանդերձ, հոգ չէ թէ առանց արձաններու, արդէն գիտենք որ շատ աւելի հին շրջաններէն Հայաստանի մէջ կը պաշտուէին Արեւն ու Լուսինը եւ Արեգակի պաշտամունքին արդէն իսկ անդրադարձանք «Ակօս»ի նախորդ թիւով։ Գալով վերոյիշեալ անդրիներէն Արեւի արձանին, եթէ պարսկաց Արեգակի ներկայացուցիչ Միհրի ձեւը տրուած էր, մեծ հաւանականութեամբ Լուսնի անդրիին ալ տրուած էր փռիւգական գդակով երիտասարդի մը ձեւը։

Լուսինը Աւեստայի մէջ պարսկերէն «Մահ» անուանուած է։ Ծանօթ է որ Աւեստա իրանական ժողովուրդներու նախաիսլամական կրօնքը հանդիսացող զրադաշտականութեան «Սուրբ» գիրքն է։ Իսկ պարսկերէն մահ բառը, բացի լուսինէ, նաեւ կը նշանակէ լուսնական շրջան կամ ամիս։ Այդ բառին նուազականը՝ մահիկ մուտք գործած էր հայերէնի մէջ եւ տարւոյն ամիսներէն մին կը կոչուէր Մեհեկան կամ Մեհեկի, որ նուիրուած էր լուսնին։ Գուցէ լուսնի պաշտման տեղւոյն ալ տրուած էր մեհեան անունը, որ ապա ընդհանրանալով դարձած էր բոլոր կռապաշտական տաճարներու անուն։

Լուսինը թէեւ արեգակին չափ մեծ ու հզօր օգուտներ չէր տար մարդոց, սակայն առաւելութիւններ ալ ունէր, ինչպէս, օրինակ՝ մթութեան մէջ ծովու կամ ցամաքի վրայ ճանապարհ ցոյց կու տար մոլորուածներուն։

Թէ ինչ տեսք ունէր հայերու պաշտած լուսինը, մեզի անյայտ է։ Թէեւ Լուսինը Արեւուն չափ հզօր չ՚երեւիր, բայց անոր պաշտամունքը գուցէ աւելի հին է եւ լուսնապաշտ քաղդէականութեան ժամանակակից, քանի որ Ս. Գրքի մեկնիչներու կարծիքով մեր ազգի կամ երկրի անունը ըստ օտարներու՝ Ար-մենի կամ Ար-միննի, եբրայեցերէն կը նշանակէ «Լուսնի լեռ», կարծես հայերը լերան վրայ լուսնի դիտորդ գուշակներ ըլլային ինչպէս քաղդէացիները։

Գալով լուսնի եւ արեգակի սեռային յատկութեանց, արեւը ընդհանրապէս աղջիկ եղած է մեր դիցաբանութեան մէջ, իսկ լուսնիը տղայ։ Ժողովրդական առասպելները շատ ու շատ են լուսնի եւ արեւի քոյր-եղբայրութեան մասին։ Մեծ մասամբ արեւը քոյր կ՚ըլլայ այս առասպելներուն մէջ եւ լուսինը եղբայր։ Ահա այդ աւանդութիւններէն օրինակներ.-

***

Լուսինը անհամբեր երախայ մըն է եղեր։ Օր մը, երբ մայրը խմոր կը շաղուէր, լալով կու գայ, մօրմէն հաց կ՚ուզէ։ Մայրը բարկութեամբ խմորոտ ձեռքով կ՚ապտակէ Լուսնին ու կ՚անիծէ, որ երբեք չկշտանայ։ Ապտակի սաստկութենէն Լուսին կը թռչի երկինք, դէմքին խմորի կտորներով։ Երբ Լուսինը կուշտ ըլլայ պայծառ կը փայլի երկնքի վրայ, իսկ երբ անօթի է, կը խաւարի։

