Արցախահայութեան վերադարձին նուիրուած համաժողով

«Համերգ յանուն Հայաստանի մէջ խաղաղութեան» միութիւնը Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ կազմակերպեց համաժողով մը՝ «Հայ ժողո­վուրդը եւ իր հո­ղերը վե­րադառ­նա­լու իրաւունքը» նիւ­թով։ 

Ֆրան­սա-Հա­յաս­տան բա­րեկա­մու­թեան խումբի ան դամ, ծե­րակու­տա­կան Մա­րի-Տօ Էշ­լի­ման յայ­տա­րարեց, որ գա­ղափա­րը Ար­ցա­խը բա­նավէ­ճի առար­կայ դարձնելն է։ 

Հա­մաժո­ղովին ըն­թացքին քննար­կուեցան Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի հա­յերու «ապա­հով վե­րադար­ձի իրա­ւունքը» եւ «Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի ճա­նաչու­մը», եւ թէ «Ծե­րակոյ­տը ինչպէ՞ս կրնայ հա­յերուն հետ միասին աջակ­ցիլ այս շար­ժումին», յայ­տա­րարեց Էշ­լի­ման:

Ֆրան­սա­յի Ծե­րակոյ­տը նա­խորդ տա­րուան Սեպ­տեմբեր ամ­սուն, Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի մէջ Ատրպէյ­ճա­նի ռազ­մա­կան յար­ձա­կու­մը դա­տապար­տող եւ Ատրպէյ­ճանցի պաշ­տօ­նատար­նե­րու դէմ եւ­րո­պական մա­կար­դա­կով պատ­ժա­միջոց­նե­րու դրու­թիւն սահ­մա­նելու մասին բա­նաձեւ մը ըն­դունած էր։