***

Արեւն ու Լուսինը իրենց հօր՝ Աստուծոյ հրամանաւ կը պարտաւորուին գիշեր- ցերեկ հերթով հսկել աշխարհին։ Բայց քոյր-եղբայր վիճակ կը քաշեն թէ ո՛վ գիշերը պիտի հսկէ, ո՛վ ցերեկը։ Վիճակը կ՚իյնայ քրոջը՝ Արեւին, ու կը սկսին վիճաբանիլ։ Աղմուկին վրայ կը հասնի հայրը ու երբ կը լսէ պատճառը, կը նախատէ Լուսնին ու կը հրամայէ, որ ան գիշերները հսկէ։ Լուսինը յանձն կ՚առնէ կատարել իր հօր կամքը։ Ապա Աստուած կը դիմէ աղջկան՝ Արեւին, առաջարկելով ցերեկները հսկել։ Արեւը կ՚առարկէ, ըսելով որ ինք իր աղջիկ վիճակով կ՚ամչնայ ցերեկ օրով մարդոց աչքին երեւալ։

— Այդ պարագային, կ՚ըսէ հայրը, ձեռքերուդ մէջ մէկ-մէկ խուրձ ասեղ բռնէ, ո՛վ որ համարձակի քեզ նայիլ, ասեղներով աչքերը ծակէ։

Արեւը կ՚ընդունի հօր առաջարկը եւ այդ օրէն սկսեալ հօրը կամքը կը կատարէ։

 

Մոլորակները

Ընդհանրապէս աստղերու կամ աւելի ճիշդ՝ մոլորակներու մասին մեր խօսքերը եթէ հետեւցնենք արեգակի եւ լուսնի այլաբանական նմանութիւններէ, ապա աստղերը պէտք է նմանցնել հրեշտակներու, որոնք եւս, ինչպէս աստղերը, կ՚ըլլան չար ու բարի։ Ամէն մարդ աշխարհ կու գայ աստղի մը տակ, որը նաեւ իր բախն է։ Եթէ մարդու մը աստղը բարի է, ան բախտաւոր է, իսկ եթէ չար է՝ դժբախտ։

Աստղերը երկնքի կանթեղներն են, որոնք խումբ խումբ կախուած են երկինքէն ու որպէս լուսատու ջահեր, լոյս կու տան աշխարհին։ Անսիւն ու անգերան երկնային տաճարէն, առանց պարանի կախուած այդ ջահերը առանց ձէթի լոյս կու տան աշխարհին։ Երկնքի աստղերուն մէջ սակայն հիներուն աւելի ծանօթ էին եօթը մոլորակները, որոնց նուիրուած էին շաբթուան օրերը։ Անոնցմէ երկուքը՝ Արեւն ու Լուսինը արդէն ճանչցանք, իսկ միւսներն էին Գիշերավարը, Այգաստղը կամ Լուսաբերը, Կարմիր աստղը կամ Նետ լուսնին։ Վերջերս այդ մոլորակներուն տրուեցան Փայլածու, Արուսեակ, Հրատ, Լուսնթագ եւ Երեւակ անունները։

Սկիզբէն Արեւն ու Լուսինը եւս միւս հինգ մոլորակներուն նման կը համարուէին երկրիս շուրջ դարձող մոլորակներ եւ ամէն մէկը կը ներկայացնէին հին ժամանակներու պաշտելի չաստուածները, ինչպէս օրինակ, Փայլածուն կը ներկայացնէր հողը, Արուսեակը՝ ջուրը, Հրատը՝ օդը, Լուսնթագը՝ մտային կարողութիւնները, Երեւակը՝ հուրը։

Ըստ Անանիա Շիրակացիի, Լուսնթագն ու Արուսեակը բարերար համարուած էին, Երեւակն ու Հրատն ալ՝ չար, իսկ Փայլածուն՝ անորոշ, կամ «հասարակաց բնութիւն»։

(Յառաջիկայ շաբաթ՝ Երկնքի Աստղերը)